Հանրածանօթ մտաւորական Իսմայիլ Պէշիքճի ընկերակցութեամբ Տիյարպէքիրի նախքին քաղաքապետ՝ Օսման Պայտէմիրի եւ խումբ մը քիւրտ քաղաքական գործիչներու ու ակադեմականներու, այցելեց Երեւան։ Պէշիքճի վերադարձին ցեղասպանութեան նիւթով ստորագրեց յօդուած մը, զոր յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ։
Աշխարհի վրայ առաջին ցեղասպանութիւնը 1915 թուին Օսմանեան պետութենէ ներս Իթթիհատական կառավարութեան կողմէ հայերու դէմ գործադրուեցաւ։ Շուրջ 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան եւ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր հազարաւոր տարիներու հայրենիքէն։
Երկրորդ ցեղասպանութիւնը գործուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն Գերմանիոյ մէջ։
Այս երկու ցեղասպանութիւններուն հասարակական եզրը ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն պետութիւն մը չունենալն էր։ Իսկ ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ հզօր պետութիւններու ձեռքով։
Ներկայ դրութեան մէջ փոքր պետութիւններն ալ ցեղասպանութիւն ընելու յատկութիւն ունին։ 1988-ին քիւրտ ժողովուրդը Հալէպճէի մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ Իրաքի կողմէ։
Երեւանի ցեղասպանութեան յուշարձանի հարեւանութեամբ կը հիմնուի Ցեղասպանութեան ինստիտուտ մը։ Կը շեշտուի որ ինստիտուտը աշխատութիւն պիտի տանի աշխարհի բոլոր ցեղասպանութիւնները ուսումնասիրելու համար։
1994-ին Ափրիկէ, Ռուանտայի մէջ պետական իշխանութիւնը ձեռքը պահող հութուներ ցեղասպանութիւն գործադրեցին փոքրամասնութիւն կազմող թութցիներու դէմ։
1995-ին նախկին Եուկոսլաւիոյ Սրէպրէնիցա քաղաքին մէջ սերպական ցեղասպանութեան զոհ գացին պոսնիացիները։
2000-ական տարիներուն Սուտանի Տարֆուր շրջակայքի մէջ պատահածներն ալ ցեղասպանութիւն էին։
ԻՊ. ահաբեկչական կազմակերպութիւնը 2014-ի Յունիսին ցեղասպանութիւն գործեց էզտիներու դէմ։ ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն 5.000 էզտի այրեր սպաննուեցան, իսկ 5.000-7.000 էզտի կիներ ալ առեւանգուեցան։
Այս օրինակները կ՚ապացուցեն թէ ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ ցեղասպանութեան զոհ կը դառնան պետականութենէ զուրկ ժողովուրդները։
Երբ հայոց ցեղասպանութիւնը կը խօսինք պէտք է նկատի ունենանք որ հայ ժողովուրդը Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններու միջեւ մասնահատուած էր։ Սա միայն աշխարհագրական բաժանում մը չէր, այլ հասարակութիւնն ալ բաժանուած էր զանազան երեւոյթներով։
Ժողովուրդի մը բաժանումը, մասնահատումը փորձանք մըն է այդ ժողովուրդի գլխուն։ Այդ փորձանքին ենթակայ է նաեւ չորս հատուածներու բաժնուած քիւրտ ժողովուրդը։
Իսկ եթէ պետականութիւն ունենային, անկասկած ապահովութիւն ալ պիտի ունենային։ Պիտի ունենային բանակ, ոստիկանութիւն եւ այլ համակարգեր։ Նշենք որ հայդուկները երբեք վերեւ յիշուած զինեալ ուժերու համազօր չեն կրնար ըլլալ։ Չեն կրնար ըլլալ, քանի որ ապօրէն են եւ ընդյատակեայ։
Երբ կը քննենք ցեղասպանութիւններու եւ պետութեան յարբերութիւնը, պէտք է նկատի ունենանք այլ յարաբերութիւններ ալ։
Իթթիհատականները կ՚ուզէին Օսմանեան կայսրութիւնը վերակառուցել թուրք ինքնութեան վրայ։ Անոնք կ՚երազէին Ադրիական ծովէն Չինական պարիսպներ երկարող կայսերական տարածք մը, ուր միայն թուրքեր պիտի բնակէին։ Իթթիհատականները դեռ կը խորհէին Օսմանեան տնտեսութիւնն ալ ազգայնացնելու մասին։ Սակայն նման ծրագիրը ունէր զանազան խոչընդոտներ։ Կայսրութեան սահմաններու մէջ յոյն, հայ, ասորի ժողովուրդներ կային, որոնք կը հետեւէին քրիստոնեայ կրօնքին։ Կային նաեւ հրեաներ։ Կային քիւրտեր, որոնք մեծամասնութեամբ իսլամ էին, բայց թուրք չէին։ Կային թուրքեր կամ քիւրտեր, որոնք ալ իսլամ չէին ու կը հետեւէին ալէվիութեան։
Իթթիհատականները եւ մանաւանդ ալ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան երեք գլխաւոր դերակատարները Տոքթ. Պահատտին Շաքիր, Տոքթ. Նազըմ եւ Զիյա Կէօքալփ շատ երկար քննարկեցին այս նիւթը։ Նախագիծներ, ծրագիրներ մշակեցին։ Մանաւանդ 1912-ի Պալքանեան պարտութենէն ետք շատ աւելի ծաւալուն դարձան այդ աշխատութիւնները։ Վերջապէս հասան հետեւեալ որոշումին։ Պոնտացի, կապադովկիացի եւ Եգէականի յոյները պիտի աքսորուին դէպի Յունաստան։ Հայերը եւ անոնց հետ միասին ասորիները, էզտիները եւ այլ քրիստոնեայ տարրեր պիտի բնաջնջուին։ Քիւրտերը մեծաւ մասամբ իսլամ ըլլալնուն դիւրին պիտի ըլլայ անոնց ձուլումը։ Պիտի բռնագրաւուի անոնցմէ մնացած հարստութիւնը եւ այսպէսով ալ Օսմանեան տնտեսութիւնը ազգային դիմագիծ պիտի ստանայ։
Այստեղ յստակօրէն կը տեսնենք թէ Իթթիհատականները խուսափելով Յունաստանի պետութեան միջազգային գետնի վրայ յարուցելիք աղմուկէն, փոխանակ ցեղասպանութեան դիմելու աքսորելով ազատած են յոյներէն։ Իսկ հայերը միջազգային զօրակցութիւն մը չունէին իրենց ետին։ Հայեր 1894-ին, Սասունի դիմադրութեան ժամանակ, 1896-ին Օսմանեան դրամատան դէպքէն ետք կամ 1909-ին Կիլիկիայի կոտորածով՝ զանգուածային սպանդներու ենթարկուեցան եւ միջազգային հասարակութիւնը լռութիւն պահեց։ Այստեղ յիշենք Հիթլէրի նշանաւոր ճառախօսութեան մէջ գործածած «Ո՞վ կը յիշէ հայոց ցեղասպանութիւնը» նախադասութիւնը։
Իրողութիւն է որ պաշտպան մը չունեցող ժողովուրդները կրնան ցեղասպանութեան ենթարկուիլ։ Այս բոլորը պէտք է քննարկման նիւթը դառնան վերեւ նշուած Ցեղասպանութեան ինստուտուտին։