Այս տարի, Տեառնընդառաջը կը նշենք 14 փետրուարին, իսկ Ս. Սարգիսի տօնը՝ 15 փետրուարին։ Չեմ գիտեր եթէ այս երկուքը 14 փետրուարին նշուող սիրահարներու տօնին առնչուած են, բայց հայերուն համար անոնք կապուած են յոյսի, բեղմնաւորման, ամուսնութեան եւ մաքրագործման, ինչպէս նաեւ՝ հողի եւ բերքի հետ։
ԹԱՄԱՐ ԿԻՒՐՃԵԱՆ
Սիրահարներու տօնի սեմին, ուզեցի գրել Տեառնընդառաջի եւ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօներու մասին, որոնց անդրադարձած էի շաբաթներ առաջ՝ Ռատիօ Ակօսի Բարռեսիա Գոլէքթիվի յատկացուած բաժինէն։ Այս տարի, Տեառնընդառաջը կը նշենք 14 փետրուարին, իսկ Ս. Սարգիսի տօնը՝ 15 փետրուարին։ Չեմ գիտեր եթէ այս երկուքը 14 փետրուարին նշուող սիրահարներու տօնին առնչուած են, բայց հայերուն համար անոնք կապուած են յոյսի, բեղմնաւորման, ամուսնութեան եւ մաքրագործման, ինչպէս նաեւ՝ հողի եւ բերքի հետ։
Տեառնընդառաջը քառասնօրեայ Յիսուս մանուկի տաճար ընծայման տօնն է։ Տարբեր շրջանակներու մէջ այս տօնը յայտնի է տարբեր անուանումներով՝ «Մոլորոտ» (Մալաթիա), «Մելետ» (Խարբերդ), «Տէրինտաս» (Ամասիա, Խարբերդ), «Տէրընտես» եւ այլն։ Տեառնընդառաջի ծագումը հին հեթանոսական սովորութիւններէն կու գայ՝ հաւանաբար կապուած արեւու եւ կրակի չաստուծոյ՝ Միհրի։ Այս տօնին ամէնէն հետաքրքրական աւանդութիւններէն մէկը հրավառութիւնն ու կրակի մաքրագործման ուժին հաւատալն է։ Կ՚ըսեն, որ երբ Տէրինտեսի կրակը վառի, ան կլիմային մեղմութիւն կը պարգեւէ, դաշտերուն՝ բերքատուութիւն եւ նորապսակներուն՝ օրհնութիւն։
Սասնոյ մէջ, երեխաները Տէրինտես կը տօնէին «Տէրն տես, սապաթա կէս, մեր խութ ու փութ կէս» (Տէրնտես, փետրուարի կէս, մեր բերքի ու արօրի կէս) կանչելով: Տղամարդիկը ճիւղեր ու տերեւներ կը ժողվէին տանիքի մը վրայ եւ կը սպասէին տէր հօր, որ գար եւ կրակը վառէր։ Պատարագի աւարտին, քահանան ու դպիրները շարական կ՚երգէին եւ «Անդաստան»-ի արարողութիւնը կը կատարէին։ Այս շարականները կ՚երգուին մեր եկեղեցիներուն մէջ մինչեւ օրս։ Անդաստանը բերքի եւ արտի օրհնութեան արարողութիւնն է, որպէսզի բերքը առատ եւ արդիւնաւոր ըլլայ ու աշխարհին խաղաղութիւն տիրէ։ Անդաստանը, որ նաեւ կ՚օգտագործուի այգի, ցանք կամ գիւղ իմաստներով, կ՚արտացոլացնէ արտին հետ բնիկին յարաբերութիւնը։ Շարականի երգեցողութենէն ետք, հովիւները իրենց վառած սաղարթաշատ ճիւղերուն մուրը կը քսեն իրենց անասուններուն եւ փայտի կիսայրած կտորները կը նետեն իրենց արտերուն մէջ։ Կանայք կրակի մոխիրը կը խառնեն աղի հետ եւ կը կերցնեն իրենց անասուններուն՝ օրհնելով անոնց, որպէսզի իրենց անասուններն ու արտերը բերրի ըլլան։
Սուրբ Սարգիսի տօնը կը նշուի Ս. Զատիկէն ինն շաբաթ առաջ, Շաբաթ օրով։ Ս. Սարգիս կը ներկայացուի իբրեւ զօրավար եւ մարտիկ՝ ձիու վրայ, թուրը ձեռին։ Խարբերդի մէջ կը հաւատային, որ այս տօնին գիշերը Ս. Սարգիս զօրավարը իր ձիով կ՚անցնի տուներուն տանիքներէն։ Այդ գիշեր, կիներ ծոմ կը պահէին եւ ծխնելոյզին քով ալիւր ու խմոր կը դնէին՝ յուսալով, որ առաւօտուն ձիուն սմբակներուն հետքերը պիտի գտնեն, եւ աղօթելով, որ օրհնաբեր տարի մը սպասէ իրենց։ Տօնին նախօրեակին, երիտասարդուհիներ ուխտ կատարելով մէկէն երեք օր ծոմ կը պահէին։ Որոշ շրջաններու մէջ, կար այն հաւատը, որ երազի մէջ Ս. Սարգիսը տեսնելը ուխտի ընդունում կը նշանակէր. անոնք արթննալնէն անմիջապէս ետք իրենց սնարին քով դրուած գաւաթ մը ջուրը կը խմէին, իսկ այլ շրջաններու մէջ, առանց ջուր խմելու անկողին մտած աղջիկներ կը հաւատային, որ պիտի պսակուէին այն մարդուն հետ, որ իրենց երազին մէջ ջուր կը հրամցնէր իրենց։
ԹԷ՛ Ս. Սարգիսի եւ թէ՛ Տեառնընդառաջի տօնը կը կրեն տարրեր, որոնց կարելի է նոյնացնել հայկական դիւցազնաբանութեան մէջ իմաստութեան, գիրի, կրթութեան, երազներու մեկնաբանութեան եւ ճակատագրի՝ Տիր չաստուծոյ հետ։ Գերագոյն չաստուած Արամազդի դպիրն ու սուրհանդակ նկատուող Տիրը նաեւ կ՚արձանագրէ մարդոց լաւ ու վատ արարքները, կը մեկնաբանէ երազները եւ հոգիները կ՚առաջնորդէ դէպի անդիաշխարհ։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ Ս. Սարգիսը կը յայտնուի երազներու մէջ եւ երիտասարդուհիներուն մատնացոյց կ՚ընէ ապագայ ամուսինները։
Ս. Սարգիսի մասին առաջին անգամ իմացայ Մալաթիա կատարած այցելութեանս։ Նախքան այդ, չէի կրնար զատորոշել իսկ մեծ մայրիկիս ոսկէ վզնոցին պատկերուած սուրբին Ս. Սարգիս թէ՞ Ս. Գէորգ ըլլալը։ Մտքիս մէջ Ս. Սարգիսին պատկերը յստակացաւ միայն Մալաթիա այցելութենէս ետք։ Մալաթիոյ վանքը կը գտնուի լեռնոտ, գիւղական տարածքի մը վրայ։ Այցելութեանս ժամանակ, մօրս զարմիկը՝ Էլմաս մօրաքոյրը, պատմեց մօրս եւ անոր ընկերներուն հոն բարձրանալնուն եւ ցայտաղբիւրներուն շուրջ խաղալնուն մասին ու խօսեցաւ Ս. Սարգիսի առնչուած իր մանկական յուշերուն մասին։ Կարծես, թէ այն ատեն Ս. Սարգիսը, իր սպիտակ ձիով ու թուրով, դուրս եկաւ առջեւս բացուած այդ լեռնային տարածքէն։ Այն ատեն առաջին անգամ ըլլալով կարողացայ Ս. Սարգիսը պատկերացնել՝ Մալաթիոյ տեղագրութեան մէջ։
Այս կրօնական տօներն ու տօնակատարութիւնները ցոյց կու տան հայերուն յարաբերութիւնը հողին եւ գիւղատնտեսութեան հետ։ Այս յարաբերութիւնը աստիճանաբար տկարացաւ 19-րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ՝ գաւառէն դէպի քաղաք գաղթով։ Ծէսերը նոյնպէս փոխուեցան եւ, կարգ մը պարագաներու, ամբողջովին վերացան։ Ծէսերուն իմաստը կորսուեցաւ եւ անոնց կատարումը անիմաստ դարձաւ։ Կլիմայական ճգնաժամեր դիմագրաւող աշխարհի մը մէջ ապրելով, թերեւս ժամանակն է յիշել ուրկէ՛ եկածնիս, անցեալին ինչպէ՛ս ապրածնիս, եւ ի՛նչ տօնածնիս, գուցէ նոր աւանդութիւններ ու սովորութիւններ ստեղծելով։ Թէ՛ ամուրիներուն եւ թէ՛ զոյգերուն կը մաղթեմ բարի սիրահարներու տօն, որ կը նշէ՝ արտադրողականութիւն, բերրիութիւն, առատութիւն եւ սէր, քան՝ սպառողականութիւն։
(Տարբեր տարածաշրջաններու տօնակատարութիւններուն մասին տեղեկութիւնները հաւաքած ենք Յուշամատեանի կայքէն)
(թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի)