ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Այս տարի, Տեառնընդառաջը կը նշենք 14 փետրուարին, իսկ Ս. Սարգիսի տօնը՝ 15 փետրուարին։ Չեմ գիտեր եթէ այս երկուքը 14 փետրուարին նշուող սիրահարներու տօնին առնչուած են, բայց հայերուն համար անոնք կապուած են յոյսի, բեղմնաւորման, ամուսնութեան եւ մաքրագործման, ինչպէս նաեւ՝ հողի եւ բերքի հետ։

Հայերու Պոլիս ժամանումը, բիւզանդական թէ՛ օսմանեան ժամանակահատուածներուն, տեղի ունեցաւ կեդրոնի մէջ ուժի տէր անձանց եւ կառավարիչներու կամքով։ Ջալալիներու ապստամբութենէն դէպի արեւմուտք փախչող հայեր Պոլսոյ մօտակայքը տեղակայուեցան, բայց քաղաքը դիւրաւ չբացաւ իր դռները անոնց դիմաց։ 19-րդ դարուն, գաւառէն հայ այրեր կարողացան մայրաքաղաք երթալ աշխատելու համար որպէս աժան օրավաստակ բանուորներ, բեռնակիրներ, հացագործներ։ 20-րդ դարուն, իրերայաջորդ աղէտներէ ետք, «Տէր Սաատէթ»ը իր դռները կարճ ընդմիջումներով բացաւ ջարդերէ ու տեղահանութիւններէ փրկուած կանանց ու որբերու դիմաց։

Մինչ 19 յունուարը կը մօտենայ, «Գոյներով շնչել» ծրագիրի մասնակցած երեխաները Սեպաթ շէնքին մէջ իրենց անցուցած աշխատանոցով պիտի յիշեն Սարգիսին ստեղծագործութիւնները, որոնք հանդիսատեսին խոր իմաստ կը փոխանցեն, նոյնիսկ տարիներ անց։ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ը իր դռները բացած էր 2019 թուականին, Ակօսի նախկին խմբագրատան տեղ, Սեպաթ շէնքին մէջ։ Յիշողութիւնն ու կառոյցին խորհրդանշական յատկանիշը ի միտի ունենալով դասաւորուած ներսը այցելուներուն իւրայատուկ յուզական եւ փորձառական ճանապարհորդութեամբ մը կը պարուրէ՝ իր նիւթերուն իրապաշտական հիւսուածքով։

Հայկական մշակոյթին մէջ, Ս. Ծնունդը, պատմական եւ կրօնական արժէքներու կողքին, աւանդական եւ ընկերային արժէքները կենդանի պահող տօն է։ Միջագետքի երկիրներուն մէջ այս աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ տարբեր ձեւերով փոխանցուած են։ Մինչ Պոլսոյ հայկական տուներու մէջ կրնանք տարածաշրջանային աւանդութիւններ տեսնել, որոշ աւանդութիւններ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած են։

Հայերու Սուրիոյ մէջ ներկայութեան մասին մեզի հասած առաջին գրաւոր վկայութիւնը 14-րդ դարու կը պատկանի, իսկ 1500 թուականին արդէն իսկ Ս. Քառասնից Մանկանց շրջափակին մէջ կը կառուցուի «Դարպաս թագաւորականը»՝ առաջնորդարանը։ 1616 թուականին Սիմէոն Լեհացի, Հալէպ իր այցելութեան ընթացքին, կը պատմէ այս առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ՝ հայ գաղութին մասին, առաւելաբար յիշատակելով հայ վաճարականները։

«Յանկարծ» անկախ թատերախումբի երեք շրջաններու վրայ տարածուած եւ Պոլսոյ տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուած Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» մրցանակակիր փիեսը, Թ. Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի բեմադրութեամբ, խորապէս ներթափանցեց հանդիսատեսներուն սրտերը։ Թատերախումբին Հայաստան շրջագայումէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտքը մէջտեղ եկաւ, անդրադառնալով ներկայացման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, ինչպէս՝ պատկանելիութիւն, արմատ, տան բաղձանք եւ ապահովութեան զգացում։

Շաբաթներ առաջ, երբ Իսրայէլի բանակը «Իքս» հարթակէն յայտարարած էր հարաւի ժողովուրդին թողնել իրենց տուները եւ «փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր», ու առ այդ մեծ թիւով գաղթականներ հասած էին մեր շրջանները, Պուրճ Համուտի մէջ հագուստի վաճառական բարեկամս՝ Զաւէնը, պատմեց՝ «Երեք կիներ եկան խանութս, շուրջ 50-60 տարեկան, սեւ հագած, լաչակաւոր, հարցուցին եթէ աշխատողի պէտք ունիմ, գործ կը փնտռեն։ Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Ես արդէն գործ չունիմ, իրենց չկարողացայ բան մը ըսել», իսկ շատ չանցած, կին մը տանս դիմաց զիս կանգնեցուց հարցնելու՝ «Վարձու տուն գիտե՞ս»։

Հա­տորին մէջ նախ կը հան­դի­պինք Անդրա­նիկ Կ. Ճե­վահիր­ճեանին, բնիկ Սվազ­ցի։ Ճե­վահիր­ճեան, որ Ապ­տուլլահ եղ­բայրքին աշ­կերտը եղած է Պոլ­սոյ մէջ, Ան­քա­րայի առա­ջին լու­սանկար­չա­կան արո­ւես­տա­նոցը հիմ­նած է 1889 կամ 1890-ին. իր լու­սանկար­չա­կան ոսպնեակին կը պատ­կա­նին պաշ­տօ­նական շէն­քե­րու հիմ­նարկէ­քի հան­դի­սու­թիւննե­րու, պաշ­տօ­նակա­լու­թիւննե­րու եւ պաշ­տօ­նական տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու նման ձեռ­նարկներ։ Տիլ­տի­լեան եղ­բայրնե­րէն Ցո­լակը Ճե­վահիր­ճեանի ձեռ­քին տակ սոր­ված է եւ կ՚են­թադրուի, թէ Ճե­վահիր­ճեան արո­ւես­տա­նոց մը ու­նէր Սվա­զի մէջ՝ նախ­քան Ան­քա­րա բա­նալը, եւ թէ Ցո­լակ ան­կէ սոր­ված է այս արո­ւես­տը։

Այս տարի, Հրանդ Տինք միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը վերածուեցաւ կիներու տօնակատարութեան եւ ապա ստեղծեց արծարծման տարածք մը, ուր կրցանք խօսիլ «կինէ կին» միասնութեան չափանիշներու մասին։ Երբ հարցը կը վերաբերի սփիւռքահայ կիներու, բաւարար տարածք չունինք հանրային վայրերու մէջ կանանց դէմ բռնութեան մասին խօսելու։ Կանանց եւ աղջիկներու դէմ բռնաճնշման տարբեր կիրառումներ, որոնք փակ դռներու ետին կը մնան, կրնան լռութեան մէջ թաղուիլ։