Արար աշխարհ իմացաւ, միայն թուրքերը չիմացան մեծմօրս վիշտը

Աշխարհի վրայ ամէն մարդ հասկցաւ այս կնոջ տառապանքը, միայն թուրքերը չհասկցան, անոնք իրենց նոր տիրացած կալուածները եւ հարստութիւնը հաշուելով զբաղած էին

 

ԱՆԻԹԱ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ, 1961-ին։ Յատուկ դասերով սկսած արուեստի ուսումը ապա շարունակեց Հայկազեան համալսարանի մէջ։ Միաժամանակ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն ներս տոքթորականը պաշտպանեց քլինիքական հոգեբանութիւն առարկայով։ Մասնակցեցաւ աւելի քան ութսուն անհատական կամ հաւաքական ցուցահանդէսներու։ Հեղինակն է Միջին Արեւելքի արուեստին ձօնուած բազմաթիւ հրատարակութիւններու։

Շիրմաքարին վրայ «Բոզի զաւակ» գրողին հետ դեռ ի՛նչ երկխօսութիւն

Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը կը պարունակէ բռնութեան բազմաթիւ ապրումներ, որոնց մասին ես որպէս չորորդ սերունդ, դեռ ամօթով կ՚արտայայտուիմ։

Մեծ-մեծմօրս Գոհարի հայրը, եղբայրները եւ հօրեղբայրները արեւուն տակ հալող լօլիփօփերու նման մահացան՝ ցիցերու վրայ։ Շատ հարուստ էին ու տանջուեցան որպէս զի յայտնեն իրենց ոսկիները պահած տեղը։ Խոստովանեցան, բայց փոխանակ ազատ թողուելու, որպէսզի ամէն մարդ դիտէ անոնց ցաւատանջ ու կամաց կամաց մահանալը, աւելի տեսանելի տեղ փոխադրեցին ցիցերը…։ Գոհարի քոյրը դէպի Կարս փախուստի ճամբուն վրայ ձիւներու մէջ մեռաւ։ Զարմուհիները առեւանգուեցան եւ այդ նոյն վայրի շրջակայքը, մինչեւ որ անօթի ու ծարաւ մեռան, բռնաբարուեցան։ Գոհարի ամուսինը բարձունքէ մը վար նետուեցաւ։ Որդիներէն մին՝ որ դեր նոր ամուսնացած էր,  սպաննուեցաւ երբ ուտելիք բան մը կը փնտռեր։ Կինը առեւանգեցին։ Կապը խզուեցաւ նախապէս Ամերիկա գացած միւս տղուն հետ։ Խորթ հայրը քահանայ էր, նուաստացուցին զայն։ Երբ մերժեց մատանին հանել, մատը կտրեցին։ Աւելի ետք ան ալ մեռաւ։ Երեխաները ամիսներ շարունակ խոտերով եւ մողեզներով սնանեց քարայրի մը մէջ։ Ձեռքերով աշխատեցաւ, գերիի մը նման։ Ան կրցաւ հանդուրժել իր մատնուած բազում տարապանքներուն ու նուաստացումներուն, բայց Թուրքիան չի կրցաւ հանդուրժել իրեն։ 1930-ականներու սկիզբը Հալէպ գնաց։ Հալէպի ճանապարհին ստիպուեցաւ ունեցած-չունեցածը տալու, մինչեւ իսկ նորածին թոռնիկը փաթթած քուրչի կտորը... Թոռնիկը ցուրտէն մեռաւ։

Աշխարհի վրայ ամէն մարդ հասկցաւ այս կնոջ տառապանքը, միայն թուրքերը չհասկցան, անոնք իրենց նոր տիրացած կալուածները եւ հարստութիւնը հաշուելով զբաղած էին…։

Թուրքիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն մը հաստատելու գաղաբարը անհաճոյ երազանքի մը տպաւորութիւն կը յառաջացնէ ինձ մօտ։ Թուրքեր կը հաւատան թէ տղու մը ու գայլի մը մէկտեղումէն գոյացած են։ Չեն անդրադառնար որ զոհերնուն նկատմամբ ալ տղու մը տրամաբանութեան եւ գայլի մը ախորժակին տէր են։ Տղու մը ու անոր տանջանքի ենթարկուած խաղալիքին միչեւ ի՞նչ տեսակ երկխօսութիւն մը կրնայ հաստատուիլ։ Սոված գայլի մը ու անոր ուտելիքին միչեւ ի՞նչ տեսակ երկխօսութիւն մը կրնայ հաստատուիլ։ Եթէ երկխօսութեան արդի ոճը 113 տարի առաջ ապրած հայու մը շիրմաքարին թուրք կրաֆիթիի նկարիչի կողմէ գրուած «Բոզի զաւակ» պատգամն է, ո՞ր երկխօսութեան մասին կը խօսինք։ Թուրքերու մտայնութեամբ այդ շիրմաքարը մեղաւոր է։ Ե՛ս չեմ վիրաւորուած, բայց անո՛նք դեր քանի մը դարու կը կարօտին չափահաս դառնալու համար։ 

Kategoriler

Genel