Փառաւոր դարադարձի մը աւարտը

Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը աւարտին հասաւ Պոլսահայ համայնքի վերնախաւին կողմէ երկար տարիներէ ի վեր մոռցուած ազգային պարահանդէսով մը, իսկ շարքին վերջակէտը դրուեցաւ փոփ երաժշտութեան փառաւոր համերգով մը, մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած եւ երիտասարդութեան կողմէ պաշտուած երգիչ Թաթայի, որուն կ՚ընկերակցէին իր երաժիշտներն ու պարախումբը։

Կարապետ Կոստանեան: ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ
karinbal89@gmail.com

Այս առթիւ Գարակէօզեան Տան վարչութիւնը չէր մոռցած, որպէս ապրող երիցագոյն Գարակէօզեանցի, Կարապետ Կոստանեանը (Կէօք) հրաւիրել սոյն հանդիսութեանց մասնակցելու համար։ 54 տարիէ ի վեր գերմանաբնակ դարձած Կոստանեան, որ 20 տարի է Պոլիս չէր եկած, այս այցելութեան առթիւ, Գերմանիոյ մէջ աշխատելով ձեռք բերած հարստութիւնը կտակեց Գարակէօզեանին, իր իսկ խօսքերով՝ իր «Տան», վճարելու համար իր երախտագիտական պարտքը։

Պոլիս այցելութեան առթիւ «Ակօս»ի անունով տեսակցեցանք 94-ամեայ «Պատուոյ հիւր» Կարապետ Կոստանեանի հետ, իր պատմածները բաժնելու համար մեր ընթերցողներուն հետ։

Երախտապարտ եմ Գարակէօզեանին

10 Մայիս 1920-ին ծնած եմ Պէյքոզ։ Հայրս Պրուսա Չէնկիլէր գիւղէն եկած է Պոլիս։ Մայրս դժբախտաբար շատ երիտասարդ տարիքին մահացեր է։ Փոքր տարիքիս 1924-ի տնտեսական միջազգային տագնապի օրերուն հայրիկս, որ Պէյքոզի եկեղեցւոյ նորոգութեան գործը ստանձնած էր, նիւթականի նեղութեան մատնուեցաւ, կարճ ժամանակ վերջ ալ մահացաւ։ Զիս կը խնամէր մեծ մայրս, որ ֆրանսերէն եւ հայերէն կը խօսէր, առանց թրքերէն գիտնալու։ Մեծ մօրս քեռորդի Տոքթ. Մեզպուրեանի առաջարկով որոշուեցաւ, որ Գարակէօզեան որբանոց արձանագրուիմ 1930 թուին։

Դպրոցին դռնէն մտածիդ պէս, հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի մեծադիր նկարը կը դիմաւորէր մեզ։ Ամէն առաւօտ կ՚աղօթէինք դիմացը։ Տարիներ ետք երբ այցելեցի վարժարանս, չկրցայ արտասուքս զսպել։ Բան մը եւս կը յիշեմ։ Ճաշարան իջնող սանդուխներու գլխուն գրութիւն մը կար.- «Չաշխատողին հաց չկայ» կը գրէր. հիմա այլեւս չկայ։ Այդ խօսքը իմ կեանքիս ուղղութիւն տուաւ։ Մեր վարժարանին պարտէզը կը հասնէր մինչեւ հրէից գերեզմանատունը։ Պարտէզ որ կ՚ըսեմ, խաղավայր չէր, այլ բանջարանոց, ուր ամէն օր կ՚աշխատէինք եւ հասած բանջարեղէններով ալ դպրոցի ճաշերը կ՚եփուէին։ Այն ժամանակ չորս դասարան կար միայն. հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն դասեր կ՚առնէինք։ Գարակէօզեանի ուսուցիչներու շատ բան կը պարտիմ, հոն կրթուեցայ եւ կեանքի փորձառութիւններս հոնկէ ստացայ։

Գարակէօզեանի շրջանաւարտները Կեդրոնական կը յաճախէին։ Ես ծնողազուրկ ըլլալուս հարկադրուեցայ աշխատանքի։ Ատաղձագործի մը աշկերտը եղայ։ Այդ տարիներուն հայ աշկերտը, ուր եւ ինչ գործով ալ աշխատի հազիւ 50 ղրուշ շաբթական կը ստանար։ 50 ղուրուշին շուկայի արժէքը բացատրելու համար նշեմ թէ հացը 10 ղուրուշով կը ծախուէր։ Ատաղձագործի քով աշխատութիւնս մինչեւ զինուորագրութիւն շարունակուեցաւ։ Այդ ժամանակ պարտադիր ծառայութիւնը երեք տարի էր։ Որպէս զինակոչիկ Ատաբազար ղրկեցին զիս։

Ծառայութենէն վերադարձիս, 23 Ապրիլ 1944-ին ամուսնացայ մեր հարեւաններէն Ալիսի հետ։ Իրականութեան մէջ բաւական աճապարուած ամուսնութիւնն մըն էր այս, քանի որ այդ ժամանակ Ալիս հազիւ 16 տարեկան էր։ Կը բնակէինք նոյն տան մէջ, եւ բազմաթիւ բամբասանքներ կը լսէինք մեր հասցէին։ Այդ ամուսնութեան գործողութիւններու զոհ գնաց նաեւ Կոստանեան ազգանունս։ Պետական պաշտօնեան առարկեց այս հայաշունչ անունին դէմ եւ ստիպուեցայ թրքերէնով իմաստ մը ներկայացնող Կէօք անունը որդեգրելու։

Այդ տարիներուն միշտ կը ճնշէին մեզ։ Անգամ մը մերժեցի իմ իրաւունքէն նուազ վճարուած աշխատավարձքը ստանալ։ Գործատէրը սպառնաց ըսելով թէ կ՚արհամարեմ թրքական դրամը եւ ինք այս մասին բողոք պիտի ներկայացնէ մայրաքաղաք՝ Անգարա։ Այս դաժան միջավայրէն ազատուելու համար է որ դիմում կատարեցի որպէս բանուոր Գերմանիա երթալու համար։ Ես առաջին գացողներէն եղայ։ Անշուշտ որ ծանր աշխատանքներու մէջ էի։ Միջոց մը ետք կինս եւ դուստրս ալ ինծի միացան։ Գերմանական կառավարութիւնը կը պարտադրէր որ բոլոր գաղթականները աշխատին։ Այսպէս կինս ալ հիւրանոցի մը մէջ աշխատիլ սկսաւ որպէս սպասարկող։ Իսկ աղջիկս, որ այդ ժամանակ 12 տարեկան էր, լեզու չիմանալուն պատճառաւ դրին առաջին դասարան։ Այս ալ երախային հոգեբանութիւնը խանգարեց։ Ափսոս որ աղջիկս Սրբուհին քաղցկեղի հետեւանքով կորսնցուցինք ծաղիկ հասակին։ Նոր բոլորած էր քսանական տարիները։ 2004-ին ալ Ալիսը մահացաւ։ Ուզես, թէ չուզես կեանքը կը շարունակուի։ Անցեալը չես կրնար մոռնալ, բայց անցեալի մէջ ալ չես կրնար ապրիլ։

Օրը օրին կը հետեւիմ Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերուն։ Անոնցմէ լսեցի իմ դպրոցիս հիմնարկութեան դարադարձի լուրերը։ Իսկոյն կապ հաստատեցի փաստաբան Սեդրակ Տաւութհանի հետ, որուն անունը դարձեալ հայ մամուլէն լսած եմ։ Պարոն Սեդրակ եւ Պարոն Արթին Ֆրանքֆուրդ գալով զիս այցելեցին։ Իմ Գարակէօզեանի յուշերս լսեցին։ Որոշած եմ բոլոր ունեցածս իբրեւ այրի կնոջ լուման Գարակէօզեանին կտակել։ Զիս այս կէտին բերողը երախտապարտութեան զգացումն է։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ճակտի քրտինքով աշխատեցայ։ Վաճառականութիւն չըրի, հինգի առածս քսանըհինգի չծախեցի երբեք։ Անոր համար է որ սիրտս հանգիստ է, խիղճս խաղաղ։