Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ Ապրիլ 23-ին, ժամը 15.00-ին պիտի բացուի «Յանցանքը Փաստագրել. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Փաստագրող Վկաներ» խորագրով ցուցահանդէս մը։
Այս նոր ցուցահանդէսին կը ներկայացուին մօտաւորապէս 70 վկաներու փաստաթուղթեր։ Փաստաթուղթերը կ՚ընդգրկեն յուշեր, օրագրային գրառումներ, զեկուցագիրներ, լուսանկարներ, վաւերագրական տեսանիւթեր եւ այլ նիւթեր։
Ըստ կատարուած յայտարարութեան, այս վկայութիւնները կը ներառեն շուրջ 30 տարբեր երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ավստրալիա, Գանատա, Վենեզուելա, Զուիցերիա, Շուէտ, Տանիա, Նորվեկիա, Գերմանիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ռուսիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Իտալիա, Վատիկան, Հոլանտա, Չեխիա, Լեհաստան, Հնդկաստան, Իրան, Սուրիա եւ այլ երկիրներ։ Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են նաեւ թուրք վկաներ, որոնք իրենց յուշերուն, ժամանակի մամուլին եւ դատական արձանագրութիւններուն մէջ փաստագրած են պատահածները։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ այցելուներուն համար մինչեւ Ապրիլ 2026։