ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Թալին Սուճեան

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Միթէ Պալըքճի ընտանիքին քանդման փորձութիւնը մեր հասարակ, թերեւս չխօսուած անցեալին արտացոլացումը չէ՞, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Հրանդ Տինքով եւ Սեւակ Պալըքճիով յստակօրէն տեսանք, որ փորձութիւնը եւ ժամանակայնութիւնը, որոնք դարեր անտեսուած մնացած են մեզի հաւատալ տալու համար, թէ ժամանակը անցած է, խորքին մէջ միշտ մեր հետը եղած են։