բագրատ
էսդուգեան
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան «Ակօս»ի ընթերցողներուն համար ծանօթ անուն մըն է։ Թերթիս անցեալի թիւերուն հայերէն էջերուն մէջ բազմիցս լոյս տեսած են իր հովուած երկրամասին պատմականի անցեալին մասին վկայութիւններ։ Ան յաճախակիօրէն հովուապետական այցելութիւններ կու տայ Առաջնորդարանի սահմաններուն մէջ գտնուած հին հայկական բնակավայրերուն։ Այդ այցելութիւններու տպաւորութիւնները տուեալ վայրերու հայապատկան ճարտարապետական կառոյցներու այժմու վիճակը, նոյնպէս սակաւաթիւ բնակչութեան մասին տեղեկութիւնները կ՚իմանանք իրմէ։
Չիֆթճեան սրբազան այս անգամ կը ներկայանայ մտորումներու հատորով մը՝ «Ներաշխարհի Պատուհանը»։ Ամէն մէկը չորս, հինգ էջերու մէջ ամփոփուած այս մտորումները միաժամանակ հոգեբարոյական խրատներու հաւաքածոներ ալ են։ Հեղինակը իր կոչումին թելադրած պատասխանատուութեան գիտակցումով կը մեկնաբանէ ժամանակակից մարդուն մատնուած տարակարծութիւնները եւ իմաստուն ցուցմունքներով կ՚առաջնորդէ դէպի բարին։
Հատորին մէջ տեղ գտած 35 մտորումներու խորագիրներն ալ կը վկայեն այս թելադրական ոճը։ Նշենք այդ խորագիրներէն մի քանին՝ «Սորվելիք ունիս, անպայման», «Կարողութիւններուդ չափանիշը», «Դաստիարակութիւնը սէր է», «Ինչո՞ւ յոգնիլ», «Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ», «Ո՞ւր կապեմ ձիս», «Սիրտը քարէն տարբերողը», «Բացառիկի՛ն, ո՛չ կատարեալին», «Եթէ վնաս չունի՝ հոգ չէ՛», «Աւելին մի՛ ակնկալեր», «Մի՛ մեծցներ», «Որովհետեւ քո՛ւ կարծիքդ է», «Յաջորդիւ», «Լռելու պահը գիտցի՛ր», «Եթէ խօսիլ չե՛ս գիտեր, ուրեմն…», «Թշնամին ընդօրինակելու ունակութիւնը», «Խենթութեան երեք տեսակներ», «Ամէն ինչ չի՛ վաճառուիր», «Տեղեկահաւաքի հիւանդութիւնը», «Տգեղ կապիկին առաւել խաղերը», «Փիղին -նուրբ- պարը», «Սարդին ու մարդուն յարակցութիւնը», «Ագռաւին սեփ-սեւ ձագը», «Ալրոտած -աղաւնի-ն», «-Իշու երկանաքար-ը մանեակ», «Աւելի՛ քան ոճիր», «Հոգեւո՞ր ուրախութիւն», «Գէշը արձակուրդի գնաց», «Նման զնման գտանէ», «Դիակներու աստիճանը», «Ձայնաւոր տակառներ», «Սափրիչին մի՛ հարցներ», «Փարատուող անորոշութիւնն ու վախը»։
Հայերէն գրականութեան գիւտարար սուրբերէն սկսեալ թարգմանիչներու ամբողջ բանակ մը եւ ապա Շնորհալիով Նարեկացիով իր գագաթնակէտին հասած գրական ժառանգը մխիթարեան միաբաններու վաստակով հասաւ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու համար նախանցելի հարստութեան։ Այդ աշխատութեան մարդու ստեղծագործական կեանքի մէջ արձանագրելիք բարձրութիւնը կարելի է խորհրդանշել Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի գրական բեղուն վաստակով։
Թաւրիզի Առաջնորդարանի մատենաշարէն լոյս տեսած Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեանի «Ներաշխարհի Պատուհանը» ահա կու գայ այդ հարստութեան վրայ աղիւս մը եւս աւելցնելու նախադրեալով։ Ուրեմն մենք ալ մեր կարգին կ՚ողջունենք մեր սիրելի Սրբազանի այս արժէքաւոր աշխատութիւնը։
Հայեցի եւ համամարդկային բովանդակութենէն անկախաբար այս հրատաաութիւնը մեր մօտ կը յառաջացնէ յատուկ մտորումներ, որոնք ծագում կ՚առնեն նոյն ինքն հատորի հասցէագրուած վայրէն։
Մերօրեայ սերունդներուն վիճակեցաւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն իրարայաջորդ կերպով քայքայման ականատես ըլլալու դժբախտութիւնը։ Ոչ միայն տեղւոյն, այլ բովանդակ հայութեան համար մեծ կորուստ կը նշանակէ այս քայքայումը։ Լիբանանի ներքին պատերազմը, Սուրիոյ բեմադրուած արեւմտեան դաւադրութիւնը, Եգիպտոսի ապստամբութիւնները, եւ Պարսկաստանէ ներս մոլլաներու իշխանութիւնը պատճառ դարձաւ որ հայ սփիւռքի այս հսկայ ամրոցները մի առ մի քայքայուին, իրենց հետ միասին քայքայելով ամբողջ մշակոյթ մը։ Այդ առումով ալ նոր հրատարակուած գիրքի մը վրայ «Թաւրիզ» տեղանունը կարդալ ինքնին մխիթարական երեւոյթ է։ Ուրեմն կանք, կը շարունակենք գործել եւ խօսք ունինք ըսելու։ Այս պայմաններու մէջ տեղին պիտի ըլլայ «Գրիչդ Դալար» ըսել սիրելի Չիֆթճեան սրբազանին։
Հարկ է նշել թէ Գրիգոր Եպիսկոպոս իր գիրքի աւարտին նշած է նախապէս հեղինակած 26 հատորներու ցուցակը։
«Ներաշխարհի Պատուհանը»
Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան
Թաւրիզ/ 2014
178 էջ