Ազատ էք իմ նկարներուն նայելով երազելու

Հայաստանցի գծագրիչ Վահագն Իգիթեանին, «Խաղաղութեան ու Անդորրութեան Մէջ» անունը կրող առաջին ցուցահանդէսը պիտի ներկայանայ Թէշվիքիյէյի «Պիմիսալ Արթ» կալէրիի մէջ 11 Հոկտեմբեր- 2 Նոյեմբեր թուականներու միջեւ։ Ցուցահանդէսին իր 25 նկարներով մասնակցող գծագրիչին հետ խօսեցանք իր կեանքին եւ աշխատութիւններուն մասին։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com

Սովորական երեւոյթ է, ապրած քաղաքդ եկող զբօսաշրջիկին առաջին մէկ երկու նախադասութենէն ետք հարց տալ թէ «ինչպէ՞ս գտար մեր քաղաքը»։ Ես ալ նոյնը ըրի եւ Վահագն Իգիթեանին հարցուցի՝ «Առաջի՞ն անգամ կու գաք Իսթանպուլ, հաւնեցա՞ք մեր քաղաքը»։

«Երկրորդ անգամ կու գամ Իսթանպուլ։ Առաջին անգամ քուրաթէօրիս՝ Պայքարի հետ հանդիպումի համար եկած էի։ Իսթանպուլի համար չեմ կրնար ըսել սիրուն եւ շատ գեղեցիկ քաղաք է։ Բազմամարդ է ու ժխոր կը տիրէ։ Իսթանպուլը շրջած ատեն հայկական հետքեր կը տեսնեմ։ Ինծի թէ կ՚ուրախացնեն, թէ ալ կը տխրեցնեն այս հետքերը։ Աւելի ճիշդ կը տխրեցնեն, քան՝ կ՚ուրախացնեն։ Ինծի այդպէս կը թուի թէ այս երկրին մենք աւելի շատ բան տուած ենք եւ քիչ բան վերցուցած։ Այս գաղափարը շատ կը յուզէ զիս»։

  • Այս հարցումը միայն յուզում կը յառաջացնէ այս հողերէն գաղթողներուն համար։ Ձեր նախնիները մեզի կրնա՞ք ծանօթացնել։

Իմ նախնիներուս մէկ մասը Վանէն, իսկ միւս մասը Էրզրումէն գաղթած են։ Տատիկս թրքերէն գիտէր, բայց չէր խօսեր։ Վանի մէջ իրենց սեփական տան տեղը Խաչփոխան թիւ 10 եղած է։ Ես անպայման օր մը պիտի երթամ իմ տատիկիս հողերը։ 1914-էն առաջ Թիֆլիս գաղթած էր։ Իսկ մեծ հայրիկիս հայրը՝ Տէր Իգիթեանց, Էրզրումի աւագ քահանան եղած է։ Մեծ հայրս 1914-ին Էրզրումէն Թիֆլիս գաղթած ու տատիկիս հետ ամուսնանալէ ետք Երեւան բնակած են։ Ես Երեւանի մէջ ծնած ու մեծցած եմ։

  • Նկարիչի մը սխալ է հարցնել, թէ երբ սկսաք նկարել, բայց ինչպէ՞ս կը ծանօթացնէք դուք ձեզ։

Ես շատ փոքրիկ տարիքիս նկարել սկսած եմ։ Ընտանիքս շուտով ինծի տարած է նկարչութեան խմբակ, որպէսզի սորվիմ նկարել։ Բայց յետոյ մայրս, շատ կը կեղտոտիմ ըսելով, ինձ խմբակէն հանեց։

Ուսանած եմ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ, անգլերէն թեքումով, ապա աւարտած եմ թեքնիքական համալսարան։ 24 տարեկանիս թեքուած եմ արուեստի իմ մասնագիտութեան։

Առաջին անգամ 2005-ին աշխատանքներս ցուցադրուեցան նկարիչներու միութեան մէջ։ Ապա փոքր ցուցահանդէսներ ունեցայ, բայց 2012-ին իմ անհատական առաջին մեծ ցուցահանդէսս կայացաւ Ժամանակակից Արուեստի թանգարանին մէջ։ Տարբեր երկիրներու մէջ շատ մը ցուցահանդէսներու մասնակցած եմ։ Բայց նշել չեմ ուզեր քանի մը նկարով մասնակցածներս։ Իսթանպուլը իմ երկրորդ անհատական մեծ ցուցահանդէսս պիտի ըլլայ։ Աշխարհի տարբեր տեղերէ, տարբեր թեմաներով նկարներ ունիմ։ Բազմաթիւ թեմաթիք ցուցահանդէսներու մասնակցած եմ որոնցմէ իսկոյն կը յիշեմ Սայաթ Նովայի 300-ամեակի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Գարեգին Նժդեհի նուիրուած ցուցահանդէսներուն մասնակցութիւնս։

Ինծի համար նկարը սիւպյէկտիւ բան մըն է։ Ամէն մէկուն համար կը տարբերի, մէկուն համար լաւ եղողը միւսին համար վատ կրնայ ըլլալ։ Բացի Սարեանէն։ Հայաստանի մէջ ինծի համար թիւ մէկ գոլորիստը Սեդրակ Առաքելեանն է։ Ինքը ռէալիստ է, բայց շատ յաջող եւ հաճելի են իր գործերը։

2013-ին չորս նկարիչ եւ մէկ քանդակագործ հինգ ընկերներով Հայաստանը ներկայացնելու համար Մոսկուա գացինք։ Մեր գործերը ազատ թեմայով Հայաստանը ներկայացնելու համար էր, եւ Մոսկուայի Կեդրոնական Նկարիչներու Տան մէջ ցուցադրուեցան։

Այս տարի Դեկտեմբեր 12-ին Պէյրութի «Արամէ» պատկերասրահին մէջ գործերս պիտի ցուցադրուին։ Սա պահուն Վիեննայի, Աւստրալիայի, Չինաստանի ցուցասրահներուն մէջ նկարներս կը ցուցադրուին։ Կալէրիները ինձ պէս նկարիչներէն նկարներ կը հաւաքեն ու կը տանին տարբեր երկիրներ ցուցադրելու մեր գործերը։ Այսպէսով իմ նկարները աշխարհ կը շրջին։ Հիմա օրինակ Համլէթ Կամսարի հետ Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած իմ եւ 18 նկարիչներու գործերը աշխարհ կը շրջին։

Հայաստան երթալէ ետք Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ Եղեռնի 100 ամեակին ձօնուած ձեռնարկին մասնակցելու համար պիտի աշխատիմ։ Այս նիւթով էսքիզներ ունիմ եւ նկարս անպայման պիտի հասցնեմ։

Ես ընդամէնը կը նկարեմ, ոճի մը նմանիլ չեմ փորձեր։ Ըստ արուեստագէտներու իմ գործերը դէպի սիւրրէյալիստ կ՚անուանուին։ Ազատ եմ նկարներու աշխարհիս մէջ, ինչ որ տեսնեմ կը նկարեմ։ Ազատութեանս մէջ կը ստեղծեմ ամէն ինչ։ Բայց կ՚աշխատիմ հին նկարները վերանորոգելու գործին մէջ ալ։ Կամ Երանոս գիւղի մօտ փոքրիկ եկեղեցի մը կայ։ Ես ու ընկերս Արմէն միասին Սուրբ Կարապետը նկարեցինք։ Այս ցուցահանդէսին կրօնական թեմայով միայն երկու նկարով մասնակցած եմ։

  • Այստեղ ձեր անձնական ցուցահանդէսին համար եկած էք։ Կրնա՞ք ծանօթացնել ձեր ցուցահանդէսը։

Սա Իսթանպուլի մէջ առաջին ցուցահանդէսս պիտի ըլլայ։ Անունը «Խաղաղութեան ու Անդորրութեան Մէջ» է։ Կը մասնակցիմ 25 նկարներովս։ Գործերս Թէշվիքիյէյի «Պիմիսալ Արթ» կալէրիի մէջ 11 Հոկտեմբեր- 2 Նոյեմբեր թուականներու միջեւ կրնաք տեսնել։

  • Նկարներդ առեղծուածի, հանելուկի նման են ինձ համար։ Դիտելով նոր կերպարներ, նոր դէմքեր կը յայտնաբերեմ։ Շատ անգամ ալ կը դժուարանամ որոշ բանի մը նմանցնելու։

Սա գովասանք է ինձ համար։ Ազատ էք նկարներուս նայելով երազելու խնդրին մէջ։