Նոր պապի նշանակման ընդառաջ քաղաքական հակադրանքներ

Հռոմի Ֆրան­ցիսկոս պա­պը մա­հացած է Ապ­րի­լի 21-ին, եր­կուշաբ­թի օր, 88 տա­րեկա­նին Վա­տիկա­նի Քա­սա Սան­թա Մար­թա նստա­վայ­րը։

22 Ապ­րի­լ երեք­շաբթի օր, Սուրբ Աթո­ռի մամ­լոյ գրա­սենեակը յայ­տա­րարեց, թէ Ֆրան­ցիսկոս Պա­պի թաղ­ման արա­րողու­թիւնը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շա­բաթ՝ Ապ­րի­լ 26-ին, Իտա­լիայի ժա­մանա­կով առա­ւօտեան 10։00-ին, Սբ. Պետ­րո­սի հրա­պարա­կը։

Սուրբ Պա­տարա­գին կը նա­խագա­հէ Քար­տի­նալ Ճիովան­նի Բատ­տիստա Ռեն՝ Քար­դի­նալ­նե­րու դա­սի տե­քանի, Պատ­րիարքնե­րու, քար­տի­նալ­նե­րու, Ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րու, Եպիս­կո­պոս­նե­րու եւ քա­հանա­ներու հա­մապա­տարա­գու­թեամբ, ով­քեր կը ներ­կա­յաց­նեն աշ­խարհով մէկ սփռուած Կա­թողի­կէ Եկե­ղեցին։

Սուրբ Պա­տարա­գը կ՚աւար­տի Ultima commendatio կո­չուող աղօթ­քով, որով կը սկսի Ն.Ս. Ֆրան­ցիսկո­սի հա­մար նա­խատե­սուած սգոյ 9-օրեայ շրջա­նը, որու ըն­թացքին կը մա­տու­ցո­ւին Սուրբ Պա­տարգներ՝ անոր հոգ­ւոյն հա­մար եւ կը կա­տարո­ւին այլ արա­րողու­թիւններ։

Թաղ­ման Սուրբ Պա­տարա­գէն ետք Պա­պի մար­մի­նը կրկին կը տե­ղափո­խուի Սուրբ Պետ­րո­սի տա­ճար, ապա՝ իր վերջնա­կան հանգստա­վայ­րը՝ Հռո­մի Սան­թա Մա­րիա Մա­ճիորէ պա­զիլիկ տա­ճարը՝ գե­րեզ­մա­նի մէջ դրո­ւելու հա­մար։

Պա­պի մար­մի­նը Ապ­րի­լի 23-ին, կը դրո­ւի Սուրբ Պետ­րո­սի տա­ճար, որ­պէսզի հա­ւատա­ցեալ­նե­րը աղօ­թեն անոր մարմնի մօտ։ Քա­սա Սան­թա Մար­թա­յէն դէ­պի Սուրբ Պետ­րո­սի տա­ճար Պա­պի մարմնի տե­ղափո­խու­թեան արա­րողու­թեան կը նա­խագա­հէ պա­պական սե­նեկա­պետ Քար­տի­նալ Քե­ւին Ֆար­րե­լը։ Արա­րողու­թիւնը կը սկսի առա­ւօտեան ժա­մը 9։00-ին։

Ֆրան­ցիսկո­սի մար­մի­նը կը տե­ղափո­խուի թա­փորով՝ անցնե­լով Սան­թա Մար­թա­յի հրա­պարա­կէն եւ Հռո­մեական Նա­խամար­տի­րոս­նե­րու հրա­պարա­կէն, ապա կանցնի Զան­գե­րի կա­մար­նե­րով եւ կեդ­րո­նական մուտքով կու գայ Սուրբ Պետ­րո­սի Մայր Տա­ճար։

Ֆրան­ցիսկոս Պա­պը պատ­մութեան կ՚անցնի իրա­րու հա­կասող գնա­հատումնե­րով։ Ոմանց հա­մաձայն ան հա­ւատա­րիմ մնա­ցած է բռնա­պետ զի­նուո­րական­նե­րուն, իսկ ու­րիշնե­րուն հա­մաձայն ալ ընդհա­կառա­կը, ան խնա­յած է բազ­մա­թիւ երի­տասարդ յե­ղափո­խական­ներ, որոնք են­թարկո­ւած էին զի­նու­րա­կան իշ­խա­նու­թեան հե­տապնդման։

Հայ ժո­ղովուրդի յի­շողու­թեան մէջ ալ տա­կաւին թարմ է Ֆրան­ցիսկոս Պա­պի Ատրպէյ­ճանի նա­խագա­հի հետ տես­նուած մտե­րիմ լու­սանկար­նե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ