Քաղաքը երկրաշարժով ցնցուեցաւ

23Ապրիլ չո­րեք­շաբթի օր, ժա­մը 12.49-ին Իս­թանպուլ քա­ղաքը ուժգնօ­րէն ցնցո­ւեցաւ ռիխ­թե­րեան չա­փանի­շով 6,2 ուժգնու­թեամբ երկրա­շար­ժով։ Շար­ժը տե­ւեց 10 երկվայրկեան, սա­կայն այդքա­նը բա­ւարար եղաւ որ բազ­մա­թիւ քա­ղաքա­ցիներ խու­ճա­պով դուրս գան իրենց բնա­կարան­նե­րէն կամ աշ­խա­տատե­ղերէն։

Երկրա­շար­ժը պատ­ճառ դար­ձաւ նաեւ յե­տագայ ցնցումնե­րու, որոնց ամե­նամե­ծը ու­նէր 5,9 սաստկու­թիւն։ Մեծ երկրա­շար­ժի մը ակնկա­լու­թիւնը ար­դէն իսկ ան­մի­ջական օրա­կար­գի նիւթն է Պոլ­սոյ եւ շրջա­գայ տա­րած­քի բնակ­չութեան հա­մար։ Հա­ւանա­կան երկրա­շար­ժի մը ըն­թացքին կեան­քի կո­րուստնե­րը նո­ւազաց­նե­լու առու­մով կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւննե­րը այդ նպա­տակէն աւե­լի կը ծա­ռայեն շի­նարա­րական ոլոր­տի աշ­խուժաց­ման։

Այս վեր­ջին երկրա­շար­ժէն ետք ալ բնա­գէտ­ներ ահա­զանգ կը հնչեց­նեն եւ կ՚ընդգծեն թէ ի դէմ քա­րոզ­չա­կան բնոյ­թով կա­տարո­ւած խոս­տումնե­րուն, քա­ղաքը ար­ժա­նի կեր­պով պատ­րաստ չէ մեծ ցնցումներ ար­տադրող երկրա­շար­ժի մը։

Երկրա­շար­ժէն եւ յա­ջոր­դող ցնցումնե­րէն ետք, երբ ժո­ղովուրդը ար­դէն փու­թա­ցած էր զբօ­սայ­գի­ներ եւ բաց տա­րած­ներ, Իս­թանպու­լի կու­սա­կալը յայ­տա­րարեց թէ ցարդ փլուզման կամ կեան­քի կո­րուստի վե­րաբե­րեալ լուր մը չէ հա­սած։ «Ար­տա­կարգ Իրա­վիճակ­նե­րու Ծա­ռայու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կեն ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րուն եւ հա­սարա­կու­թեան խոր­հուրդ կու տանք թէ խու­սա­փին ոչ կա­յուն շէն­քեր մտնե­լէ, բայց առայժմ ան­պա­տեհ երե­ւոյթ մը գո­յու­թիւն չու­նի» յա­ւելեց կու­սա­կալը։

Վեր­ջին տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մաձայն խու­ճա­պի մատ­նո­ւելով տան լու­սա­մուտնե­րէն կամ պատշգամբնե­րէն իրենք զի­րենք վար նե­տած 155 ան­ձեր գրան­ցո­ւած են։ Կուսակալութիւնը նաեւ յայտնեց թէ քաղաքի բոլոր դպրոցները եւ ԲՈՒՀ-երը փակ պիտի մնան մինչեւ շաբաթավերջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ