Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները կեանքի սպառնալիքի ենթակայ

ԱՔԱՆՏԱ ԹԱՇԹԵՔԻՆ

Շամի մէջ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը ձեռք բե­­­րած Հէ­­­յէթ Թահ­­­րիր էլ Շամ (ՀԹՇ) կը փոր­­­ձէ հաս­­­տա­­­­­­­տել իր սե­­­փական վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գը, մինչ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու անվտան­­­գութեան նկատ­­­մամբ մտա­­­հոգու­­­թիւննե­­­րը կ՛աճին։ Միւս կողմէ ալե­­­ւինե­­­րուն դէմ կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին, հա­­­մեմա­­­տաբար նո­­­ւազ թի­­­րախ դար­­­ձած քրիս­­­տո­­­­­­­նեանե­­­րը վա­­­խով կը սպա­­­սեն։ Մարտ 9-ին Լա­­­թաքիայի մէջ հայր եւ որ­­­դի եր­­­կու հա­­­յեր սպան­­­նո­­­­­­­ւեցան ՀԹՇ-ի կող­­­մէ իրա­­­կանա­­­ցուող գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին։

Հա­­­յերը 2014-ին ար­­­ժա­­­­­­­նացած էին ու­­­շադրու­­­թեան, երբ Թուրքիայէն հո­­­վանա­­­ւորո­­­ւող ջի­­­հատա­­­կան խումբե­­­րը ներ­­­խուժե­­­ցին Քե­­­սապ գիւ­­­ղա­­­­­­­քաղա­­­քը։ Մինչ հա­­­յերը կը լքէին գիւ­­­ղա­­­­­­­քաղա­­­քը, հե­­­ռանալ չկրցած քա­­­նի մը տա­­­րեց­­­ներ «մար­­­դա­­­­­­­սիրա­­­կան օգ­­­նութեան» գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեամբ բե­­­րուե­­­ցան Թուրքիա՝ դառ­­­նա­­­­­­­լով հան­­­րա­­­­­­­յին յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու նիւթ։ Այ­­­սօր ալ հա­­­յերը, ինչպէս միւս փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը, կը սպա­­­սեն մութ թու­­­նե­­­­­­­լէն դուրս գա­­­լու՝ առանց գիտ­­­նա­­­­­­­լու թէ ինչ կրնայ պա­­­տահիլ իրենց։

Սու­­­րիացի հայ լրագ­­­րող Գէորգ Ալ­­­մա­­­­­­­սեան կ՛ըսէ թէ 2011-էն ետք զի­­­նեալ ընդդի­­­մադիր խումբե­­­րու թի­­­րախ դար­­­ձած հա­­­յերուն մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը լքած է եր­­­կի­­­­­­­րը՝ վատ­­­թա­­­­­­­րացող պայ­­­մաննե­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով։ Ալ­­­մա­­­­­­­սեան կը նշէ թէ վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գի տա­­­պալու­­­մէն ետք ալ հա­­­յերը ՀԹՇ-ի կող­­­մէ աւե­­­լի քիչ թի­­­րախա­­­ւորուած են՝ հա­­­մեմա­­­տած ալե­­­ւինե­­­րուն։ Ըստ Ալ­­­մա­­­­­­­սեանի՝ Քե­­­սապի հա­­­յերը ապաս­­­տա­­­­­­­նած են Լա­­­թաքիա, սա­­­կայն վեր­­­ջին դէպ­­­քե­­­­­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով հոն ապ­­­րող մար­­­դիկ ալ վա­­­խէն չեն կրնար իրենց տու­­­նե­­­­­­­րէն դուրս գալ։ Հայ հա­­­մայնքը, ալե­­­ւինե­­­րու ճա­­­կատա­­­գիրը չկի­­­սելու հա­­­մար, կը պահ­­­պա­­­­­­­նէ չէ­­­զոք դիր­­­քո­­­­­­­րոշում ՀԹՇ-ի նկատ­­­մամբ։ Ալ­­­մա­­­­­­­սեան կ՛ընդգծէ այն հա­­­ւանա­­­կանու­­­թիւնը, որ Սու­­­րիան կրնայ «պալ­­­քա­­­­­­­նացո­­­ւիլ» ՀԹՇ-ի ձեռ­­­քին։

Ո՞վ է Ալ­­­մա­­­­­­­սեանը

Գէորգ Ալ­­­մա­­­­­­­սեան ծնած է 1987-ին Հա­­­լէպի «աւե­­­լի պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կան եւ ներ­­­փակ հա­­­սարա­­­կու­­­թիւն» նկա­­­րագ­­­րած թա­­­ղամա­­­սերէն մէ­­­կուն՝ Շեյխ Թա­­­հայի մէջ։ Մեծ­­­ցած է նիւ­­­թա­­­­­­­կան դժո­­­ւարու­­­թիւններ ու­­­նե­­­­­­­ցող մի­­­ջին-ստո­­­րին խա­­­ւի հայ­­­կա­­­­­­­կան ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը որ­­­դին ըլ­­­լա­­­­­­­լով։ Ալ­­­մա­­­­­­­սեան կը պատ­­­մէ, որ իր հայ­­­րը՝ փոքր գոր­­­ծա­­­­­­­րար մը, հա­­­կառակ բո­­­լոր նիւ­­­թա­­­­­­­կան սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումնե­­­րուն, հա­­­մեմա­­­տաբար հան­­­գիստ եւ հար­­­մա­­­­­­­րաւէտ կեանք մը ապա­­­հոված է իր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքին։ Մեծ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լու տա­­­­րինե­­­­րուն ան ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է ու­­­­ժեղ կա­­­­պեր հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան հա­­­­մայնքին հետ։ Հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պար­­­­տէզ, տար­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան եւ միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կարգ դպրոց­­­­ներ յա­­­­ճախած Ալ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­սեան կ՛ըսէ, որ իր ազատ ժա­­­­մանա­­­­կին մեծ մա­­­­սը ան­­­­ցուցած է Հո­­­­մենթմէն ակումբին մէջ ֆութպոլ խա­­­­ղալով։

Ալ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­սեան Ռիֆ Շա­­­­մի Քա­­­­լամուն հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանին մէջ Մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւններ եւ դի­­­­ւանա­­­­գիտու­­­­թիւն բա­­­­ժինը աւար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք ու­­­­սումնա­­­­սիրած է Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական հար­­­­ցեր եւ Մի­­­­ջին Արե­­­­ւել­­­­քի քա­­­­ղաքա­­­­կանու­­­­թիւն Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի եւ Լի­­­­բանա­­­­նի մէջ։ 2010-ին տե­­­­ղափո­­­­խուած է Լի­­­­բանան՝ իր կրթու­­­­թիւնը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կելու հա­­­­մար, սա­­­­կայն պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նած է իր ու­­­­ժեղ կա­­­­պը Հա­­­­լէպի հետ՝ ամէն շա­­­­բաթ այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լելով իր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքին։

2011-ին Սու­­­­րիոյ մէջ բռնկո­­­­ւած հա­­­­կամար­­­­տութիւննե­­­­րուն հետ անոնց կեան­­­­քը մե­­­­ծապէս փո­­­­խուած է։ 2012-ի կէ­­­­սերուն անոր եղ­­­­բայրը առե­­­­ւան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է Սու­­­­րիական զի­­­­նեալ խումբի մը՝ Թաու­­­­հիտ գունդի կող­­­­մէ, եւ անոր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը ստի­­­­պուած եղած է վճա­­­­րել 12,000 տո­­­­լար փրկա­­­­գին՝ եղ­­­­բօր ազատ ար­­­­ձակման հա­­­­մար։ Ալ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­սեան կ՛ըսէ, որ այս ցնցիչ դէպ­­­­քէն ետք իր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը նոյն տա­­­­րուան մէջ լքած է Սու­­­­րիան։

Անոր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը սկիզ­­­­բը ապաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նած է Պէյ­­­­րութ, ապա տե­­­­ղափո­­­­խուած է Հա­­­­յաս­­­­տան, ուր մնա­­­­ցած են մին­­­­չեւ 2020 թո­­­­ւական։ Նոյն տա­­­­րին անոնք վե­­­­րադար­­­­ձած են Հա­­­­լէպ, սա­­­­կայն Ասա­­­­տի վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կար­­­­գի ան­­­­կումէն ետք 2024-ի Դեկ­­­­տեմբե­­­­րին կրկին լքած են Հա­­­­լէպը։

Ալ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­սեան իր YouTube հե­­­­ռար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կումնե­­­­րուն մէջ, որոնք յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս կը կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նանան Սու­­­­րիոյ վրայ, ամէն օր տե­­­­սանիւ­­­­թեր կը պատ­­­­րաստէ եւ ու­­­­ղիղ հե­­­­ռար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կումներ կ՛իրա­­­­կանաց­­­­նէ հա­­­­մաշ­­­­խարհա­­­­յին աշ­­­­խարհա­­­­քաղա­­­­քական հար­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­սին։ Ան կը նշէ, որ տա­­­­րածաշրջա­­­­նի բարդ շար­­­­ժընթաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու վեր­­­­լուծու­­­­թիւններ կա­­­­տարե­­­­լու ըն­­­­թացքին կ՛օգ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւի իր անձնա­­­­կան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ ակա­­­­դէմա­­­­կան պատ­­­­մութե­­­­նէն։

Ալ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­սեան «Ակօս»ի հա­­­­մար գնա­­­­հատեց Սու­­­­րիոյ մէջ հա­­­­յերու ներ­­­­կայ վի­­­­ճակը՝ ՀԹՇ-ի իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան գա­­­­լէն ետք։

«Ճա­­­­նապարհնե­­­­րուն վրայ
մա­­­­հապա­­­­տիժի լու­­­­րեր կու գան»

Սու­­­­րիոյ մէջ ՀԹՇ-ի իրա­­­­կանա­­­­ցու­­­­ցած գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թիւննե­­­­րու ըն­­­­թացքին, հա­­­­րիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր ալե­­­­ւինե­­­­րու կող­­­­քին, մեր իմա­­­­նալով, Լա­­­­թաքիայի մէջ հայր եւ որ­­­­դի եր­­­­կու հա­­­­յեր ալ զո­­­­հուած են։ Թէեւ գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թիւննե­­­­րը աւար­­­­տած են, սա­­­­կայն պա­­­­տահած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նեն իրենց ար­­­­դիակա­­­­նու­­­­թիւնը։ Ինչպի­­­­սի՞ է Սու­­­­րիոյ հա­­­­յերուն վի­­­­ճակը։ Կա՞ն պատ­­­­մութիւններ, զորս դուք լսած էք հա­­­­յերէն կամ այլ փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րէն։ Ի՞նչ կը պատ­­­­մեն անոնք։

2011-ին պա­­­­տերազ­­­­մի բռնկու­­­­մէն ի վեր Սու­­­­րիոյ հա­­­­յերուն մե­­­­ծամաս­­­­նութիւ­­­­նը լքած է եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րը՝ աւե­­­­րիչ տնտե­­­­սական պայ­­­­մաննե­­­­րու եւ բռնու­­­­թեան մթնո­­­­լոր­­­­տի պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռով։ Հա­­­­լէպի տե­­­­ղական աղ­­­­բիւրնե­­­­րը կը հա­­­­ղոր­­­­դեն, որ հայ բնակ­­­­չութիւ­­­­նը նո­­­­ւազած է աւե­­­­լի քան 80 տո­­­­կոսով։ Եթէ իմ անձնա­­­­կան օրի­­­­նակը տամ, ժա­­­­մանա­­­­կին Սու­­­­րիոյ մէջ մօ­­­­տաւո­­­­րապէս 50 հո­­­­գիէ բաղ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցած իմ մեծ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքէս հի­­­­մա հոն ապ­­­­րող մարդ չէ մնա­­­­ցած։ Անոնցմէ շա­­­­տերը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տուած են Հա­­­­յաս­­­­տան, Քա­­­­նատա եւ Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիա։ Այ­­­­սօր մնա­­­­ցած հայ հա­­­­մայնքի մե­­­­ծամաս­­­­նութիւ­­­­նը կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նացած է Հա­­­­լէպի մէջ, որ հա­­­­մեմա­­­­տաբար հե­­­­ռու մնա­­­­ցած է կրօ­­­­նական բռնու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ Թէեւ հա­­­­կամար­­­­տութեան ընդհա­­­­նուր ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւնը ծանր եղած է, սա­­­­կայն կրնամ ըսել, որ հա­­­­մեմա­­­­տած այլ խումբե­­­­րու, ինչպէս օրի­­­­նակ ալե­­­­ւինե­­­­րը, հայ հա­­­­մայնքը Կո­­­­լանիի վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կար­­­­գին կող­­­­մէ աւե­­­­լի քիչ ուղղա­­­­կի թի­­­­րախա­­­­ւորո­­­­ւած է։

Սու­­­­րիոյ մէջ հա­­­­յերու խիտ բնա­­­­կու­­­­թեան վայր՝ Քե­­­­սապ գիւ­­­­ղա­­­­­­­­­­­­­­­քաղա­­­­քին մէջ այժմ ո՞րքան հա­­­­յեր կան։

Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կանօ­­­­րէն աշ­­­­խոյժ հայ բնակ­­­­չութեան տուն եղող Քե­­­­սապի մէջ ժո­­­­ղովուրդը մե­­­­ծամա­­­­սամբ փա­­­­խած է այդտե­­­­ղէն՝ վախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով հա­­­­րեւան շրջան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ ալե­­­­ւինե­­­­րու կրած ճա­­­­կատագ­­­­րէն։ Իսկ Լա­­­­թաքիայի հայ բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը օրե­­­­րէ ի վեր փա­­­­կուած են իրենց տու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ՝ անվտան­­­­գութեան մտա­­­­հոգու­­­­թիւննե­­­­րու պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռով։

Անվտան­­­­գութեան մտա­­­­հոգու­­­­թիւննե­­­­րով իրենց տու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը լքող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ ու­­­­րեմն հա­­­­յեր ալ կան... Ո՞ւր գա­­­­ցին անոնք։ Պի­­­­տի կա­­­­րենա՞ն վե­­­­րադառ­­­­նալ։

Քե­­­­սապէն փա­­­­խած շատ մար­­­­դիկ ապաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նած են Լա­­­­թաքիա, քա­­­­նի որ Հա­­­­լէպ եւ Շամ տա­­­­նող ճա­­­­նապարհնե­­­­րը տա­­­­կաւին վտան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր են։ Ճա­­­­նապարհնե­­­­րուն վրայ մարդկանց առե­­­­ւանգման եւ մա­­­­հապա­­­­տիժի լու­­­­րեր կու գան։ Ոմանք կը յու­­­­սան վե­­­­րադառ­­­­նալ իրենց տու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, եթէ անվտան­­­­գութիւ­­­­նը բա­­­­րելա­­­­ւուի, սա­­­­կայն շատ հա­­­­յեր կորսնցու­­­­ցած են իրենց վստա­­­­հու­­­­թիւնը Կո­­­­լանիի վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կար­­­­գի նկատ­­­­մամբ եւ կաս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ծան­­­­քով կը մօ­­­­տենան որե­­­­ւէ անվտան­­­­գութեան երաշ­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­քի։

«Հա­­­­յերը սկսան կո­­­­չուիլ փախստա­­­­կան՛ներ»

Կո­­­­լանին 2014-ին Ալ Ժա­­­­զիրա­­­­յին տո­ւած հար­­­­ցազրոյ­­­­ցի մը ըն­­­­թացքին ըսած էր, որ Սու­­­­րիան պէտք է կա­­­­ռավա­­­­րուի «իս­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­մական օրէն­­­­քի» իր մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թեան հա­­­­մաձայն, եւ «երկրի մէջ տեղ չէ տրուելու փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րուն, ինչպէս քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րուն եւ ալե­­­­ւինե­­­­րուն»։ Կո­­­­լանիի ժա­­­­մանա­­­­կաւոր նա­­­­խագահ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լէն ի վեր, ինչպի­­­­սի՞ է Շա­­­­մի մօ­­­­տեցու­­­­մը հա­­­­յերուն նկատ­­­­մամբ։ Սու­­­­րիոյ էթ­­­­նիկ-կրօ­­­­նական բե­­­­կուած­­­­քին մէջ ո՞ւր կը գտնո­­­­ւին հա­­­­յերը եւ որ­­­­քա՞ն վտան­­­­գի տակ են։

Քո­­­­լանիի նկատ­­­­մամբ քննա­­­­դատու­­­­թիւննե­­­­րը կ՛ուղղո­­­­ւին այն ուղղու­­­­թեամբ, որ ՀԹՇ-ի ղե­­­­կավա­­­­րը, իր ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քին տես­­­­քի փո­­­­փոխու­­­­թիւննե­­­­րուն հա­­­­կառակ, խո­­­­րապէս կա­­­­պուած կը մնայ թեք­­­­ֆի­­­­­­­­­­­­­­­րի գա­­­­ղափա­­­րախօ­­­­սու­­­­թեան։ Ծո­­­­վեզե­­­­րեայ քա­­­­ղաք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուող կրօ­­­­նական բռնու­­­­թիւնը, ելոյթնե­­­­րը եւ գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թիւննե­­­­րը կը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տեն այս։ Կո­­­­լանին 2014-ին տո­­­­ւած հար­­­­ցազրոյ­­­­ցի մը ըն­­­­թացքին ըսած էր, որ ալե­­­­ւինե­­­­րը չեն հա­­­­մարո­­­­ւիր մահ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­տական եւ պէտք է փո­­­­խեն իրենց կրօ­­­­նը։ Իպն Թայ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­յայի մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւննե­­­­րէն ազ­­­­դուած անոր զի­­­­նեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը առա­­­­ջին հեր­­­­թին կը թի­­­­րախա­­­­ւօրէն ալե­­­­ւինե­­­­րը եւ շիանե­­­­րը, ապա քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րը եւ հրեանե­­­­րը։ Այս գա­­­­ղափա­­­­րախօ­­­­սու­­­­թիւնը լայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծաւալ վախ կը սեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նէ փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րու հա­­­­մայնքնե­­­­րուն մօտ, նե­­­­րառեալ հա­­­­յերուն։

Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կանօ­­­­րէն Սու­­­­րիոյ հա­­­­յերը բա­­­­րեկա­­­­մական յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւններ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած են այլ հա­­­­մայնքնե­­­­րու հետ, նե­­­­րառեալ քիւրտե­­­­րու, ալե­­­­ւինե­­­­րու, տրուզնե­­­­րու եւ սիւննի­­­­ներու։ 1915-ի ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ետք հա­­­­յերը հոս բե­­­­րած են իրենց հետ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ ար­­­­հեստներ, մշա­­­­կոյթ եւ հա­­­­սարա­­­­կական ար­­­­ժէքներ, ձեռք բե­­­­րելով ազ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­թեան, ուղղամ­­­­տութեան եւ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտու­­­­թեան հե­­­­ղինա­­­­կու­­­­թիւն։ Սա­­­­կայն 2011-էն ի վեր աճած են կրօ­­­­նական եւ էթ­­­­նիկ լա­­­­րուա­­­­ծու­­­­թիւննե­­­­րը, որոնք սրած են Մուսլի­­­­ման Եղ­­­­բայրնե­­­­րու եւ Սա­­­­լաֆի թեք­­­­ֆի­­­­­­­­­­­­­­­րական խմբե­­­­րու հետ կա­­­­պուած ար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­տական ու­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Վեր­­­­ջերս Կո­­­­լանիի կողմնա­­­­կից որոշ սու­­­­րիացի­­­­ներ սկսած են հա­­­­յերը անո­­­­ւանել «փախստա­­­­կան»ներ եւ կո­­­­չեր ուղղել զա­­­­նոնք Հա­­­­յաս­­­­տան ար­­­­տաքսե­­­­լու, ինչ որ ան­­­­հանգստաց­­­­նող փո­­­­փոխու­­­­թիւն է վե­­­­րաբեր­­­­մունքնե­­­­րուն մէջ։

Ի՞նչ մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կի վրայ են Սու­­­­րիոյ հա­­­­յերուն յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րը այլ քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ
փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րու, ինչպէս ասո­­­­րինե­­­­րը, ինչպէս նաեւ քիւրտե­­­­րու, ալե­­­­ւինե­­­­րու, տրուզնե­­­­րու հետ։

Հայ հա­­­­մայնքը դրա­­­­կան յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւններ պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նած է թէ՚ Հա­­­­ֆեզի եւ թէ՚ Պա­­­­շար Ասա­­­­տի հետ։ Ար­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նեալ չըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով հան­­­­դերձ, անոնք կրցած են ուղղա­­­­կի կա­­­­պեր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տել վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կար­­­­գին հետ եւ փո­­­­խան­­­­ցել իրենց կա­­­­րիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Պա­­­­շար Ասա­­­­տը յա­­­­ճախ ցոյց տո­­­­ւած է հա­­­­յերը որ­­­­պէս հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նասէր հա­­­­մայնքի մը տի­­­­պար, որ կը պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նէ իր լե­­­­զուն եւ մշա­­­­կոյ­­­­թը՝ միաժա­­­­մանակ ներգրա­­­­ւուե­­­­լով Սու­­­­րիոյ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան մէջ։ Ասա­­­­տի օրօք հա­­­­յերու ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուցչու­­­­թիւնը Ժո­­­­ղովրդա­­­­կան ժո­­­­ղովին մէջ լռե­­­­լեայն երաշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւած էր։ Այսպի­­­­սով անոնց ապա­­­­հովո­­­­ւած էր որո­­­­շում կա­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու իրա­­­­ւունքը կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան մէջ։ Սա­­­­կայն, իհար­­­­կէ, անոնց քա­­­­ղաքա­­­­կան ազա­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րը սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափակ էին՝ Պաաս կու­­­­սակցու­­­­թեան հե­­­­ղինա­­­­կաւոր կա­­­­ռու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­ւած­­­­քին պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռով։

Ի հա­­­­կադ­­­­րութիւն՝ ՀԹՇ-ի վե­­­­րել­­­­քը ստեղ­­­­ծած է շատ աւե­­­­լի տար­­­­բեր մի­­­­ջավայր։ Կո­­­­լանիի կա­­­­պը Ալ Քա­­­­յիտա­­­­յի հետ եւ անոր վստա­­­­հու­­­­թիւնը թրքա­­­­կան հե­­­­տախու­­­­զութեան նկատ­­­­մամբ պատ­­­­ճառ դար­­­­ձած է, որ շատ հա­­­­յեր զայն դի­­­­տեն որ­­­­պէս թրքա­­­­կան ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թիւն։ Սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափակ քա­­­­ղաքա­­­­կան ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան եկե­­­­ղեցի­­­­ները եւ պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը առաջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­հեր­­­­թութիւն տո­­­­ւած են ՀԹՇ-ի նկատ­­­­մամբ չէ­­­­զոք դիրք պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նելուն՝ թի­­­­րախա­­­­ւորո­­­­ւած այլ խումբե­­­­րու, ինչպի­­­­սիք են ալե­­­­ւինե­­­­րը, ճա­­­­կատա­­­­գիրը չկի­­­­սելու հա­­­­մար։

Հա­­­­մեմա­­­­տած ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յի, նախ­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­նում՝ Ասա­­­­տի օրօք, ինչպի­­­­սի՞ էին հա­­­­յերու պայ­­­­մաննե­­­­րը Սու­­­­րիոյ մէջ։ Ինչպի­­­­սի՞ն էր հա­­­­յերու, քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րու յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւնը պե­­­­տու­­­­թեան հետ։ Հա­­­­մեմա­­­­տած այդ ժա­­­­մանա­­­­կաշրջա­­­­նին հետ, այժմ վի­­­­ճակը բա­­­­րելա­­­­ւուո՞ւմ է, թէ՞ վատ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­րանում է։ Կրնա՞ն անոնք հա­­­­մաձայ­­­­նութեան գալ ՀԹՇ-ի հետ, ըստ ձե­­­­զի։ Ինչպէ՞ս կը մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանէք ՀԹՇ-ՍԴՈւժ (Սու­­­­րիոյ Դե­­­­մոկ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տական Ու­­­­ժեր) հա­­­­մաձայ­­­­նութիւ­­­­նը։

Եթէ Կո­­­­լանին շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէ այս ճա­­­­նապար­­­­հով, Սու­­­­րիոյ մէջ փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րու ապա­­­­գան մռայլ կ՛երե­­­­ւի։ Շատ հա­­­­մայնքներ կրնան փնտռել ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քին աջակ­­­­ցութիւն եւ պաշտպա­­­­նու­­­­թիւն, ինչ որ Սու­­­­րիան կը դնէ պալ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­նաց­­­­ման հա­­­­ւանա­­­­կանու­­­­թեան առ­­­­ջեւ։ Հա­­­­յերուն հա­­­­մար հա­­­­մաշ­­­­խարհա­­­­յին սփիւռքէն մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին օժան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւնը չստա­­­­նալը աւե­­­­լի կը բար­­­­դացնէ անոնց դժո­­­­ւարու­­­­թիւննե­­­­րը։ Ան­­­­հատներ կրնան օգ­­­­նութիւն ստա­­­­նալ անձնա­­­­պէս, սա­­­­կայն չկայ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ճիգ մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւննե­­­­րու կող­­­­մէ՝ աջակ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու Սու­­­­րիոյ մէջ մնա­­­­ցող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Մինչ հա­­­­կամար­­­­տութիւննե­­­­րը կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուին, հայ հա­­­­մայնքը, ինչպէս այլ փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւններ, կը դի­­­­մագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւէ անո­­­­րոշ ապա­­­­գայ։ Անոնցմէ շա­­­­տերը կը հարցնեն իրենք զի­­­­րենք, թէ ինչպէս կրնան վե­­­­րակա­­­­ռու­­­­ցել իրենց կեան­­­­քը մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տուած Սու­­­­րիոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ