Ազգապահպանման սփիւռքեան ջանքեր

Գրական մարզերու մէջ մասնագէտներու կարծիքով դժուարագոյնն է մանկական գրականութիւնը։ Այս դժուարութիւնը կը բխի պատասխանատուութեան գիտակցութենէն։ Որովհետեւ մանուկներու ուղղեալ գիրքը չափահասներու հետ բաղդատմամբ, տարբեր բնոյթի ազդեցութիւններ կը գոյացնէ մատղաշ միտքերու մէջ։

մարգար չալըքեան

Գրական մարզերու մէջ մասնագէտներու կարծիքով դժուարագոյնն է մանկական գրականութիւնը։ Այս դժուարութիւնը կը բխի պատասխանատուութեան գիտակցութենէն։ Որովհետեւ մանուկներու ուղղեալ գիրքը չափահասներու հետ բաղդատմամբ, տարբեր բնոյթի ազդեցութիւններ կը գոյացնէ մատղաշ միտքերու մէջ։ Երախայական միտքը դիւրաւ չ՚ըմբռներ փոխաբերական արտայայտութիւնները։ Ան դեռ սկիզբն է սովորելու այն ճամբորդութեան, որ պիտի շարունակէ ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ։ Հոս է որ իրար կը խառնուին մանուկներու համար գրելու նպատակները։ Անոնք պարտաւոր են ուսուցողական ըլլալու։ Սակայն անհրաժեշտ է այդ ուսումը հաճելի կերպով ներկայացնել։ Ուրեմն մանուկին ներկայացուած գիրքը թէ՛ գիտելիքներ պիտի փոխանցէ եւ թէ այդ փոխանցումը պիտի ընէ գրգռելով անոր ուշադրութիւնը ներկայացուած նիւթին հանդէպ։

Այս միտումներով պատրաստուած տրցակ մը գիրքերով ներկայացաւ Պերլինաբնակ Լերզան Ժանտիլ անուն Վարդոցի մանկավարժը։ Ժանտիլ ունի մտահոգութիւն մը եւս, որն է իր մայրենի լեզու զազայերէնի կորուստի մատնուած լեզուներու մէջ ըլլալը։ Ուստի ան այդ կորուստի դէմ պայքարելու համար կը դիմէ մանկական գրականութեան եւ քանի որ ինք կ՚ապրի Պերլինի մէջ, իր անմիջական սպառողները կը համարէ գերմանախօս զազաները։

Երկլեզու պատկերազարդ երկու գիրքեր ունէր իր թեւին տակ, որոնցմէ առաջինը կը կրէր «Որկրամոլ որդը» անունը եւ կը ներկայացուէր գունագեղ նկարներով։ Այս գիրքին մէջ Լերզան Ժանտիլի անունին քով կը կարդանք Ալան Տիլբաքի անունը, իսկ նկարազարդումները կատարուած են գերմանացի մանկավարժ Ռոզվիթա Տոյչի կողմէ։ Այս գունագեղ գիրքին հետ կը մատուցուի նաեւ նոյն գիրքի սեւ ու սպիտակ տարբերակը, որպէսզի մանուկներ կարենան իրենք ներկել նոյն նկարները։

Երկրորդ գիրքը կը կրէ «Շիլանի երազը» անունը ու կը պատմէ գերմանաբնակ ալեվի երախայի մը Նեւրոզի տօնի առթիւ իր նախնիներուն բնօրրանը այցելելու երազը։ Նոյն հեղինակներու գրի առած այս երկրորդ գրքի նկարիչն է Ռուշէն Սարըլը։

Լերզան Ժանտիլ եւ Ալան Տիլբաք միասնաբար պատրաստած են չորս գիրքերէ բաղկացած նկարազարդ բառարան մըն ալ, որ գերմաներէն ու զազայերէն անուանումներով կը ներկայացնէ անասուններու աշխարհը։ Բոլոր այս հրատարակութիւնները իրականացած են Պերլինի մէջ գործող «Զազայերէնի եւ Զազա մշակոյթի ինսդիտուտի» եւ «Քիւրտ ծնողաց միութեան» մեկենասութեամբ։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ