Հայ ժողովուրդը ունի եւ ունեցած է իւրայատուկ հրամայականներ։
Հայ ժողովուրդը ունի եւ ունեցած է իւրայատուկ հրամայականներ։ Բազմահազար տարիներու անցեալ ունեցող ժողովուրդը այդ պատմութեան բաւական երկար մէկ մասը բոլորեց պետականութենէ զուրկ պայմաններու տակ։ Երբ կը կազմուի ազգային յատկութիւններ, բայց կը բացակայի պետական համակարգ, ժողովուրդը տարբեր գործօններով կը լրացնէ բացակայող տարրը։ Այսպէս մեր իրողութեան մէջ պետութեան բացակայութիւնը լրացնող առաջնակարգ համակարգը եղաւ եկեղեցին։ Հայոց Առաքելական եկեղեցին իր չորս նուիրապետական աթոռներու եւ բազմաթիւ առաջնորդարաններու միջոցաւ յաջողեցաւ գոյացնել ուրոյն վարչական աստիճանակարգ մը։ Անշուշտ որ այս յարաբերութիւնը պիտի ունենար թերութիւններ, սակայն ի գին ամէն տեսակ դժուարութեան, կարելի է ըսել որ եկեղեցին յաջողեցաւ պետականութեան բացթողումը լրացնել եւ ստանձնել ազգային վարչակարգը։
Բաւականին յստակ օրինակ մը ըլլալ կը թուի ԺԹ. դարու կէսերէն սկսեալ ամբողջ հայաշխարհի տարածքին ծիլ արձակող դպրոցաշինութեան արշաւը։ Եթէ ուրիշ ժողովուրդներ այդ բանը յաջողեցուցին իրենց կառավարութիւններու միջոցաւ, հայ ժողովուրդը նոյնիսկ անոնցմէ շատ աւելի կանուխ նոյն արդիւնքին հասաւ շնորհիւ իր ազգային եկեղեցիին։ Այստեղ իբրեւ լրացուցիչ տարր եկեղեցիի կողքին էր մտաւորականութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւնները։ Այդ հասարակական կազմակերպութիւններուն իբրեւ շահեկան օրինակ յիշենք Իսթանպուլի մէջ բեռնատարութեամբ զբաղուող սեբաստացի հայ պանդուխտներու հիմնած Սենեքերիմեան ընկերութիւնը, որ 1800-ականներու կէսերուն Իսթանպուլի մէջ հանգանակութիւն կը կատարէր բնօրրանի մէջ դպրոց կառուցելու համար։
Պատահական չէ որ հայ գաղթականութիւնը իր կազմուածութիւնը ձեւաւորեց սեփական ուժերով կառուցած եկեղեցիի շուրջ։ Եկեղեցիին յաջորդեց դպրոցը եւ դպրոցին ալ այլ յարակից մարմիններ, ինչպէս ուսուցչաց խորհուրդ, թաղականութիւն, ծնողաց միութիւն կամ սանուց միութիւններ։
1915 թուին ի հիմանէ կործանուեցաւ հայրենի երկրի վրայ ձեւաւորուած այս կազմութեան փորձը։ Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս դատապարտուեցաւ տարագրութեան։ Բայց փորձը մնաց փորձ եւ այդ տարագիր հայու բեկորները փշրուած սնդիկի գունդերու նման գլորեցան ու իրար գտան եւ անգամ մը եւս, այս անգամ օտարութեան մէջ կերտեցին իրենց աւանդական կառոյցները, եկեղեցին, դպրոցը, մամուլը, միութիւնները եւ այլ յարակից մարմինները։
Ներկայ պայմաններու մէջ այդ մարմիններէն մէկն ալ հայրենակցական միութիւններն են։ Չէ որ հայ ժողովուրդը 1915-ի զարհուրելի փոթորիկի ընթացքին կորսնցուց նաեւ իր բնօրրանը, հիմա հարկ եղած էր այդ բնօրրանին մնացորդացը օտար ափերու մէջ մէկտեղել ու այսպէսով ուրոյն ունեցուածքը եւ մշակոյթը փրկել անհետացումէ։
Բոլոր այս խորհրդածութիւններուն մատնուեցանք, երբ որ մեր աշխատակազմէն եւ սեբաստահայերու հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ Գարին Պալ դէպի Հայաստան կատարած իր շրջագայութենէն վերադարձաւ, ձեռքին ունենալով Հայաստանի Հայրենակցական Միութիւններու Խորհուրդի հաստափոր հանդէս՝ «Բնօրրան»ը, որուն էջերը թղթատելով վերահասու եղանք Հայաստան երկրէ ներս գործող բազմաթիւ միութիւններու։
Մեր երիտասարդ գործընկերը Հայաստանի մէջ հանդիպած է Հայրենակցական Միութիւններու Խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Աւետիսեանին, որմէ լսած է թէ նախապէս 20-ի հասնող այս տեսակ միութիւններու թիւը այժմ նուազած է մինչեւ 5։ Անշուշտ որ դիւրին պիտի չըլլար ամբողջ դարի մը ընթացքին 3 կամ 4 սերունդներու տեւողութեամբ վառ պահել բնօրրանի պատկանելիութիւնը։ Իսկ մեր երկրի մէջ նկատի ունենալով թէ մինչեւ 1960-70-ական թուականներուն բաւական աշխոյժ համայնքային կեանք տիրած է Եոզղատ, Սեբաստիա, Կեսարիա, Մալաթիա, Եւդոկիա, Տիյարպէքիր, Կիլիկեան շրջաններ եւ այդ վայրերու մէջ, բնօրրանի պատկանելիութիւնը շատ աւելի շեշտադրուած է։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ մանաւանդ Իսթանպուլէ ներս օրըստօրէ կ՚աճին հայրենակցական միութիւնները։
Ուրեմն այս ոլորտի մէջ նոր ծաղկող պոլսահայութիւնը բաւական դասեր քաղելու է արդէն նահանջի ճանապարհը բռնած Հայաստանի եւ այլ սփիւռքի կեդրոններու հայրենակցական միութիւններուն կուտակած փորձերէն։