Պատասխանատուութեան կոչ՝ բոլոր ցեղասպանութիւններու համար

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110 ամեակն է: Աւե­­լի քան մէկ դար առաջ հայ ժո­­ղովուրդը բնաջնջո­­ւեցաւ իր բնօր­­րա­­­նին մէջ: Ի դա­­րու այս առա­­ջին զան­­գուածա­­յին մար­­դասպա­­նու­­թիւնը մինչ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կէ մնալ ան­­պատժե­­լի: Օրուայ հզօր­­նե­­­րը, կամ խո­­րամանկնե­­րը, մի­­ջազ­­գա­­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու կարգ ու կա­­նոնին տե­­ղեակ չա­­րագոր­­ծե­­­րը յա­­ջողե­­ցան մարդկու­­թեան դէմ գոր­­ծո­­­ւած յան­­ցա­­­գոր­­ծութե­­նէն ան­­պարտ դուրս գա­­լու:

Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան օրի­­նական ժա­­ռան­­գորդ Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը յա­­մառօ­­րէն որ­­դեգրած է կա­­տարո­­ւածը ու­­րա­­­նալու ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը: Պար­­տինք խոս­­տո­­­վանիլ որ Թուրքիոյ հաշ­­ւոյն յա­­ջողած է այդ ժխտո­­ղական ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը, քա­­նի այս վեր­­ջինս հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան առ­­ջեւ ցարդ չէ հար­­կադրո­­ւած իր գոր­­ծած ոճի­­րը հա­­տու­­ցե­­­լու:

Եթէ այսքա­­նը եղե­­լու­­թեան հա­­մառօտ նկա­­րագ­­րումն է, հարկ է խօ­­սիլ նաեւ այս ող­­բերգու­­թեան մէջ հայ ժո­­ղովուրդի յա­­տուկ սե­­փական թե­­րու­­թիւննե­­րու մա­­սին ալ:

Շատ բնա­­կան է որ ցե­­ղաս­­պա­­­նուած ժո­­ղովուրդը յա­­ջոր­­դող առա­­ջին տա­­րինե­­րուն ի վի­­ճակի չէր կրնար ըլ­­լալ կա­­տարո­­ւածը, պա­­տահա­­ծը ար­­ժա­­­նի կեր­­պով գնա­­հատե­­լու։ Կե­­նաց ու մա­­հու օրեր էին եւ վե­­րապ­­րողնե­­րու դի­­մաց ծա­­ռացած գլխա­­ւոր հարցն էր գո­­յու­­թիւնը պա­­հել։ Գո­­յու­­թիւնը պա­­հել՝ ոչ միայն սե­­փական կեան­­քի, այլ նաեւ յա­­ջոր­­դող սե­­րունդնե­­րու։ Յար­­մա­­­րուիլ ու հա­­մակեր­­պիլ օտար եր­­կիրնե­­րու սո­­վորոյթնե­­րուն, կեն­­ցա­­­ղին, մա­­նաւանդ ալ լե­­զուին։ այդ թո­­հու­­բո­­­հի մէջ մար­­դիկ ձեռ­­նարկե­­ցին գաղ­­թօ­­­ճախ­­նե­­­րու մէջ ազ­­գա­­­կից­­նե­­­րը հա­­մախմբե­­լու, գա­­ղու­­թա­­­յին կեանք ստեղ­­ծե­­­լու դժո­­ւարին գոր­­ծին։ Կա­­ռու­­ցե­­­ցին եկե­­ղեցի­­ներ, որոնց շրջա­­փակը ինքնա­­բերա­­բար յա­­տուկ ձգո­­ղական դաշտ մը պի­­տի ըլ­­լար հայ ժո­­ղովուրդի վե­­րապ­­րող բե­­կոր­­նե­­­րուն հա­­մար։

Եկե­­ղեցա­­շինու­­թեան յա­­ջոր­­դեց դպրո­­ցաշի­­նու­­թեան ար­­շաւ մը, որ մայ­­րե­­­նիով ու­­սում պի­­տի ջամ­­բէր նոր սե­­րունդնե­­րուն։ Հետզհե­­տէ ձե­­ւաւո­­րուե­­ցան լրա­­տուա­­միջոց­­ներ եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ։ Այդ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը շատ ան­­գամ ձե­­ւաւո­­րուե­­ցան թէ՛ քա­­ղաքա­­կան աւան­­դա­­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րու եւ թէ՛ հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թիւննե­­րու ձե­­ւաչա­­փի մէջ։

Աշ­­խարհի տար­­բեր ծա­­գերուն ցրո­­ւած հա­­յու­­թիւնը տաս­­նա­­­մեակ­­ներ շա­­րու­­նակ մեծ ջանք վատ­­նեց Մեծ եղեռ­­նի աղէ­­տը յաղ­­թա­­­հարե­­լու հա­­մար։

Հա­­յաս­­տան եր­­կի­­­րը նոյնպէս են­­թարկուած էր գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու հոս­­քին։ Յետ­­պա­­­տերազ­­մեան ահա­­ւոր զրկան­­քի օրե­­րու ըն­­թացքին բիւ­­րա­­­ւոր մար­­դիկ զո­­հուե­­ցան սո­­վի ու վա­­րակիչ հի­­ւան­­դութիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն հա­­զիւ 50 տա­­րի ետք էր որ, հայ ժո­­ղովուրդը յա­­ջողե­­ցաւ այդ մեծ ոճի­­րի զո­­հերու յի­­շատա­­կը պատ­­շաճ կեր­­պով յար­­գե­­­լու։ Խորհրդա­­յին Միու­­թեան մէջ սթա­­լինեան բռնա­­կալու­­թե­­­նէ ետք կը տի­­րէր հա­­մեմա­­տական ազա­­տու­­թեան մթնո­­լորտ։ Իսկ հայ­­կա­­­կան սփիւռքի հա­­մար ան­­ցած էր այդ առա­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րու անո­­րոշու­­թեան եւ շո­ւարու­­մի շրջա­­նը։ Նոր սե­­րունդ մը հա­­սակ առած էր սփիւռքի գաղ­­թօ­­­ճախ­­նե­­­րու մէջ եւ անոնք սկսած էին նոր հար­­ցադրումներ ներ­­կա­­­յաց­­նել։

Ի՞նչ եղաւ, ին­­չո՞ւ եղաւ, ինչպէ՞ս եղա­­ւի նման հար­­ցումնե­­րը կը ստա­­նային հա­­մարեա նոյն պա­­տաս­­խա­­­նը։ Թուրքե­­րու եւ քրտե­­րու նման քո­­չուոր ու անմշակ ցե­­ղերը կրօ­­նական դրդումնե­­րու ալ հե­­տեւան­­քով հա­­լածած էին հա­­յու­­թեան։

Այ­­սօր ալ շա­­տերու հա­­մար այսքան պարզ է կա­­տարո­­ւածի բնու­­թագրու­­մը։

Ափ­­սոս որ հայ պատ­­մագրու­­թիւնը չէ կրցած ար­­դա­­­րաց­­նել կա­­տարո­­ւածի տե­­ղի տո­­ւող պայ­­մաննե­­րու ու­­սումնա­­սիր­­ման գոր­­ծը։ Ման­­կա­­­կան պար­­զամտու­­թիւնը ան­­գամ չի գո­­հանար վե­­րեւ նշո­­ւած պա­­տաս­­խա­­­նով եւ կ՚ար­­տադրէ նո­­րանոր հար­­ցումներ։ 

Այդ հար­­ցումնե­­րու առա­­ջինը պի­­տի ըլ­­լար թէ՝ ինչպէ՞ս եղաւ որ մեր քա­­ղաքա­­կան միտ­­քը չկրցաւ կան­­խա­­­տեսել մօ­­տեցող վտան­­գը։ 

Յի­­շենք որ Կար­­միր Սուլթա­­նը գա­­հըն­­կէց ընե­­լու հա­­մար հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան գե­­տին մը գո­­յացած էր ՀՅԴ-ի եւ Երիտ­­թուրքե­­րու մի­­ջեւ։ Բայց յայտնի է որ Սուլթա­­նի ան­­կումէն ետք անոնց ապա­­գայի նկատ­­մամբ տե­­սադաշ­­տը բո­­լորո­­վին տար­­բեր էր։ Պոլ­­սա­­­հայ քաղ­­քե­­­նիու­­թեան մեր­­ձե­­­ցու­­մով գլխա­­ւոր նպա­­տակը պէտք էր ըլ­­լայ Օս­­մա­­­նեան Պե­­տու­­թեան ան­­սա­­­սանու­­թիւնը եւ յա­­րատե­­ւու­­թիւնը։ Մինչ երիտ­­թուրքեր եւ անոնց քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւնը որ­­պէս՝ Իթ­­թի­­­հատա­­կան­­նե­­­րը վա­­ղուց որո­­շած էին կոր­­ծա­­­նել նաեւ Օս­­մա­­­նեան բազ­­մազգի կայսրու­­թիւնը եւ անոր տեղ կա­­ռու­­ցել ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւն։ Այս ծրագ­­րի մէջ կը բա­­ցակա­­յէր ազ­­գը։

Շու­­տով հա­­մաձայ­­նութիւն գո­­յացաւ թուրք ազգ մը կա­­ռու­­ցե­­­լու մա­­սին։ Սա­­կայն կայսրու­­թե­­­նէ ժա­­ռան­­գո­­­ւած բնակ­­չութեան մէջ թուրքե­­րը փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն էին միայն։ Ու­­րեմն ծրա­­գիրը մշա­­կուե­­ցաւ քրիս­­տո­­­նեանե­­րը ցե­­ղաս­­պա­­­նելով կամ վտա­­րելով մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցած հա­­ւաքա­­կանու­­թիւն մը գո­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Այս նպա­­տակին հաս­­նե­­­լու հա­­մար գոր­­ծադրո­­ւեցաւ նաեւ ձուլման ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը եւ թուրք չե­­ղող բո­­լոր մահ­­մե­­­տական խմբակ­­նե­­­րը բռնի կեր­­պով են­­թարկո­­ւեցան թրքաց­­ման գոր­­ծո­­­ղու­­թեան։

Խոս­­տո­­­վանինք թէ այս ան­­մարդկա­­յին ծրա­­գիրը ու­­նե­­­ցաւ բա­­ւակա­­նին մեծ յա­­ջողու­­թիւն։ Շատ մը իս­­լա­­­մադա­­ւան ժո­­ղովուրդներ կա­­մաւոր կեր­­պով հնա­­զան­­դե­­­ցան ձուլման ռազ­­մա­­­վարու­­թեան, որ­­պէսզի իրենք եւս մաս կազ­­մեն երկրի առաջ­­նա­­­կարգ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու շար­­քին։

Երեք կամ չորս դար առաջ իս­­լա­­­մը ըն­­դունող լա­­զերը, վրա­­ցինե­­րը կամ համ­­շէնցի­­ները վեր­­ջին հա­­րիւր տա­­րուայ ըն­­թացքին իւ­­րա­­­ցու­­ցին նաեւ թրքու­­թիւնը։

Միակ խո­­չըն­­դո­­­տը վի­­ճակե­­ցաւ քիւրտե­­րուն, որոնք բա­­ւակա­­նին ու­­շա­­­ցած էին ազ­­գա­­­յին միաս­­նութիւն մը գո­­յաց­­նե­­­լու խնդրին մէջ։ Մին­­չեւ Ի. դա­­րու կէ­­սերը անաս­­նա­­­պահու­­թեամբ զբա­­ղող եւ վրան­­նե­­­րու տակ բնա­­կող այս ժո­­ղովուրդը միայն աշի­­րաթ­­նե­­­րու, այ­­սինքն տոհ­­մե­­­րու մի­­ջոցաւ կը բնու­­թագրէր իր ինքնու­­թիւնը։ Կեան­­քի ար­­դի պայ­­մաննե­­րը հետզհե­­տէ ան­­տա­­­նելի դար­­ձուցին այս աւան­­դա­­­կան ապ­­րե­­­լակեր­­պը եւ աշի­­րաթ­­նե­­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թիւնն ալ օրըս­­տօ­­­րէ նո­­ւազե­­ցաւ քիւրտ ան­­հա­­­տի կեան­­քին մէջ։ Այդ նո­­ւազու­­մը փո­­խարի­­նելու եկաւ ազ­­գա­­­յին գի­­տակ­­ցութիւ­­նը։ Այժմ մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ բա­­նուոր դա­­սակար­­գը կազ­­մող քիւրտեր փո­­խանակ աշի­­րաթի, իրենց ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւնով սկսած են միաւո­­րուիլ։

Իթ­­թի­­­հատա­­կան­­նե­­­րու նպա­­տակին իրա­­կանաց­­ման առ­­ջեւ մե­­ծագոյն ար­­գելք ըլ­­լա­­­լով կը պար­­զո­­­ւի քիւրտե­­րու ազ­­գա­­­յին գի­­տակ­­ցութեան յայտնու­­թիւնը։ Այժմ անոնք ալ աւե­­լի նա­­խան­­ձախնդիր են իրնց մայ­­րե­­­նիին, ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան եւ նման բնոյ­­թի ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րուն հան­­դէպ։

Սո­­վորա­­կան հայ ան­­հա­­­տը դոյզն իսկ չէ նկա­­տած Թուրքիոյ այս ու նման խնդիր­­նե­­­րը։ Անոնք ի սկզբա­­նէ հա­­մոզո­­ւած են որ Թուրքիոյ մէջ թուրքեր կ՚ապ­­րին եւ վերջ։ Եր­­բեք չեն նկա­­տած երկրի զա­­նազա­­նու­­թիւննե­­րը։ Հե­­տեւա­­բար այ­­սօր ալ կը դժո­­ւարա­­նան ըն­­կա­­­լելու թէ այսքան մեծ երկրի մը մէջ ինչպէս կա­­րելի կ՚ըլ­­լայ նման զա­­նազա­­նու­­թիւն մը պա­­հել։

Զար­­մա­­­նալի է տես­­նել թէ հա­­յու քա­­ղաքա­­կան միտ­­քը հա­­րիւր տա­­րի առաջ ալ չէր տե­­սած այս զա­­նազա­­նու­­թիւնը։ Ան տե­­սած էր միայն պե­­տական ուժն ու այդ ու­­ժի ազ­­դե­­­ցու­­թեան ծա­­ւալը։ Իր ընտրա­­նինե­­րու դա­­սակար­­գի մի­­ջոցաւ մեր­­ձե­­­ցած էր այդ ու­­ժին եւ ապա­­հոված էր հա­­մեմա­­տաբար բա­­րօր կեանք։ Պոլ­­սա­­­հայ քաղ­­քե­­­նիու­­թիւնը նոյ­­նիսկ պատ­­կե­­­րացում չու­­նէր Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­յու­­թեան են­­թարկո­­ւած տան­­ջանքնե­­րուն։ Անոնց գո­­յու­­թիւնով իսկ հե­­տաքրքիր չէր։ Ոչ թէ անոր հա­­մար որ երկրի մէջ թղթա­­տարու­­թիւնը ե հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը թե­­րի էր, այլ անոր հա­­մար որ ինք ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն գերզբա­­ղած էր քա­­ղաքա­­կան բա­­նակ­­ցութիւննե­­րով, որոնց շնոր­­հիւ պի­­տի ապա­­հովէր իր հարստու­­թեան յա­­րատե­­ւու­­թիւնը։

Գա­­ւառ բա­­ռը ինքնին ար­­հա­­­մար­­հանք մը կը յու­­շէր պոլ­­սե­­­ցիի հա­­մար։ Մինչդեռ գա­­ւառ հա­­մարո­­ւած Խար­­բերդի, Մշոյ, Կա­­րինի, Երզնկա­­յի կամ Սե­­բաս­­տիոյ մէջ անե­­րեւա­­կայե­­լի զար­­թօնք մը կ՚ապ­­րուէր շնոր­­հիւ դպրո­­ցաշի­­նու­­թեան ար­­շա­­­ւի եւ մարդկանց ըն­­թերցման հա­­գագի հե­­տեւան­­քով։

Նոյ­­նիսկ կա­­րելի է պնդել թէ ԺԹ. դա­­րու վեր­­ջե­­­րուն գա­­ւառ­­նե­­­րէ ներս ծա­­ւալող գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը կը գե­­րազան­­ցէր կղե­­րի եւ ամի­­րանե­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թեան տակ տո­­ւայ­­տող Պո­­լիսին։ Հոն եւս մար­­դիկ կը բաժ­­նէին Երիտ­­թուրքե­­րու կան­­խա­­­տեսու­­մը Օս­­մա­­­նեան Պե­­տու­­թեան փլուզման մա­­սին եւ կը խօ­­սէին ան­­կախ Հա­­յաս­­տա­­­նի մը հիմ­­նարկման նիւ­­թե­­­րով։

Հայ ժո­­ղովուրդի մե­­ծաւոր սխա­­լը, իր սե­­փական կա­­րողու­­թիւննե­­րը ան­­տե­­­սելով, արեւմտեան գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րու հան­­դէպ յոյ­­սեր սնու­­ցե­­­լուն մէջ կը յայտնո­­ւի։ Ման­­կա­­­կան միամ­­տութեամբ կար­­ծո­­­ւեցաւ թէ եւ­­րո­­­պացի քրիս­­տո­­­նեայ պե­­տու­­թիւններ թոյլ չեն տար իրենց կրօ­­նակից հա­­յերու խեղ­­դա­­­մահ ըլ­­լա­­­լուն։

Ցա­­ւալի է տես­­նել թէ հայ ժո­­ղովուրդը դար մը անց դար­­ձեալ կ՚ապա­­ւինի այդ նոյն գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րուն, որոնց ապե­­րախ­­տութիւ­­նը բա­­զում ան­­գամներ փոր­­ձո­­­ւած իրո­­ղու­­թիւն է։ Այ­­սօր ալ հայ ժո­­ղովուրդի մէկ հա­­տուա­­ծը յոյս կ՚ակնկա­­լէ Ռու­­սաստա­­նէ, իսկ մէկ հա­­տուածն ալ Եւ­­րո­­­պական տէ­րու­թիւննե­րէ։

Ժա­մանա­կը դա­ժան է եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը աշ­խարհի տար­բեր ան­կիւննե­րու վրայ յա­ճախ կրկնո­ւող իրո­ղու­թիւն։ Այ­սօր Լա­թաքիոյ ալե­ւինե­րը կ՚են­թարկո­ւին ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մազօր կո­տորած­նե­րու։ Տա­կաւին երեկ էր կար­ծես Շեն­կա­լի եզ­դի­ներու մատ­նո­ւած ող­բերգու­թիւնը։ Այս են­թա­պատ­կե­րին վրայ ամ­բարտա­ւան ինքնավստա­հու­թեամբ Թրամբ աք­սո­րավայր կը փնտռէ Կազ­զա­յի բնա­կիչ պա­ղես­տինցի­ներու հա­մար։ Ժո­ղովուրդ մը՝ որ կը դի­մադ­րէ ինք ալ ցե­ղաս­պա­նուած հրեայ ժո­ղովուրդի ան­մարդկա­յին ոճիր­նե­րուն։

ՄԱԿ-ի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը եթէ ոչ իրա­կան, գո­նէ օրի­նական գետ­նի վրայ որոշ հզօ­րու­թիւն եւ կամք դրսե­ւորե­լու առիթ կ՚ըն­ձե­ռէ բո­լոր պե­տու­թիւննե­րուն հա­ւասա­րապէս։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նուած ժո­ղովուրդի ներ­կա­յացու­ցիչ, պար­տա­ւոր է ամե­նաբարձր բո­ղոքի ձայ­նը բարձրաց­նե­լու աշ­խարհի բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու դէմ։

Ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջը ուղղո­ւած է հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւրս պար­տինք կրել պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան զգա­ցումն ու գի­տակ­ցումը մեր ժա­մանակ­նե­րու բազ­մա­տեսակ չա­րիք­նե­րու հան­դէպ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ