Ցեղասպանութիւնը՝ ՀՅԴ-ի գրառումներով

Այշէնուր եւ Ռակըպ Զարաքօլու ամոլի հիմնած «Պէլկէ» հրատարակչութիւնը ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած գիրքերու հրատարակութիւնով։

բագրատ էսդուգեան

Այշէնուր եւ Ռակըպ Զարաքօլու ամոլի հիմնած «Պէլկէ» հրատարակչութիւնը ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած գիրքերու հրատարակութիւնով։ Զարաքօլուներու ջանքերով լոյս տեսած այս գիրքերը, սոյն նիւթի շուրջ թրքերէն լեզուով ամենաբովանդակալից մատենաշարը կը կազմեն։ Դժուար չէ ենթադրել որ անոնք բաւական սուղ հատուցած են իրենց այս խիզախ կեցուածքը։ Բազմիցս դատուած են իրենց հրատարակած գիրքերուն պատճառաւ եւ դատապարտուած ծանր պատիժներ։ Այշէնուր Զարաքօլու այս փշոտ ճանապարհի վրայ իր կեանքը աւարտելէ ետք, Ռակըպ Զարաքօլու անխոնջ կերպով շարունակեց նոյն առաքելութիւնը եւ հրատարակեց ամէն մէկը իրարմէ աւելի ցնցիչ վկայութիւններ պարունակող բազմաթիւ գիրքեր։ Անուանի պատմաբաններ Վահագն Տատրեանի, Թանէր Աքչամի կամ Արա Սարաֆեանի նման հեղինակներու գործերը այս երկրի մէջ լոյս տեսան իր միջոցաւ։ Նոյնպէս Տէյվիթ Կաունդ, Իվ Թէրնոն, Արնոլտ Թոյնպի թրքերէն կարդացող ընթերցողին հասան «Պէլկէ» հրատարակչատան միջոցաւ։

Երկընտրանք մը կար Զարաքօլուներու առջեւ։ Կամ պիտի յամառէին դէպի անսխալական ու բծախնդիր խմբագրական աշխատանքի արժանացած հրատարակութիւններ, կամ ալ յանձն առնելով թարգմանութեան եւ խմբագրական որոշ թերացումներ, թափ պիտի տային բեղուն արտադրութեան։ Անոնք որդեգրեցին երկրորդ ճանապարհը եւ շատ անգամ ալ քննադատուեցան քոյր հրատարակիչներու կողմէ։

Այսօր երբ կը պատրաստուինք Մեծ եղեռնի դարադարձը նշելու, Զարաքօլուներու Պէլկէ հրատարակչատունը կը շարունակէ մեզ մատուցել կոթողային գործեր։ Լոկ այս տարուան մէջ հրատարակուած հաստափոր գիրքերն անգամ կը վկայեն այս նուիրական աշխատանքի հսկայ ծաւալը։ Դեռ քանի մը ամիսն առաջ լոյս տեսաւ Վերժինէ Սվասլըեանի «Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ աւելի քան հազար էջնոց ուսումնասիրութիւնը։ Հեղինակը «Ամբողջ կեանքիս վաստակը» անուանած էր այդ հատորը, որ նախապէս լոյս տեսած էր հայերէն ու անգլերէն թարգմանութիւններով։ Իսկ այժմ մեզի հասած է դարձեալ շատ կարեւոր պատմական փաստ մը՝ «Վշտապատում» խորագրով։ Հայաստանի Ազգային Արխիւներու տուեալներով պատրաստուած այս գիրքը կը ներկայանայ զոյգ ենթախորագիրներով։ «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Կայսրութենէ ներս եւ 1915, վերապրողներու վկայութիւններու մասին փաստաթուղթերու հաւաքածոյ»։

Թուրքիոյ քաղաքական գործիչները յաճախակի կերպով կը պնդեն, թէ Թուրքիոյ Պետական արխիւները տրամադրուած են բոլոր գիտաշխատողներու շահագործման։ Անոնք այս պնդումէն ետք կը սիրեն անմիջապէս պնդել թէ, ի տարբերութիւն այս յստակ դրութեան, հայկական կողմը փակ կը պահէ իր փաստաթղթային արխիւները։ Ահաւասիկ «Վշտապատում»ը ինքնին կու գայ ջրելու Թուրքիոյ այս պաշտօնական տեսութիւնը։ Գիրքը բացի Հայաստանի Պետական Արխիւի վկայութիւններու հաւաքածոյէն, կ՚ընդգրկէ նաեւ Ցեղասպանութեան Թանգարան եւ Ինստիտուտէ եւ Հայ Ճարտարապետներու Հետազօտման հիմնարկէն ձեռք բերուած բազմաթիւ լուսանկարներ։

Գիրքին հիմքը կը կազմէ ՀՅԴ-ի Պաքուի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ հաւաքուած եւ ի մի բերուած պատումները։ Լայնածաւալ ծրագիր մըն էր այդ մէկը, որ կը միտէր հաւաքել Կովկասեան աշխարհահատուածի տարբեր վայրեր ապաստանած հայ գաղթականներու վկայութիւնները։ Սոյն աշխատանքի ընթացքին հարց ուղղողները հետապնդած են հետեւեալ կանոնները։

Ա- Նախկին իրավիճակի հաստատումը եւ խնդրոյ առարկայ վայրի տեղադրումը։ Հայ եւ օտար բնակչութեան թիւերը եւ անոնց տէր եղած ապրանքը, ինչպէս եզերու, ոչխարներու, ցորենի պաշարները։ Բնակավայրի վանքերը, դպրոցները, մշակութային հաստատութիւնները կորսուած կամ ոչնչացուած թանկագին իրերը, ձեռագիրները եւ վերջապէս գիւղի ներկայ իրավիճակը։

Բ- Պատերազմի հռչակման ժամանակ հայոց ենթարկուած զրկանքները եւ ճնշումները։ Թուրքերու կողմէ հայոց զինուորագրուիլը, բռնագրաւումները, պարտադիր աշխատութիւնները, հայ զինուորներու բանակի մէջ իրավիճակը, դաշնակից պետութիւններու դէմ կատարուելիք լուսաբանութիւններուն համար հայ զինուորներուն վրայ գործադրուած ճնշումները։

Գ- Պատումներու ամենաբովանդակալից մասը կազմող կոտորածներու եւ աքսորի մասին հարցումներ։ Մօտեցող աղէտին նախադրեալները, գործադրման եղանակները, հրամանատարները, տեղը, զոհերու թիւը, տարբեր դասակարգային խաւերու ենթարկուած վերաբերումը, աքսորի ուղղութիւնները, բռնաբարումները, տանջանքները, կրօնափոխութեան պարտադրուիլը, աքսորի ժամանակ թուրք, քուրտ, յոյն կամ եւրոպացիներու եւ մանաւանդ գերմանացի զինուորներու դերակատարութիւնը։

Դ- Ինքնապաշտպանման խմբակներու նպատակները, պաշտպանումին երբ, ինչպէս եւ որ եղանակներով սկսիլը, կազմակերպիչներուն ինքնութիւնը, դէպքերու զարգացման եղանակը, ժամանակը, կորուստները, հետեւանքները, դիմադրողներու եւ կառավարութեան միջեւ գոյացած յարաբերութիւնները, այլ տեղացի խումբերու եւ եւրոպացիներու ինքնապաշտպանութեան նկատմամբ բռնած դիրքը։

Ե- Գաղթ եւ փախուստ։ Այս հատուածի մէջ ալ բռնագաղթին երբ եւ ինչպէս սկսիլը, որ ճամբաներով յառաջանալը, աքսորեալներու ուր, ինչ տեսակ զրկանքներով, հիւանդութիւններով, յարձակումներով զոհուիլը, փրկուածներ ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքը, եթէ իր հայրենի երկիրը վերադարձածներ կան, իրենցմէ մնացած ինչքերու վիճակը։

Ահա այս կաղապարներու շրջանակով հարցումներ ուղղուած են Վանի, Հաքքարիյի, Պիթլիսի, Սղերթի, Մուշի, Կէնճի, Էրզրումի, Թէրճանի, Խնուսի, Քղիյի, Երզնկայի, Խարբերդի, Տիյարպէքիրի, Սեբաստիոյ, Տրապիզոնի, Խոյի, Սալմաստի եւ Ուրմիոյ շրջաններէն վերապրածներուն։

Բոլոր այս հարցաքննութիւնները յստակ պատկերացում մը կու տան կատարուած մեծ ոճիրի մասին։ Գիրքի յաւելուածական բաժնի մէջ կը հանդիպինք տեղական բարբառներու եւ օտար բառերու մասին բացատրական բառարանի մը, անուններու եւ բնակավայրերու ցանկերու։ Դարձեալ ցանկի մը ձեւով ներկայացուած են նաեւ վկայութիւններու մասին փաստաթուղթերը, բազմաթիւ լուսանկարներ եւ գունաւոր քարտէսներ։

«Վշտապատում»ը թարգմանուած է Տիրան Լոքմակէօզեանի կողմէ եւ խմբագրութիւնը կատարուած Եասէմին Կէտիքի ձեռամբ։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ