Հակառակ ուղղուած սլաքը

Sեսութեան մը համաձայն բաղդատական գրականութիւն կոչեալ գրական կրթութիւնը առաջին անգամ 1930-ական թուականներուն Իսթանպուլի մէջ յայտնուած է։ Ռումանագէտ Լէօ Սփիթցերի Հիթլերի իշխանութեան շրջանին, խումբ մը այլ հրեայ պաշտօնակիցներով Թուրքիա ապաստանելով Իսթանպուլ համալսարանէ ներս աշխատիլը այս նիւթի սկզբնակէտը կը համարուի։

մուրատ ճանքարա

Սփիթցեր աւելի ետք իր պաշտօնը այլ լեզուագէտի մը՝ Էրիք Էօրպախի թողելով Ամերիկա կը մեկնի։ Էօրպախ այս համալսարանի մէջ 1936-ին կը հիմնէ «Օտար Լեզուներու Դպրոց»ը, ուր 1942-1945 թուականներուն գրի պիտի առնէր «Միմէսիս՝ Արեւմտեան Գրականութեան Մէջ Իրողութեան ներկայացումը» խորագրեալ նշանաւոր գլուխ գործոցը։ Հոմերոսէն մինչեւ Վիրճինիա Վոլֆ երկարող գրողներու փաղանգին ուսումնասիրուած գերազգային ու գերլեզուական գիրքը իրաւացիօրէն բաղդատական գրականութեան աշխատութիւններու գագաթնակէտն է։

Հետաքրքրական է որ նոյն տարեթիւին, նոյն համալսարանի մէջ Ահմէտ Համտի Թանփընար, Սահմանադրութեան դարադարձի ի պատիւ բացուած ամպիոնին փրօֆէսօր կարգուելու համար կ՚աշխատի ԺԹ. դարու թրքական գրականութեան գիւտը ընելու։ Թէ Էօրպախ եւ թէ Թանփընար 1942-ին կը սկսին իրենց ուսումնասիրութեան, բայց խիստ ցնցիչ է իրենց աշխատութեան հակադրուածութիւնը։ Մէկը երբ թերեւս ալ կորած Եւրոպայի խորհուրդ մը գրականութեան միջոցաւ եւ աքսորավայրի պայմաններու մէջ վերակերտել կը ջանայ, միւսը լծուած է թուրքի յատուկ գրականութիւնը յայտնաբերելու։

Սահմանադրութիւնը չենք սիրած...

Թէեւ Թանփընար յաջողած է մինչեւ օրս անգերազանցելի կերպով պատմականը ընել, մենք թուրքիացիներս չենք սիրած սահմանադրութիւնը։ Ազգայնականները չեն սիրած, քանի որ Օսմանականութիւնը յիմարութիւն է, հաւասարութեան գաղափարն ալ շեղում մըն է։ Պահպանողականները չեն սիրած, քանի որ Արեւմտայնացումը դաւադրութիւն է։ Ձախակողմեանները չեն սիրած, քանի որ Արեւմտեան գաղութատիրութեան ենթարկուիլ՝ կեղեքում կը նշանակէ։ Պատմաբանը չի սիրեր, որովհետեւ ձեռագիրներէն աւելի գիրքերու, պարբերականներու, թերթերու հետ գործ ունի։ Գրականագէտը (ոչ թէ գրողը, այլ քննադատը, ակադեմականը) չի սիրեր, վասնզի իր պատրաստութիւնը, օգտագործած բառամթերքը այնքան ալ չի պատշաճիր պարզունակ, չափազանցութիւններով լի, անհաւատալի պատահականութիւններով հիւսուած խեղճութեան մասին խօսելու։ Ուսանողն ալ չի սիրեր, վերջապէս ուսանողը ի՞նչ սիրեր է որ այս մէկը սիրէր։ Վերջապէս թուրքիոյ մէջ պատմութեան, գրականութեան, գրականութեան պատմութեան մասին կը խօսինք նախ ԺԹ. դարը հալածելով, անգոյ համարելով։ Արեւմուտքի երկրորդական կարգի գրողներու գործերը, նոյնիսկ առանց լիարժէք հասկնալու ընթերցող այս օտարամէտ գրողներու փաղանգը ո՞ւր պիտի դասենք։ Անոնց պատկանած ժամանակահատուածը ո՞ր բառով պիտի բնութագրենք՝ «նո՞ր գրականութիւն», «արեւմտամէ՞տ գրականութիւն» կամ ի՞նչ։

Թանփընարէն 70 տարի անց

Ֆաթիհ Ալթուղ եւ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլուի միասին խմբագրած «Սահմանադրութիւն եւ Գրականութիւն՝ Օսմանեան Իսթանպուլի մէջ գրական մշակոյթ» աշխատութիւնը Թանփընարի «ԺԹ. դարու Թուրք գրականութեան պատմութիւն»ի հրատարակութենէն մօտ 70 տարի ետք, սլաքը կ՚ուղղէ հակառակ ուղղութեան։ 1930, 40-ական թուականներու թուրքիոյ հակումներուն զուգահեռ կերպով բազումը միակի վերածելու փոխարէն, կը վերագտնեն բազումը դարձեալ։ Քանզի լեզուի, այբուբենի, ազգութեամբ, կրօնով, ինքնութիւնով բազմերանգ դարու մը գրականութիւնը Թանփընար «մեզի պատկանող»ի որոնումներով մեկուսացուցած էր, որ այսօր ընդունելի, նոյնիսկ հասկնալի չէ։

Աւելի քան 600 էջերէ բաղկացող գրքին մէջ ԺԹ. դարու Իսթանպուլը արտադրուած արաբերէն, ալպաներէն, պուլղարերէն, հայերէն, պարսկերէն, քրտերէն, լատինօ, յունարէն եւ արաբական, հայկական, յունական տարրերով թրքերէն գրականութեան մասին բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կան։ Այսպէս՝ ա- Սահմանադրութեան առթած ազգային նողկանքի պատճառները ալ աւելի կը յստականան։ բ- Յետ Օսմանեան շրջանի ազգային պետութեան արդի գրականութեան յայտնութիւնը տեսանելի կը դառնայ։ Բոլոր երիտասարդ ակադեմականներուն երազած բաղդատական գրականութեան հնարաւորութիւնները կը ծագին։ գ- Օսմանեան սահմանները գերազանցելու յատկութիւն ունեցող հարցումներ կարելի կ՚ըլլան։ Ի՞նչ է կայսրութեան եւ գրականութեան շփումը։ Օսմանցիներու յատուկ հասարակական գրականութիւն մը եղա՞ծ է։ Օսմանեան ազգութիւններու միջեւ մշակութային փոխյարաբերութիւն մը կա՞ր։

Ժամանակը իր բազմաբնոյթով ընկալել

Ալթուղ եւ Ուսլուի ուսումնասիրութիւնը խառնիճաղանճ իշխանութիւններու յարաբերութեան մէջ զանազան բանակցութիւններու լոյսին տակ, այսօրուայ կարծրատիպերուն եւ արդի ազգային գրականութեան ձեւաւորուած պայմանները եւ ժամանակը ընկալելու, իմաստաւորելու համար բանալիներ կ՚ապահովէ։ Ինչպէս կը պարզուի «ԺԹ. դարու թուրք գրականութիւնը»էն, բազմերանգութիւնը անտեսելու պարագային չոր ու ցամաք մնալու դատապարտուած դաշտ մըն է այս։ Սոյն բազմերանգութիւնը անտեսելով, նոյն հանրագիտարանի մէջ թէ ալպան եւ թէ թուրք ազգայնականութեան հիմնաքարը համարուող, երկու տարբեր յօդուածի մէջ երկու տարբեր անուններով ներկայացող Շեմսէտտին Սամին (կամ Ալպանական անունով Սամի Ֆրաշէօրէն ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ