Մոսկուա անհանգստացած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու՝ Երեւանի ձգտումով։ Այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ: Պատասխանելով «Թասս»-ի հարցումին, թէ արդեօք Մոսկուա մտահո՞գ է Եւրոպական Միութեան միանալու՝ Երեւանի ձգտումներով, Կրուշքօ դրական պատասխանեց։ «Բնականաբար, Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումները մտահոգիչ են, որովհետեւ այդպիսի ձգտումներ անհամատեղելի են Ե.Ա.Տ.Մ.-ին՝ այս երկրի անդամակցութեան հետ, եւ մենք այդ մասին կը խօսինք հայ պաշտօնակիցներու հետ, իրենցմով ունեցած մեր բազմաթիւ կապերուն միջոցաւ», ըսաւ Կրուշքօ։
Ան յաւելեց. «Յայտնի է, որ Ե.Ա.Տ.Մ.-ին մասնակցութեան շնորհիւ, Հայաստան աշխոյժ կերպով կը զարգանայ, եւ տնտեսական աճ կը նկատուի Երեւանի համար բոլոր առանցքային ոլորտներուն մէջ։ Եւ ասիկա հսկայական հարստութիւն է, զոր Հայաստան կրնայ կորսնցնել, եթէ Արեւմուտքը զայն ներգրաւէ իր աշխարհաքաղաքական խաղին մէջ՝ փորձելով Հայաստանը Ռուսիայէն եւ այլ բնական դաշնակիցներէն հեռացնել» ըսելով։