Չմոռացած կը պատմէ բժիշկ Գէորգ Աբգարեան

ԺԱՍՄԵՆ ՎԻԼԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ իր կեան­քի տար­բեր ժա­մանա­կահա­տուած­նե­րուն կը կշռէ իր ան­ցած կեան­քի ու­ղին, կրկին վե­րագ­նա­հատէ ու կը վե­րաիմաս­տա­ւորէ ար­ժէքնե­րը։ Սա­կայն բո­լորը չէ որ պատ­րաստ է իր մտքե­րը, խո­հերն ու հոյ­զե­րը՝ ան­ցած կեան­քը ներ­կա­յաց­նել հան­րութեան դա­տողու­թեան։

«Նա­յիրի» Բժշկա­կան Կեդ­րո­նի «Թա­մարա Կա­սաւի-Աբ­գա­րեան» անուան ու­ռուցքա­բանու­թեան կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր, Ֆրան­սա­հայ բժիշկ Գէորգ Աբ­գա­րեանը Ապ­րի­լի 2-ին հայ ըն­թերցո­ղի դա­տին յանձնեց՝ «Չմո­ռացած պատ­մեմ» խո­րագիր իր առա­ջին գիր­քը։ Այսպէ­սով Ֆրան­սա, Հա­յաս­տան (յատ­կա­պէս 1988-ի երկրա­շար­ժէն եւ Ղա­րաբա­ղեան ազա­տագ­րա­կան պա­տերազմնե­րէն ետք), տաս­նեակ եւ տաս­նեակ հա­զարա­ւոր մարդկանց կեան­քեր փրկած բժիշ­կը առա­ջին ան­գամ հան­դէս կու գայ, որ­պէս գրող։ Իր հետ զրու­ցե­լով փոր­ձե­ցինք բա­ցայայ­տել քա­նի մը կա­րեւոր հարց։

Ըստ էու­թեան գիր­քին մէջ ամ­փո­փուած են ձեր կեան­քի յի­շողու­թիւննե­րը, որոնք ան­շուշտ թանկ են ձեզ հա­մար, իսկ ի՞նչ կը նշա­նակեն այդ յի­շողու­թիւննե­րը ըն­թերցո­ղի հա­մար։

Սա մար­դու մը պատ­մութիւն է, ով հայ ըլ­լա­լով մե­ծացած է, սա­կայն ծնե­լով եւ ապ­րե­լով Թուրքիա ինքզինք հայ չէ զգա­ցած, կամ աւե­լի ճիշ­դը ըսեմ՝ չեն թոյլ տո­ւած որ իր հա­յու­թիւնը զգայ։ Միայն Փա­րիզ մեկ­նե­լէն ետք գտած եմ ես ինձ։ Հա­յաս­տա­նը, հայ ըլ­լա­լը հասկցած եմ եւ այ­նուհե­տեւ սկսած եմ հաս­տա­տել շփումներս Հա­յաս­տա­նի հետ։ Այդպի­սով ետ եկած է հայ ըլ­լա­լու զգաց­մունքս եւ հասկցած եմ, որ ես իս­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի մի մաս­նիկն եմ։ Իմ մէջ ազ­գա­սիրու­թիւնը, երկրի հան­դէպ սէ­րը, շատ խոր բա­ցայայ­տում է ին­ծի հա­մար։ Շատ կա­րեւոր է, որ մար­դիկ իրենց եր­կի­րը ու ազ­գա­կից­նե­րը սի­րեն։ Փա­րիզի նման հրա­շալի քա­ղաք մը ապ­րի­լը շատ լաւ է, սա­կայն ամե­նահ­րա­շալի բա­նը սե­փական եր­կի­րը՝ Հա­յաս­տա­նը ապ­րիլն է։ Հա­յաս­տա­նի օդը շնչե­լը, Հա­յաս­տա­նի ջու­րը խմելն է։ Անոր հա­մար եկայ եւ մնա­ցի Հա­յաս­տան, որով­հե­տեւ շատ եւ շատ կը սի­րեմ իմ եր­կի­րը, ազ­գը։ Կը կար­ծեմ որ գիր­քը պա­րու­նա­կած այս զգա­ցումնե­րով հե­տաքրքիր ըլ­լայ ըն­թերցո­ղին հա­մար։ Երկրորդ պատ­գամս այն է, որ եր­բեք պէտք չէ խու­սա­փիլ նպա­տակին հաս­նե­լու ձգտու­մէն։ Ամէն ինչ ըրած եմ նպա­տակ­նե­րուս հաս­նե­լու հա­մար։ Կը փա­փաքիմ, որ իմ ժո­ղովուրդը նպա­տակաս­լաց ըլ­լայ։ Նպա­տակին հաս­նե­լուն հա­մար ամէն օր եւ շատ պէտք է աշ­խա­տիլ։

Ձեր կեան­քի ու­ղիով անցնե­լուն, ըն­թերցո­ղը իր հա­մար որո՞ւ կեր­պարներն է նաեւ բա­ցայայ­տե­լու։

Իմ կեան­քիս մէջ շատ սի­րած եւ յար­գած եմ չորս անձնա­ւորու­թեան եւ միշտ ձգտած եմ իրենց նմա­նելու։ Բնա­կանա­բար այս գիր­քի մի­ջոցով ըն­թերցո­ղը կը բա­ցայայ­տէ այդ չորս ան­հատնե­րը։ Առա­ջինը անգլիական վար­ժա­րանի թո­ւաբա­նու­թեան իմ ու­սուցիչն էր՝ միս­տեր Սմար­թը, ան ազ­գութեամբ շոտ­լանդա­ցի էր եւ շատ բարձրա­հասակ մարդ (1մ 90 սմ), իսկ անոր կի­նը ֆրան­սուհի էր։ Միս­տեր Սմար­թը ինձ շատ օգ­նած է։ Ես շատ կաս­կածներ ու­նէի, ար­դեօք ես լաւ աշա­կերտ եմ թէ ոչ։ Եւ իմ ու­սուցի­չը վստա­հեցուց ըսե­լով. «Գէորգ եթէ աշ­խա­տիս, ապա դուն շատ կը յա­ռաջա­նաս»։ Ան փո­խեց իմ կեան­քը եւ կրնամ ըսել, որ ինձ օգ­նեց բժշկու­թիւնը ընտրելու մէջ։ Երկրորդ կա­րեւոր կեր­պա­րը իմ կեան­քին, Ֆրան­սա­յի «Նե­քեր» հի­ւան­դա­նոցի շե­ֆերէն մէկն էր՝ Ժան Պեր­նար Կա­զալա կար­ճա­հասակ, սա­կայն շատ-շատ խե­լացի զգա­յազրկման եւ վե­րակեն­դա­նաման մաս­նա­գէտ էր։ Իմ հայ ըլ­լա­լը եւ ֆրան­սե­րէնի չի­մացու­թիւնը անոր հա­մար որե­ւէ ար­գէլք չե­ղաւ աշ­խա­տելու ըն­թացքին։ Ան տե­սաւ իմ աշ­խա­տասի­րու­թիւնը եւ ընդգրկեց ինձ իր բա­ժան­մունքի մէջ։ Ամ­բողջու­թեամբ կի­սուեց ինձ հետ իր գի­տելի­քը եւ մեծ փոր­ձով՝ մաս­նա­գիտա­կան ճա­նապարհ բա­ցաւ իմ առ­ջեւ։ Ան իս­կա­պէս ֆրան­սա­ցի մարդ էր, ով լաւ կը հասկնար բարձրո­րակ ու­տե­լիքը եւ խմիչքնե­րը։ Վառ ան­հատ էր ու փո­խեց իմ կեան­քը։ Եր­րորդ անձնա­ւորու­թիւնը որուն կ՚ու­զէի նման ըլ­լալ, Հրանդ Տինքն է, մեր հա­յազ­գի ճանչցո­ւած հա­սարա­կական գոր­ծի­չը, «Ակօս» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիրը, որուն Իս­թանպու­լի մէջ սպա­նեցին։ Երբ այս մար­դուն ես հեր­թա­կան ան­գամ հան­դի­պեցայ՝ զրոյ­ցի ժա­մանակ տես­նե­լով իմ մէջ եղած ատե­լու­թիւնը թուրքե­րուն նկատ­մամբ՝ ըսաւ հե­տեւեալը. «Գէորգ դուն հի­ւանդ ես, գնայ բու­ժո­ւիր»։ Հրանդ Տին­քը օգ­նեց ատե­լու­թեան զգա­ցողու­թե­նէն ձեր­բա­զատո­ւելու խնդրին մէջ։ Ար­դիւնքին կա­րողա­ցայ խօ­սիլ, շփո­ւիլ թուրքե­րուն հետ։ Հրանդ Տին­քը շատ բա­րի եւ խե­լացի մարդ էր, ու ար­տա­կարգ գի­տէր հայ պատ­մութիւ­նը։ Ան հա­մոզո­ւած էր, որ թուրքե­րուն պէտք է սոր­վեցնել իս­կա­կան պատ­մութիւ­նը, քա­նի որ անոնք չէին գի­տեր իրա­կանու­թիւնը, տե­ղեակ չէին ճշմար­տութե­նէն։ Իմ կեան­քին չոր­րորդ կա­րեւոր ան­ձը՝ Էրե­պու­նի Բժշկա­կան Կեդ­րո­նի ղե­կավար, փրո­ֆէսոր Արտյոմ (Յա­րու­թիւն) Քուշկեանն է։ Զինք ճանչցած եմ 1988-ի երկրա­շար­ժէն ի վեր։ Հիացած եմ անոր աշ­խա­տասի­րու­թեանը, հե­ռատե­սու­թեանը, գի­տելիք­նե­րը երի­տասարդնե­րուն հետ կի­սուե­լու ու­նա­կու­թեանը եւ մարդկա­յին բարձր ար­ժէքնե­րով միշտ յա­ռաջ գնա­լու ձգտումնե­րը։ Այդպի­սին է Արտյոմ Քուշկեանի կեր­պա­րը եւ եթէ այ­սօր խօ­սինք եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովուրդնե­րու, զի­նուոր­նե­րու, բժիշկնե­րու եւ՛ իրեն աշ­խա­տակից­նե­րուն հետ ապա կը տես­նենք թէ որ­քան յար­գանք եւ սէր կը վա­յելէ, ինչ որ բնա­կան է, քան­զի պա­րոն Քուշկեանը իր աշ­խա­տան­քով շատ բան փո­խեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ղա­րաբա­ղի առող­ջա­պահու­թեան հա­մակար­գին՝ յատ­կա­պէս ՀՀ եւ ԼՂՀ առող­ջա­պահու­թեան նա­խարար եղած ժա­մանա­կահա­տուա­ծին։ Ի դէպ ան իմ կեան­քի մէջ ալ շատ բան փո­խեց։ Մենք իրար շատ լաւ կը հասկնանք, քան­զի հո­գով շատ մօտ ենք իրար՝ խօս­քի մէջ իրար միտք ան­մի­ջապէս կ՚ըմբռնենք։ Իմ ու­նա­կու­թիւննե­րուս ան միշտ հա­ւատա­ցած է, ինչ որ շատ կա­րեւոր բան է։ Պէտք է ըսեմ, որ Հա­յաս­տան գա­լու, ապ­րե­լու իմ երա­զանքս Արտյոմ Քուշկեանն է իրա­կանա­ցու­ցած, քա­նի որ զիս հրա­ւիրած է իր կլի­նիկա աշ­խա­տելու, ըսե­լով որ ինձ իր կող­քին տես­նել կ՚ու­զէ։

Իւ­րա­քան­չիւր գրո­ղի նպա­տակն է իր մտքի, հո­գու ձայ­նը հասցնէ հա­սարա­կու­թեան սրտին, ին­չի՞ մա­սին է ձեր կան­չը։

Շատ կա­րեւոր հարց տո­ւիք, պա­տաս­խա­նը մի քա­նի մա­սի պի­տի բաժ­նեմ։ Առա­ջին կան­չը այն է, որ ար­մատնե­րը պէտք չէ մոռ­նալ թէ մենք որ­տե­ղէն կու գանք, որ­տեղ են մեր ար­մատնե­րը։ Առա­ջին կան­չի նպա­տակս, որ իմ փոք­րիկ 12 տա­րեկան տղաս՝ Մի­նասիկս իմա­նար, որ իր տա­տիկը, պա­պիկը որ­տե­ղէն կու գան, ճանչնայ իր ար­մատնե­րը։ Երկրոր­դը՝ սի­րել սե­փական եր­կի­րը, հո­ղը եւ եր­բեք ան չփո­խարի­նել Ամե­րիկա­յի հա­րուստ կեան­քի հետ։ Ականջնե­րուս մէջ կը հնչեն Ճոն Քե­նետիի խօս­քե­րը «Մի սպա­սէք թէ ինչ կու տայ քեզ քու եր­կի­րը՝ մտա­ծէք ինչ դուք կրնաք ընել ձեր երկրի հա­մար»։ Իւ­րա­քան­չիւր հայ պէտք է սա իմա­նայ եւ ամէն մարդ իր կա­րողու­թիւննե­րու չա­փով իր երկրին պէտք է օգ­նէ։ Եւ եր­րորդ կէ­տը, որ կ՚ու­զէի նշել որ­պէս կանչ՝ ազ­գե­րու մի­ջեւ ատե­լու­թեան վե­րացումն է։ Չոր­րորդ կանչս պայ­քարն է՝ կեան­քիս բո­լոր հանգրո­ւան­նե­րուն ես միշտ պայ­քա­րած եմ ե այժմ ալ կը շա­րու­նա­կեմ պայ­քա­րիլ։ Անոր հա­մար կ՚ըսեմ՝ պայ­քա­րիլ, եր­բեք չթու­լա­նալ եւ միշտ հաս­նիլ նպատակին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ