Կայացաւ
Ժողովրդահանրապետական
Կուսակցութեան համագումարը
18 Մարտին Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրամ Իմամօղլուի համալսարանի տիփլոմի չեղարկումով մեկնարկող անօրինութեան շարքը յաջորդ օր քաղաքապետի ձերբակալութիւնով մտած էր նոր փուլի մը։ Այդ միջոցին Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան նախագահ Էօկիիւր Էօզէլ հաւանական նոր դաւադրութիւնով մը կուսակցութեան տեղապահ նշանակուելու վարկածին դէմ յայտարարեց 6 Ապրիլ թուականին արտակարգ համագումար։ Անգարայի մէջ կայացող համագումարի աւարտին Էօզէլ վերընտրուեցաւ իբրեւ նախագահ։ Քաղաքապետի ձերբակալման յաջորդող օրերուն զանգուածային բողոքի ցոյցերէն ետք բերման ենթարկուած երիտասարդներէ ու ուսանողներէ 301-ը ձերբակալուեցան։ Յաջորդին այդ ձերբակալութիւններու դէմ կատարուած առարկութիւններու հետեւանքով հինգ ուսանողներ դուրս եկան արգիլանոցէն, իսկ 296-ը կը շարունակէ մնալ ճաղերու ետին։
Մինչ այդ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութիւնը քաղաքապետի հետ ձերբակալուած աւելի քան 50 պաշտօնեաներու համար կը ձեռնարկէ հանրահաւաքներու շարքի մը։
Առաջին հանրահաւաքը կայացաւ 9 Ապրիլ Չորեքշաբթի երեկոյ Շիշլիի քաղաքապետարանի առջեւ։ Ինչպէս ծանօթ է Շիշլիի քաղաքապետն ալ ձերբակալուած էր եւ իր տեղ ալ տեղապահ մը նշանակուած։
Ընդդիմութիւնը համախմբուած
Վերջին շաբաթներու զարգացումներուն հետեւանքով ընդդիմադիր զանազան կուսակցութիւններ համախմբուեցան իշխանութեան դէմ։ Այս դիրքորոշումի կարեւոր ազդակներէն մէկն ալ իրաւական համակարգի քաղաքականացումն է։ Այս պահի դրութեամբ նախագահութեան երկու թեկնածուներ, երեք կուսակցապետեր, ընտրուած երեսփոխան մը, բազմաթիւ իրաւապաշտպաններ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ ճաղերու ետին են։ Անոնց ուղղուած մեղադրանքները երբեք համոզիչ չեն թուիր թէ՛ երկրէ ներս եւ թէ արտասահմանի քաղաքական շրջանակներուն։
Վերջին դէպքերը եռեւեփումի նոր հոսանք մը գոյացուցին նաեւ ակադեմական շրջանակներու մէջ։ Ուսանողներու կողքին դասախօսներն ալ կը մասնակցին համալսարանական պոյքոթներուն։ Այս մասին ալ Բարձրագոյն Ուսման Խորհուրդը յայտարարութիւններով կը փորձէ դասախօսները զերծ պահել բողոքի ալիքին մասնակցելէ։
Տնտեսական հետեւանքներ
Քաղաքապետի բերման ենթարկուելէն անմիջապէս ետք Իսթանպուլի Սակարանի վրայ վաճառուող բաժնետոմսերը զգալի անկում կրեցին։
Նոյնպէս թափ ստացաւ ԹԼ-ի արժեզրկումը տարադրամի դիմաց։ Սոյն վերիվայրումը հաւասարակշռելու համար կեդրոնական դրամատունը ստիպուեցաւ տարադրամ թողարկել եւ պետականապատկան դրամատուներն ալ իրենց եւ այլ բաժնետոմսեր գնել։ Ի դէմ այս բոլորին տնտեսագէտները կը տեղեկացնեն բազմամիլիառ ԱՄՆ տոլարի համազօր սնանկացում պետական գանձարանէն։
2 Ապիլի համար գործադրուած առեւտուրի պոյքոթը եւս ազդեցիկ եղաւ շուկաներու վրայ։ Այդ օր մարդիկ խուսափեցան ոեւէ բան գնելէ եւ շատ մը խանութներ ալ ձայնակցելով կատարուած կոչին խուսափեցան իրենց փեղկերը բանալէ։