ՀԱՅԵՐԷՆ

ԼՈՒՐԵՐ Ջութակէն ու Դաշնակէն աւելի

Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ին կազմակերպած էր երեկոյեան հաւաքոյթ մը, նեղ ու հրաւիրեալ շրջանակի մը համար, ի պատիւ եւ ի ներկայութեան Հրանդ Տինքի այրիին՝ Տիկին Ռաքէլի։ Համազգայինի հրաւէրով ահա քանի մը տասնեակ մասնակիցներ կը հաւաքուին Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեաններու բնակարանին մէջ:
ԼՈՒՐԵՐ Պատկերաւոր նկարել կուզեմ

Պոլսահայոց վաստակաւոր արուեստագէտ նկարիչ եւ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան կը պատրաստուի 25 Հոկտեմբեր Ուրբաթ օր Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ յարակից « Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոն»ի մէջ բացուելիք իր անհատական ցուցահանդէսին։
ԼՈՒՐԵՐ Ազատ էք իմ նկարներուն նայելով երազելու

Հայաստանցի գծագրիչ Վահագն Իգիթեանին, «Խաղաղութեան ու Անդորրութեան Մէջ» անունը կրող առաջին ցուցահանդէսը պիտի ներկայանայ Թէշվիքիյէյի «Պիմիսալ Արթ» կալէրիի մէջ 11 Հոկտեմբեր- 2 Նոյեմբեր թուականներու միջեւ։ Ցուցահանդէսին իր 25 նկարներով մասնակցող գծագրիչին հետ խօսեցանք իր կեանքին եւ աշխատութիւններուն մասին։
ԼՈՒՐԵՐ Ողբամ զքեզ Քոպանի

Նախորդ շաբաթ երբ Քոպանիի սահմանը հասայ, նկատեցի որ բոլոր կանխակարծիքներս սխալ են։ Տարօրինակ զգացումներու մատնուեցայ։ Քիւրտ ժողովուրդը թերեւս ալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ այսքան միասնական դիմադրութիւն մը կը ցուցաբերէր։
ՔՐՕՆԻԿԱԳԻՐԵՐ Ոտքի ելիր ո՜վ մարդկութիւն

Մեր ընթերցողներէն շատեր տեսած են։ Նախ համացանցի, ապա հեռուստակայաններու միջոցաւ համայն աշխարհի սփռուեցաւ այն լուսանկարը, ուր կ՚երեւէին գերավարուած ծնկաչոք ֆրանսացի մը եւ անոր կողքին կայնած ԻՊ-ի դահիճը։
ԼՈՒՐԵՐ Հարցերը հրատապ կը դառնան

Պատրիարքական Աթոռի Փոխանորդ Արամ Արք. «Ակօս» թերթին եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին ուղղեալ ակնարկութիւններ ունեցաւ։ Սրբազանը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց համայնքային կեանքէ ներս պատրիարքական աթոռին գերիշխանութիւնը։
ԼՈՒՐԵՐ Ամենէն առաջ հայերը կային

27 Սեպտեմբեր Շաբաթ օր Լոզանի մէջ կազմակերպուած «Տէրսիմի Հայերու Զօրակցութեան Օր» միջոցառումը պատմութենէն դաս քաղելու համար շատ կարեւոր էր։
ԼՈՒՐԵՐ Կարմիր Թեռոր, Սպիտակ Թեռոր

Աշտարակցիները մինչեւ հիմա յիշում են, թէ ինչպէս Իրանից ներգաղթած հողագործներին բնակեցրել էին Աշտարակի խրուշչովականներում. այդպէս էին անուանում շէնքերը, որտեղ բնակարանները շատ փոքր էին. Խրուշչովն ասում էր, թող փոքր լինեն, բայց՝ շատ։ Հողին վարժուած իրանահայերը դրսում ծալապատիկ նստում էին գետնի վրայ։ Իսկ հիմա Սփիւռքի նախարարութիւնը առաջարկում է Նոր Հալէպ կառուցել Աշտարակում։