Քարերն ալ կը խօսին

Աւելի քան 4 հազար տարուայ բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանը:

Բագրատ էսդուգեան

2011 եւ 2012-ին դէպի պատմական Հայաստան կատարուած երկու ճամբորդութիւններու տպաւորութիւնները հատորի մը վերածուած եւ «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով» խորագիրով դրուած է մեր սեղանին վրայ։ Հեղինակը՝ Մինաս Գոճայեան նմանաբնոյթ երրորդ ուխտագնացութեան մը ընծայած առիթը օգտագործած եւ այցելած է խմբագրատունս։ Այս հանդիպումը ինքնին առիթ դարձաւ, որ մենք աւելի մօտէն ծանօթանանք արմատներով Կիլիկեցի, ծնունդով Լիբանանցի, իսկ այժմ Լոս Անճէլըսաբնակ մտաւորականի մը հետ։ Ինչպէս նախորդ անգամներ, ան այս անգամ ալ իր հետ ունի ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը եւ այդ խումբին պատմական Տոլմապահչէյի Պալատը շրջած պահուն ինք կարճատեւ բախուստ մը տուած ու այցելած է մեզ։

Այս սենեակի մէջ բաժնելու շատ բան կը գտնէ Մինաս Գոճայեան, քանի որ «Ակօս»ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան նոյնպէս բազմիցս շրջած է արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքները, յատկապէս հոն որոնելով հայ անցեալի մեր օրերուն մնացած հնութիւնները։ Առաջին ծանօթացումով կը յիշուի նաեւ նոյն ճանապարհներու այլ ուղեւորներ՝ Արմեն Արոյեան կամ Սեւան Նշանեան եւս։ Երկուքն ալ բազում ապրումներ ունեցած են այս բացակայ անուններուն հետ, որոնք յիշելով կրկին ու կրկին կը յիշատակուի հայ ժողովուրդի քաղաքաշինական, ճարտարապետական կամ ալ կարճ խօսքով ստեղծագործական եզակի յատկութիւնները։

Վաստակաւոր ուսուցիչ մըն է մեր հիւրը եւ արդէն կարճատեւ զրոյցէն կարելի կ՚ըլլայ ենթադրել իր այս յատկութիւնը։ Իրաւ ալ ասպարէզները իրենց դրոշմը կը դնեն այդ ասպարէզով զբաղողներու բնաւորութեան վրայ։ Զգոյշ դիտորդ մը կրնայ նկատել թէ իր խօսակիցը մեծ հաւանականութեամբ ուսուցիչ մըն է, բժիշկ մը մի գուցէ կամ ալ իրաւապաշտպան մը։ Կ՚երեւի այդպէս եղաւ եւ մենք ալ երբեք չզարմացանք, երբ լսեցինք մեր խօսակիցի բազմամեայ ծառայութիւնը կրթութեան ոլորտէ ներս։ Ան իր գրքին կողքի շապկին վրայ արձանագրած է ծննդեան տարեթիւն ու վայրը՝ 1946-Պէյրութ։ Ապա կը բացատրէ իր հօրենական եւ մօրենական ընտանիքին բնօրրանը։ Նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ռուբինեան Վարժարանը, իսկ երկրորդական ուսումը՝ ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանը։ Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական եւ Պատմութեան բաժինները։

Գալով իր հեղինակած ճանապարհագրութեան, մենք անվերապահօրէն կրնանք ըսել որ, այսքան վառ տողերով շարադրուած նկարագրականը ընթերցողին մօտ անխուսափելիօրէն կ՚աւելցնէ այդ վայրերը սեփական աչքերով տեսնելու անդիմադրելի ցանկութիւնը։ Մինաս Գոճայեան լոկ զբօսաշրջական ուղեցոյցի մը հեղինակը չէ։ Անոր բացատրութիւններուն մէջ անբաժան են նաեւ իր սեփական տպաւորութիւնները, պատմական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ իր մեկնաբանութիւնները։

Շատ անգամ հիացման զգացումներուն կ՚ընկերակցի ապերախտութեան կամ ուրացումի դէմ ընդվզումը։ Ան չի հանդուրժեր Կիլիկիոյ դաշտին «Չուքուրօվա» վերանուանման։ «Փոսադաշտ» կը թարգմանէ այս թրքերէնացուած անունը, որ տեղանուններու փոփոխութիւնով երկրի անցեալը մոռացութեան մատնելու թշուառ ռազմավարութիւն մըն է։ Այս բաժնի մէջ յայտնուած դիւրազգացութիւնը շատ աւելի հասկնալի կը դառնայ, քանի որ բաժնի ենթախորագիրն է «Դէպի Կիլիկիա, դէպի նախնեաց հող Չորք-Մարզպան (Տէօրթեօլ)»։ Այս աւանի մասին վկայութիւնները կը շարունակուին «պապերուս ծննդավայր նարնջաստան Չորք-Մարզպան» խորագրեալ յաջորդ բաժնի մէջ ալ։

Այս բնոյթի ուխտագնացութիւններու համար որդեգրուած ուղղութենէն կը շեղինք Մինաս Գոճայեանի առաջնորդած տարբերակով։ Ուստի այս ուղեւորութիւնը կը սկսի Իսթանպուլի Սապիհա Կէօքչէն օդանաւակայանէն դէպի Անտիոք կատարուած թռիչքով։ Առաջին կայանը կը հանդիսանայ Հանրապետական Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը՝ Վաքըֆ։ Այս գիւղը իսկապէս իմաստալից է մանաւանդ խումբին մաս կազմող Մուսա լեռցիներու համար։ Ի դէմ բազմաթիւ ժխտման կամ ուրացումի պատմութեան, իրենք ուղղակիօրէն կը շփուին այն մարդկանց հետ, որոնցմով նոյնիսկ նոյն բարբառը կ՚օգտագործեն։ Կամ ալ կը ցնցուին տեսնելով թէ իրենց համար «կորուսեալ» դարձածը վաքըֆցիներու համար առօրեայ է։ Հոգ չէ թէ Մուսա Լերան եօթը գիւղերէն այսօր մնացած ըլլայ միայն մէկ գիւղ, այդ գիւղը իր էութեամբ կը շարունակէ ռուբինեան հարստութեան կենդանի ներկայացուցիչը մնալ նաեւ մեր ժամանակներուն։

Ծառը երկարակեաց է բաղդատմամբ մարդ արարածի կեանքի տեւողութեան։ Սակայն հազար տարին ծառի մը համար ալ գերազանց երկար տեւողութիւն է, որու հետեւանքով անհամար կը դառնան անոր ձօնուած աւանդազրոյցները, առասպելները եւ նոյնիսկ յիշատակները։ Ահա այս տեսակի բնական կոթող մըն է Խըտըրպէկ գիւղի հազարամեայ սօսին, որուն զով հովանիին ներքեւ կը վերակենդանանան վերոնշեալ յիշատակները։

Սակայն նման ճանապարհորդութիւններու մէջ այս տեսակի դադարները ստիպուած են կարճատեւ ըլլալու, քանի որ դեռ պիտի այցելուին Կիլիկեան այլ շրջաններ՝ Չորք-Մարպանը, Լեւոնի Բերդը, Քոզանուած Սիսը եւ Ատանան։

Ուղեցոյցի սլաքը այժմ ցոյց կու տայ Կապադովկիոյ շրջանը, Իւրկիւպ եւ Կեսարիա։ Իսկ Կեսարիայէն վերջ դարձեալ բազմաթիւ ապրումներով հարուստ բնօրրան մը Ուլնիա կամ Զէյթուն։ Ապա 12-րդ բաժնին մէջ պիտի այցելենք Գերմանիկ-Մարաշ, որ այսօր կը յիշուի Քահրաման Մարաշ։

Մինաս Գոճայեանի խումբը կ՚ընթանայ աքսորի կարաւաններու հակառակ ուղղութեամբ։ Այսպէս Կիլիկեան երկրէն կ՚ուղղուինք դէպի հայկական բարձրավանդակ։ Եւ այստեղ ամէն աւան, ամէն բլուր, ամէն առու կը վերածուի Մեծ Եղեռնի դաժան յուշերու վերապրումի մը։ Միթէ ուրիշ կերպ կարելի է՞, երբ Սուրբ Կարապետէն մնացած միակ հետքի, փուլ եկած պատի մը սրբատաշ քարերուն մօտ գիւղացիի մը մատուցած լաւաշը ձեռիդ կը մրմնջաս Մուրատատույի աղերսուած աղօթքը՝ «Չանկլի, զիմ մուրազը տուր, զիմ սրտի սիրածը տուր»։

Այս աղերսանքով սոյն փլատակի վրայ կարելի է Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի հետ կապուած դեռ բազում երազներով տարուիլ, օրինակի համար ուխտագնացութեան թափօրները երազել, աշուղները, քէնտիրպազները, փահլեւանները պատկերացնել աչքերու առջեւ։ Բայց ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք, ժամանակը թանկ է։ Դեռ Բալահովիտ պիտի երթանք։ Բալու պիտի այցելենք։ Պիտի տեսնենք Հրանդ Տինք Հիմնադրամի այդ հրաշալի աշխատութիւնով վերանորոգուած Հաւաւի աղբիւրները։ Երկար ճամբայ ունինք մեր առջեւ։ Այն բախտաւորներն ենք, որ Արարատը հանդիպակաց կողմէն պիտի տեսնենք ու մեր թոքերուն թոյլ տուած ամենագոռ ձայնով պիտի արտասանենք «Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»։

Աւելի քան 4 հազար տարուայ բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանի խումբը եւ այս հրատարակութիւնով ալ՝ ընթերցողը։

Այդ խանդավառութիւնը կ՚երեւի բոլորս կը պարտինք հեղինակի դիւրահաղորդ գրելաոճին, որ թարգման կը հանդիսանայ համահայկական զգացումներու։

Այդ շունչով է որ կը մագլցինք այս անգամ Մարութայ սար։ Սասուն հասած ենք, Դաւթի վաթանն ենք։ Նոյնիսկ սա սուլող քամին եթէ զգոյշ լսենք, մեր ականջներուն պիտի հասնի նաեւ Ձենով Օհանի կանչը։ Մենք ալ տոգորուած ենք լսելով այդ կանչը։ Խոր մտածումներու մէջ ենք ինկած, արդեօք ո՞ր ձին մեզ շուտով կը հասցնէ Դաւթի մօտ…։

Հայ ժողովուրդի հերոսապատումները սահմանուած չեն առասպելներով։ Վարդան Մամիկոնեանի տնկած սօսիին նոյն տեղը 15 դար յետոյ սօսի տնկեց հայ ժողովուրդի մի այլ զօրավար զաւակ՝ Մարշալ Բաղրամեան։ Իսկ եթէ Միսաք Մանուշեան կամ Սողոմոն Թեհլերեան իրենց ձեռքով տնկած սօսիներ չունին հայոց հողին վրայ, ինչ փոյթ՝ հայ ժողովուրդը անոնց յիշատակին կառուցուած դպրոցներ ունի, որոնց հունձքը պիտի ըլլան մերօրեայ հերոսները։

Իբրեւ խոստովանութիւն նշենք թէ, մեր մտքի այս տեսակի թռիչքները գիրքին ներշնչումէն կը ծագի։ Հեղինակն է մեզ այս ու նման խորհուրդներու մատնողը։ Զբօսաշրջիկ բառի յուշածը այլ բան է, պատմական Հայաստանի մէջ շրջող հայ ուխտաւորի ապրումները՝ այլ բան։ Այդ տարբերակին գիտակցութեամբ է, որ Մինաս Գոճայեան նպատակադրած է իր աշխատութիւնը թարգմանել անգլերէնի եւ թրքերէնի։ Եւ այս թարգմանութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայախօսութենէ դադրած հայ ընթերցողին, այլ մայրենին թրքերէն եղող շատ աւելի հոծ հասարակութեան մը։

Բայց մենք խորհուրդ կու տանք բոլոր այն հայերուն, որոնք նախապէս չեն գտնուած արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, նախքան ճամբորդելը անպայման ընթերցեն այս գիրքը։ Նոյնիսկ բովանդակ ճամբորդութեան ընթացքին ալ ունենան իրենց մօտ, ընդմիշտ թարմացնելու համար այնտեղ յիշատակուած տեղեկութիւնները, քանի որ ինչպէս այս գրքի նախաբանի հեղինակ Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանն ալ կը վկայէ, «…այս ուխտագնացութեան հատորէն քարերն անգամ կը խօսին, ինչպէս հեղինակը, կ՚ըմբոստանան այս կացութեան դէմ, որ անփոփոխ կը մնայ արդէն շուրջ հարիւր տարի…»։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ