ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ

ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ Եօթը տարուայ աշխատանքին արդիւնքը հրատարակուած

Նախորդ Հինգշաբթի իրիկուն Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կայացաւ հանրածանօթ տնտեսագէտ Եդուարդ Գովանի «Թրքերէնէ Հայերէն Ասութիւններու Այժմէական Բառարան» անուն աշխատասիրութեան շնորհանդէսը։ Այս առթիւ զրուցեցինք բառարանի հեղինակ Եդուարդ Գովանին հետ։ Գովան ուսանած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ եւ աւարտած է Իսթանպուլի Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը եւ երկար տարիներ աշխատած է իբրեւ հաշուակալ եւ երդուեալ քննիչ։