Ջութակէն ու Դաշնակէն աւելի

Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ին կազմակերպած էր երեկոյեան հաւաքոյթ մը, նեղ ու հրաւիրեալ շրջանակի մը համար, ի պատիւ եւ ի ներկայութեան Հրանդ Տինքի այրիին՝ Տիկին Ռաքէլի։ Համազգայինի հրաւէրով ահա քանի մը տասնեակ մասնակիցներ կը հաւաքուին Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեաններու բնակարանին մէջ:

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ին կազմակերպած էր երեկոյեան հաւաքոյթ մը, նեղ ու հրաւիրեալ շրջանակի մը համար, ի պատիւ եւ ի ներկայութեան Հրանդ Տինքի այրիին՝ Տիկին Ռաքէլի։ Օգտուելու համար անոր՝ Ռեմեփօ Քոլէճի մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած զրոյց-քննարկման մասնակցելու նպատակով քաղաքին մէջ ներկայութենէն, Համազգայինի հրաւէրով ահա քանի մը տասնեակ մասնակիցներ կը հաւաքուին Ալեքս եւ Դալար Սարաֆեաններու բնակարանին մէջ. մտերմիկ մթնոլորտ։ Բոլոր անձնական երեւոյթներէն անդին՝ անանձնականին մասին քանի մը նշում է այստեղ հապճեպ հրամցուելիքը։

Պատշաճ հիւրասիրութենէ մը ետք, մեծարեալ Տիկինը կը խօսի։ Այս է իր դերը։ Ցաւէն ետք եկող խօսք պիտի ըլլայ իրմէ գալիքը առաջին հերթին։ Այդ կը սպասուի շատ հաւանաբար։ «-Մեռած է- չեմ ուզեր ըսել իրեն համար», կը շեշտէ։ Յայտնի կ’ըլլայ, որ մինչեւ ոճիրը Ռաքէլ անձամբ «այս նիւթերուն» մէջ չէր մտած, սակայն սպանութենէն յետոյ իր ներգրաւումը շատ բնական ընթացք մը ունեցեր էր՝ ներիմացումով մը։ Անշուշտ ինք Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահուհին է, սակայն իր դերը միայն պաշտօնական նախագահուհիի սահմաններէն շատ առաջ՝ զոհին բերանն ու կեցուածքը ըլլալու, անոր դատին շարունակութիւնը կենսունակ պահելու մէջ կը կայանայ։ Կը զգացուի այդ մէկը։ Եզակի իւրացում մը, որ միայն զոհին գոյութեամբ կարելի կը դառնայ։ Ինք իր ամուսնոյն կրկնօրինակը չէ, ինչ որ յստակ է, սակայն անոր կտակին վաւերական թարգմանիչն է իր արիութեամբ ու պատգամով։

Այդ մէկը արդէն թաղման արարողութեան յայտնի եղած էր. հոն «մութ ուժերուն» դէմ էր իր խօսքը, որոնք երիտասարդ մը ոճրագործի վերածեցին ու կրնան վերածել։ Նոյնն էր նաեւ իր ամուսնոյն հարցը. ոչ թէ դիմացդ կեցող ոճրագործի յետնորդն է ոճիրին իսկական հեղինակը, այլ՝ անոր ետին կամ մէջն իսկ կանգնող շարժիչը։ Արմատական թշնամին է իսկակա՚ն ոսոխը եւ ոչ թէ փողոցը օր ցերեկով պտըտող երիտասարդ մը, ատրճանակ ի ձեռին։ Անոր դասատուներուն մեծագոյնը, դասաւանդութեան կերպերն ու տասնամեակներու աւանդութիւնը կը կազմեն թշնամիները։

...Իր իւրաքանչիւր նախադասութեան հետ հետզհետէ աւելի կը յստականայ ինծի համար, որ «այդ ուժերը» հայկական Պոլիսը ընդհանրապէս մեր առօրեայէն որքա՜ն հեռացուցած, ցամքեցուցած ու լռութեան պատերէն անդին գտնուող աշխարհի մը վերածած էին տասնամեակներ շարունակ։ Չէի՞նք անդրադարձած ս փիւռքի մեր տագնապալի կամ հանգիստ առօրեային մէջ, որ «այդ ուժերուն» դէմ ապրիլը յատուկ ուժ կը պարգեւէր կարգ մը մարդոց։ Այդ պարգեւուած ուժին խտացումէն կու գայ Ռաքէլ։

Հարցումի մը, թէ ան իր ամուսինը այլ մասնաւոր անձի մը կամ այլ անձերու մէջ վերածնած կը տեսնէ՝ նախ յստակ կը պատասխանէ. «Ո՚չ, անիկա մէկու մը մէջ չեմ տեսներ», անոր «տարբերութիւն»ը ընդգծելով։ Բայց պահ մը ետք, անդրադարձումով մը, «ամէն մէկուս մէջ անկէ մաս մը կայ»ի կը բարձրացնէ միտքը, ընտանիքի անդամներուն ակնարկելով։ 

Հարցումները իրարու կը յաջորդեն ու իրարու կը պլլուին երբեմն։ Այսպէս կոչուած «քիւրտեր էինք մենք ալ», կ’ըսէ Ռաքէլ, «երբ գաւառէն եկանք ու լեցուցինք Պոլսոյ հայկական դպրոցները։ Ու երբ մեզմէ նեղանային իսթանպուլցիք՝ -քիւրտ- կը կոչէին մեզ»։ Ան կ’ակնարկէ ներհակական խտրականութեան ոգիի մը, յիշեցնելով նաեւ սփիւռքի մէջ հայաստանցիներու ուղղուած խտրական կեցուածքը, հին սփիւռքցիներուս կողմէ։ «Մեր մէջ կայ այսպիսի մօտեցում մը», կը յարէ։ Աւելի ուշ, Շնորհք Պատրիարքի ու Հրանդ Կիւզէլեանի խաղացած անգնահատելի դերը կը ջանայ բացատրել, որ նպատակ ունէր հայ մանուկներ հայկական բնօրրանէն Պոլիս բերելով հայկական կրթութեամբ աճեցնել։ Ճիշդ այս կէտն է որ կը շեշտէր նաեւ Համազգայինի յիշեալ մասնաճիւղին անունով հաւաքոյթին բացումը կատարող Անի Չաղլասեան, յիշեցնելով որ Ռաքէլ Տինք իր սերնդակիցներուն հետ Պոլիս տարուելով ստացեր էր հայկական ուսում, պոլսահայ մթնոլորտի ջերմութեամբ, ինչ որ կը համապատասխանէր նաեւ Համազգայինի ծրագրին ու գոյութեան՝ մշակութային եւ կրթական գործունէութիւն ծաւալել կարելի ու երբեմն անկարելի միջոցներով։ Իր խօսքին աւարտին Չաղլասեան մեծարեալին յանձնեց յուշանուէր մը՝ արցախցի գեղանկարիչ՝ Ռուդիկ Պետրոսեանի մէկ իւղանկարը։

Ռաքէլ Տինք ափսոսանք կը յայտնէ, որ «Քամբ Արմէն» կոչուած Թուզլայի ճամբարը, որբերուն ամառանոցը, ուր ինք եւ իր տարեկիցները յիշատակներ ունին, այսօր աւերակ ու անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի։ Հոս է որ թրքական պետական գործելաձեւին ակնարկելով կը մատնանշէ, որ կառավարութիւնը ամառանոցը փակել տալով, կալուածին սկզբնական սեփականատէրը փնտռած, գտած ու անոր վերադարձուցած է հողը, «արդարութեան» իւրօրինակ «յաղթանակ» մը արձանագրելով։ («Թրքավարի արդարութիւն» բացատրութիւնը մեր մէջ ծանօթ է, սերունդէ սերունդ անցած ու հասած մեզի)։ Սեփականատէրը ծախած է զայն ուրիշի մը։ Այն ալ ուրիշի մը ու այսպէս՝ շարունակաբար... «կը ծախեն, կ’երեւի զգալով որ սխալ բան մը կայ այս կալուածին կապուած», կ’աւելցնէ ան։ «Երանի թէ դպրոցի մը կամ հանրօգուտ հաստատութեան մը համար օգտագործուէր ան», կը բաղձայ Ռաքէլ։

Ներկաներ հետաքրքրուած են մեծ ու փոքր հարցերով՝ կեանքը վաստկելու իրենց միջոցէն բռնած մինչեւ Հրանդի դատին ներկայ հանգրուանին մանրամասնութիւնները։ Գրենական պիտոյքներու խանութ մը ունին, կը բացատրէ Ռաքէլ, զոր այսօր քիչ մը ընդարձակած են ու գոհ են առօրեայէն։ Իսկ դատական նիստերուն, ալ չի մասնակցիր անձամբ՝ «Չեմ ուզեր ձեր թատրոնին հանդիսատեսը ըլլալ» ըսելով անգամ մը, ու միայն փաստաբաններուն միջոցաւ կը հետեւի կացութեան, որ մասնաւոր փոփոխութեան չ’ենթարկուիր։ Նորութեան յո՞յս՝ չ’երեւիր։

Ինք Հրանդը միշտ «Ջութակ» կոչած է, ան ալ զինք՝ «Դաշնակ»։ (Ի դէպ, «Ջութակ»ը նաեւ Հրանդին գրչանունը եղած է, երբ ան անցեալ դարու իննսունական թուականներուն «Մարմարա» օրաթերթին մէջ կը ստորագրէր)։ Հիմա որ Ջութակը չկայ, Դաշնակը առանձինն ու անշուշտ բազմաթիւ այլ նուագարաններու մասնակցութեամբ կը շարունակէ նոյն երգին կատարումը, որ ունի հարկաւ իր կրկներգի բաժինները, սակայն թէ՛ երգուելով միշտ կը նորոգուի, թէ՛ նոր երգերու առիթ կը դառնայ։

Մէկ ժամէն աւելի տեւած այս հանդիպումը, կարճ ու գողտրիկ պահուան մը սահմաններուն մէջ, հիւրին ներկայութենէն եկած թելադրանքով լեցուն, առիթ է նաեւ մաղթանքի մը, որ արձագանգող թափով՝ առաւել շարունակուի Ջութակով ու Դաշնակով սկսած գործին եղանակը։