«Հայոց Ներդրումը Օսմանեան Կայսրութեան»։ Այս խորագրով կը ներկայանայ Յասմիկ Ստեփանեանի ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, որ հրատարակուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի կողմէ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի մեկենասութեամբ։
բագրատ էսդուգեան
Իսկապէս բովանդակալից հատոր մըն է այս, որու էջերու մէջ կը տողանցեն զանազան մարզերէ ներս շատ կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած հայ երեւելիներ։ Եթէ պահ մը նկատի ունենանք ազգային պետութեան կարծրատիպով հիմնուած այժմու Թուրքիոյ Հանրապետութեան թուրք չեղող ամէն ինչ ուրանալու, ժխտելու, անտեսելու քաղաքականութիւնը, Յասմիկ Ստեփանեանի աշխատութիւնը այդ քաղաքականութեան դէմ յանդուգն պատասխան մըն է։ Անշուշտ որ առաջինը չէ այս մարզէն ներս։ Անմիջապէս կարելի է յիշել Բարս Թուղլաճըի այս նիւթի շուրջ զանազան գործերը եւ յատկապէս ալ հինգ հատորով «Արեւմտահայերը» աշխատութիւնը։ Բացի այդ Արսէն Եարման գրի առած էր հայ բժիշկներու, դեղագործներու եւ այլ առողջական ասպարէզի ծառայողներու Օսմանեան պետութենէ ներս ունեցած ներդրումը։ Դեռ ուրիշներ ալ զանազան հրատարակութիւններով փառաբանած են հայ նկարիչներու, թատերագիրներու, դերասաններու, լուսանկարիչներու, երգահաններու, ճարտարապետներու, գիտնականներու Օսմանեան երկրի զարգացման եւ բարգաւաճման համար մատուցած ծառայութիւնը։
Սակայն այս բոլորին մէջ յաճախ կը նկատուի տարրական սխալ մը, որ ծնունդ կ՚առնէ ազգային պետութեան թելադրած ընկալումներով բազմազգի կայսրութիւնը մեկնաբանելու թերութենէն։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ հայ կամ այլազգի գործիչներու աշխատութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ նուիրեալ ծառայութիւն։ Կ՚անտեսուի այն հանգամանքը, ուր վերոնշեալ մարդիկ Օսմանեան կայսրութեան պայմաններու մէջ երբեւիցէ օտարներ չէին ինչ որ աւելի ետք պիտի կարծուի ազգային պատմութեան տեսանկիւնով։ Անոնք ամէն մէկը իր մասնագիտութեան սահմաններով կը ծառայէին իրենց հարազատ երկրին, այլ ո՛չ թէ բարիք կը շնորհէին օտար երկրի կամ պետութեան։
Որքան ատեն որ պետութիւնը չէր ուրանար իր իշխած ժողովուրդներու ազգային ինքնութիւնը, այդ ժողովուրդներու զաւակներն ալ ամբողջ Օսմանեան երկիրը ու պետութիւնը ինքնաբերաբար կը համարէին իրենց հարազատը։ Որովհետեւ երկիրը իր կոչումն ալ պահած էր։ Հայաստանը «Արեւելեան Անատոլու», Քիւրտիստանը «Հարաւ Արեւելեան Անատոլու», Լազիստանը «Արեւելեան Սեւ Ծով» կոչելը արդի ժամանակներու եւ ազգային պետութեան ուրացման բառապաշարն են։
Սակայն ինչ որ վերեւ ալ ըսինք, այս բնական երեւոյթը անտեսելու պահուն եղած ամէն աշխատանք կը դիտուի որպէս օտարին մատուցուած բարիք։ Այդ հասակացողութեան հետեւանքներն են «հաւատարիմ ազգ», «հանդուրժողականութիւն» եւ նման վիճելի բացատրութիւնները։
Յասմիկ Ստեփանեանի ուսումնասիրութիւնը իր խորագրով կը յուշէ վերեւ յիշուած մտորումները։ Բայց կ՚արժէ հաստատել որ ամբողջական աշխատութիւն մը կար մեր սեղանին վրայ, որու ընթերցողը դեռ առաջին բաժնին մէջ անմիջական կերպով պիտի ծանօթանայ Օսմանեան կայսրութեան եւ տաճկահայերու պատմութեան։ Մակերեսային եւ համառօտ ակնարկ մըն է այս, քանի որ 360 թուականով սկսող բաժինը շուտով կը հասնի ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, ուրկէ կը ծաւալի ամբողջ հատորը։ Այս թուականին հայատառ թրքերէն գրականութեան մէջ հեղինակը կը որոնէ ազգային զարթօնքը։
Երկրորդ բաժնին մէջ Յասմիկ Ստեփանեան կ՚ուսումնասիրէ Օսմանեան երկրի տնտեսական համակարգը, նիւթ ունենալով հողագործութիւնը, ծխախոտի մշակումը, շերամաբուծութիւնը եւ հանքի արտադրութիւնը։
Երրորդ բաժնի մէջ կը քննարկուի քափիթալիզմի Օսմանեան կայսրութեան մուտքը։ Այս բաժինը միեւնոյն ժամանակ բացատրականն է մինչեւ օրս պոլսահայ համայնքէ ներս լումայափոխներու իշխանութեան։ Արդարեւ միջազգային առեւտուրի ծիրէն ներս շատ կարեւոր զարգացում արձանագրած հայ եւ յոյն վաճառականութեան կարիքները կը պահանջէին արդի դրամատնային համակարգի մը հաստատումը, որուն պիտի յաջորդէր նաեւ ապահովագրութեան համակարգի հիմնադրութիւնը։
Այս բոլորը կը պահանջէին պալատէ ներս նոր վարչակարգերու հաստատում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացում, դեսպանական եւ հիւպատոսական անձնակազմեր եւ այդ բոլորին վերեւ ալ իրաւագիտական համակարգ մը։ Ահաւասիկ չորրորդ բաժնի մէջ բոլոր այս մարզերէ ներս կարեւոր դերակատարութիւններ ստանձնած հայ գործիչները կը ծանօթացուին ընթերցողին։
Ժամանակի հրամայականին ընդառաջելով կարեւոր յառաջընթաց արձանագրելու ստիպուած էր նաեւ Օսմանեան բանակը։ Անկարելի էր աւանդական զօրամասերով համակերպիլ համաշխարհային նոր ռազմավարութիւններուն։ Զինաշինութիւնը կը պահանջէր յատուկ ճարտարագիտական աւանդ, որ դարձեալ պիտի արդարանար հայ արհեստաւորներու ձեռքով։ Բայց ափսոս որ Օսմանեան բանակի մէջ հայ մեծաւորներու ստացած կոչումները միայն խորհրդանշական էին եւ ազդեցութիւն չունէին բանակի մարտնչող միաւորումներու վրայ։ Անխուսափելի էր այս երեւոյթը մանաւանդ իսլամ կրօնի թելադրած սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութեան մէջ։
Հեղինակը յատուկ բաժին մը շնորհած է Եգիպտոսի հայերուն։ Ինչպէս ծանօթ է Հիւսիս Ափրիկեան այս երկիրն ալ ամբողջ միջին արեւելքի հետ միասին, մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ հոն ալ բազմաթիւ հայեր կը ծառայէին Բարձր. Դրան հաշւոյն։
Յաջորդող եօթերորդ բաժինը ձօնուած է բժշկագիտութեան։ Իսկ ութերորդ բաժնին մէջ կը քննարկուին ճարտարապետութիւնը, տպագրութիւնը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, արհեստները, նկարչութիւնը, լուսանկարչութիւնը, մարմնամարզութիւնը եւ հասարակութեան ընկերային յարաբերութիւնները համակարգող զանազան միութիւններ, բարեսիրական հաստատութիւններ եւ այլ կառոյցներ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան գիրով ողջունուած այս հատորը անկասկած թրքերէն ընթերցողին համար բաւական լուսաւոր պատուհան մը կը դառնայ եւ գետին կը հարթէ նոր ուսումնասիրութիւններու։