Բառերով մատուռ շինեցի
Այցելեցի մատուռ մը հին, անտառի եզրին։ Մենակ էր։ Կիսաւեր։ Կտուրը փուլ էր եկած։ Վերէն բաց երկինքը կ’երեւէր։ Պատերէն վեր որթի տերեւախիտ ոստ մը կը ծաւալէր։ Ո՞ր վկայի մասունքներէն կտոր մը անոր քարերու տակ կը պառկէր։ Չեմ գիտեր։ Մատուռը լուռ, իր ուխտաւորին կը սպասէր։ Մեր բնաշխարհի մէջ, մտածեցի, կա՞յ սար մը, ձոր մը, այր մը, ծառապատ բլրակ մը, որ չունենայ մատուռ։ Անցան ամիսներ։ Այժմ գրասենեակիս մէջ ես ալ փափաքեց մատուռ մը կառուցել։ Բայց ես ճարտար շինարար չեմ որ սրբատաշ քարեր շարեմ։ Իմ մատուռս, որոշեցի, պիտի ըլլայ բանաւոր։ Ան նուիրուած պիտի ըլլայ մեր սրբազան մայրենիին։ Ան պիտի ըլլայ մտածութեան եւ աղօթքի հրաւիրող քաղցր վայր։ Անոր պատերուն տակ պիտի պառկին Շիրազներ, Սահեաններ, մեր լեզուի ճարտար բանաստեղծները։ Մատուռիս խորանին վրայ պիտի զետեղեմ աշուղի մը պատկերը, ձեռքին սազ, ոտքին գրիչ եւ մագաղաթ։ Եւ ես կը ցանկամ, որ գիշերային այս խաղաղ ժամերուն, յարգելի ընթերցող, յօդուածս թող ամէն գրապաշտ հայու համար ուխտագնացութեան վայր մը ըլլայ։
Սուրբի մասունքը քարերու տակ
Բանաւոր մատուռս կառուցելու համար նախ պէտք էր որ ստուգէի քարաշէն մատուռը։ Բառս յունական է։ «Մատուռ» գոյականը կու գայ μαρτύριον (մարտիրիոն) բառէն, որ կը նշանակէ վկայարան։ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ վկայի, այսինքն նահատակի գերեզմանի կամ անոր մասունքի վրայ շինուած աղօթատեղի էր ան…։ Դուք մատո՞ւռ կը բնտռէք օրհնութիւն ստանալու համար։ Դժուար չէ։ Զայն կը գտնէք բնակավայրերու, գերեզմանոցներու եւ վանական համալիրներու մէջ, ճանապարհներու վրայ, բարձունքներու գագաթին…։ «Ո՞ւր է մատուռ», - հարցուցէք գիւղի երեխաներուն։ Անոնք սիրով ձեզի կ՚ուղեկցին մինչեւ այդ թաղածածկ կառոյցը ուր աղօթող մը կայ միշտ։
Մատրան առաջին քարերը
Հայկական «մատուռ» բառի հիմնաքարերը դրեր ենք Ոսկեդարուն։ Մեր նախնիները զայն կոչեր են նաեւ «մարտիրոսանոց»։ Մատենագիրները բառ առ բառ կառուցեր են անտեսանելի բայց յոյժ գեղեցիկ «մատուռ»ներ։ Ահա քանի մը գրաւոր վկայութիւն. «Զշինուած մատրանն կազմէին», «Տօնք ամենայն մարտիրոսաց, զոր մատուռն կոչեմք», «Ննջէին՝ որպէս այժմ ʼի մատռունս»։ Ունեցանք նաեւ «աշխարհամատուռն» խիստ հազուագիւտ բառը։ Տաղասաց, Կարին քաղաքի սիրուած ուսուցիչ Յովհաննէս Կարնեցին զայն գործածեց մէկ անգամ Յարութեան տաճարը գովաբանող «Տաղ ի վերայ Աշխարհամատրան Սրբոյ Յարութեան Տաճարի» բանաստեղծութեան մէջ. «Բաղձալի տաճար հրաշազան, աշխարհամատուռ տենչալի Սրբոյ Յարութեան»։ Համատարած էր այդ շէնքը՝ շքեղ եւ երեւելի։ Յոյներու «պազիլիք» կոչածն էր՝ արքունի տաճար։ Ունինք նաեւ «մոխրամատուռ» նոր բառը։ Յովհաննէս Շիրազը աչքով տեսաւ մէկը եւ գրեց. «Մեր դէմ յայտնուեց մի մոխրամատուռ»։
Մատրանուէր զաւակը
Խոնարհութի՞ւնն էր պատճառը…։ Չեմ գիտեր։ Սակայն, «մատուռ» բառը մերժեց մեծնալ։ Ան ընդմիշտ մնաց փոքր, համեստ, աչքէ հեռու եւ մենակ։ Ունեցաւ ո՚չ բարդ բառ, ոչ ալ՝ ածանց (բացառութիւնը՝ «աշխարհամատուռն»)։ Պարզութեան վսեմութիւնը։ Սակայն, ես, բարեսիրտ այցելու, անհուն գթութեամբ ցանկացայ նուէրներ ձօնել անոր։ Մտքիս մէջ յօրինեցի նոր-նոր «մատուռներ», բառիս տալով նոր շքեղութիւն մը։ Ահա ձեռատետրիս մէջ յայտնուած քանի մը բառ. «բլրամատուռ», բլուրի վրայ կանգնած մատուռ, «այրամատուռ», նախ սուրբի մենաստանը, ապա՝ անոր յիշատակին ձօնուած աղօթատեղի, «կրկնամատուռ», նահատակ երկու սուրբերու նուիրուած մատուռ, «մատրապահ», մատուռը խնամող նուիրեալ անձ, «մատրանուէր», ածական, մատուռի նուիրուած սրբանկար, նորածին, աղօթագիրք, կամ որեւէ առարկայ։
Աշխարհի ամենամեծ մատուռը
Հայկական լեռնաշխարհի մէջ մի՚ նայիք հիւսիս կամ հարաւ, թէ ո՚ւր կայ մատուռ։ Դուք մի՚ հարցնէք անցորդին թէ՚ ո՚ւր է գիւղի, տեղանքի, սարի, այրի, անտառի, բլրակի, վանքի մատուռը։ Յարգելի ընթերցող մեր երկի՚րն է մատուռ, ուր սուրբեր, նահատակներ կը պառկին, ու ազգը միշտ աղօթքի է նստած։ Հետեւաբար դուք մի՚ զարմանաք, թէ երկրիս քարտէզի վրայ կան բազմաթիւ «Մատուռ»ներ։ Ահա տասնեակ մը, զոր ես համադրեցի ձեզի համար. «Մատռաձոր», Կողբի մօտ գիւղատեղի, աւերակ եկեղեցի, գերեզման, «Մատռավանք», վանք, Տարօն գաւառի մէջ, Մուշ քաղաքէ 20 քմ. հիւսիս, զոր Գրիգոր Լուսաւորիչը շինել տուաւ որպէս վկայարան եւ անոր տապանին մէջ խոնրահեցուց Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքներէ կտոր մը, «Մատուռ», աւերակ բերդ, Կարսի մէջ Կաղզվանի մօտ Մատուռաջուր վտակի ափին, «Մատուռ Ջուր», նոյն տեղ, Արաքսի աւազանի գետակներէն մէկը, բերդի անունով կոչուած, «Մատուռայ Եղեւնեաց Անտառ», նոյն տեղ, անտառ, բերդի անունով կոչուած, «Մատուռ», քաղաք, Աղձնիքի մէջ, Նփրկերտ գաւառի մօտ, «Մատուռք», գիւղակ եւ ագառակ, Խոտորջուրի գիւղախումբի մէջ, «Մատուռի Ձոր», կիսաւեր մատուռ, Արցախի մէջ Դրմբոն գիւղ հիւսիսը, Ամենափրկիչ վանքի մօտ։ Այդ մատուռի բարաւորի վրայ յիշուած է 1187 թուականը։ Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, եթէ կը փափաքիք ձեր առանձնատան մէջ աղօթքի նստիլ եւ հաղորդուիլ անցեալին հետ, ձեզ կը վստահեցնեմ, հայկական ամէն մատեան սրբաւայր է։ Բացէ՛ք տաղարանի մը դուռը եւ մօտեցէք մեր գրիչներու խորանին։ Հոն կը գտնէք խաղաղեցնող մրմունջներ։
Մատուռը ճանապարհին
Հայուն ի՞նչ կը յիշեցնէ «մատուռ» բառը։ Պարզ չէ՞։ Հին օրհնութիւններ, սրբութիւններ, աղօթքի նստած մայր, ծառ մը ծերացած, շիրմաքար մը թեքուած… Այս պատկերներով է, որ մեր բանաստեղծները յօրինեցին մատուռներ, որոնք քնարական էին, նման էին վարպետ արուեստագէտի մը յօրինած բնանկարին։ Արցախի Դաշուշէն գիւղի զաւակ, Պաքու քաղաքի մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսանող, արձակագիր, թատերագիր Վազգէն Օվեանը կարօտով լի՝ այսպէս յիշեց իր մանկութեան օրերը. «Ճանապարհին / Կանգնած է դեռ մատուռ մի հին. / Կտուր չունի, ոչ էլ խորան, / Ոչ պատուհան. / Մի խաչքար է, մի խուլ անձաւ, / Կողքին թեղի մի ծնկածալ, / Մի շիրմաքար՝ յենուած ծառին”։ Իսկ մէկ այլ օր՝ մատուռը՝ մայրացաւ։ Այդ քնքոյշ պատմութիւնը կարդանք յաջորդ պարբերութեան մէջ։
Մատուռը մայրացաւ
«Որբանոցէն շատերը կը փախչէին», պատմեց Օնիկը։ «Մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես՝ դէպի Արփաչայի հովիտները… Ծաղիկներու ու կակաչներու մէջ կը մոռնայի, որ որբ եմ...»։ Ցնցոտիներ հագած, մրոտած դէմքով անհանգիստ ու կրակոտ այդ տղան ապագայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազն էր։ Ան կը փնտրէր իր սպանուած հօր «պոստանը»։ Մա՞յրը… Ահ, մայրը։ Հրաշք մը պէտք էր, որ կրկին հանդիպէր անոր։ Ալեքսանտրապոլի փողոցներու վրայ ջուր ծախող այդ մանուկը օր մը կը նկատէ խոշոր սեւ հաց մը բռնած խեղճ կին մը։ Սոված Օնիկը կը փորձէ հացը փախցնել։ Կինը կը բռնէ տղու բազուկը, ապա ուժգին կը սեղմէ իր կուրծքին։ Մայրն էր։ Կարսեցի տիկին Աստղիկը։ Տարիներ յետոյ տղան պիտի գրէր «Մայրս» բանաստեղծութիւնը եւ այդ օր «մատուռ» բառը պիտի մայրանար. «Մեր յոյսի դուռն է մայրս, / Մեր տան մատուռն է մայրս»։ Իսկ մէկ այլ օր, Համօ Սահեանը Մայր Հայաստանին պիտի ձօնէր քերթուած մը եւ պիտի ըսէր. «Հայաստա՚ն, անունդ տալիս, … / Թեքուած մի մատուռ եմ յիշում»։
Մատրան երգը
Դուք գիտէք, թէ մատրան մէջ չեն հնչեր Շնորհալիներու շարականները քաղցրաշունչ, Կոմիտասի երգչախումը քառաձայն։ Հոն կը գտնէք մրմունջ մը լոկ։ Իսկ մեր բանաւոր մատուռն ալ ունի ի՚ր երգերը։ Կը յիշէ՞ք, տասնամեակ մը առաջ հայրենի երիտասարդ երգիչ Արաբօ Իսպիրեանը հայրենաշունչ երգով մը պարուրեց մեր սիրտերը։ Բուռն կարօտով գրուած այդ երգի մէջ տղան ըսաւ. «Կարօտել եմ տուն իմ հայրենի, / Դու ամրոցն ես հզօր հայրերի, / Ու մատուռն ես դու մեր քնքոյշ մայրերի, հայրենիք»։ Իսկ աւարտին մաղթեց, «Աղօթում եմ Աստուած պահպանի»։
«Իմ սուրբ մատուռ»
Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ մատուռի նուիրուած աշուղական նոր երգով մը։ Հեղինակը Սայաթ-Նովաներու, Նաղաշ Յովնաթանեաններու ժառանգորդ, մերօրեայ բանաստեղծուհի, երգահան, Տաւուշի լեռներու, ձորերու, դաշտերու նրբանկատ տիկին Աշուղ Նազելին է։ Աշուղի երախայրիքն է «Իմ սուրբ մատուռ» երգը։ Կ’արժէ յիշել, նաեւ թէ Նազելին 2000 թուականին այդ երգով մասնակցեցաւ «Սայաթ-Նովա» երգի մրցումին եւ արժանացաւ առաջնութեան։ Իսկ յետագային լոյս տեսաւ անոր «Իմ Սուրբ Մատուռ» խորագրով երգարանը։ Այդ յուզիչ երգը ունի իր նախապատմութիւնը։ Արտօնեցէք, որ աշուղը ի՚նքը պատմէ զայն, ապա լսենք երգը- համառօտուած. «Այս երգն իմ աղօթքն է։ Իմ ծննդավայրում մի փոքրիկ մատուռ կայ, ես երեխայ ժամանակից միշտ գնում եմ այնտեղ։ Եւ երգը գրելիս էլ յիշում էի, թէ իմ տատիկն ինչպէս էր մի գունաւոր սիրուն աքլոր թեւի տակ դրած, մեզ՝ երեխաներիս էլ իր հետ վերցրած, եօթ անգամ խաչի բոլորը պտըտւում եւ մատաղ անում։ Ու ես շատ տպաւորուած էի այդ տեսարանով։ Յիշում եմ նաեւ նրա մրմունջը, թէ ինչպէս էր ասում. «Տէր Աստուած, շառից, փորձանքից հեռու պահես իմ երեխեքին»։ Ու այդպէս այս յիշողութիւնը դարձաւ երգ»։
Մի հին խաչքար՝
ուսին փոշի դարերի,
Փոքրիկ մատուռ՝
օծուած բոյրով մոմերի…
Իմ սուրբ մատուռ,
ոտքդ եկայ ես նորից…
Խաչքարիդ մօտ
մոմ կը վառեմ խոնարհուած,
Ու ջերմեռանդ
իմ աղօթքը սրդողած
Դու կ’իմանաս, մատուռ,
ու մէկ էլ Աստուած։
Իմ սուրբ մատուռ։