Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէտի ազգային ակադեմիական թատրոնին կայացած է լեգենդար դիրիժոր եւ կոմպոզիտոր Լորիս Ճգնաւորեանի «Ռոստամ եւ Սոհրաբ» օփերայի ներկայացման առաջնախաղը: Ռոստամի եւ Սոհրաբի պատմութեան մանկուց սիրահարուած Լորիս Ճգնաւորեանը մշտապէս ցանկացած է գրել օփերա, բայց միայն Վիեննայի ակադեմիան աւարտելէ եւ Պարսկաստան վերադառնալէ ետք՝ 1961 թուականին սկսած է աշխատանքը, որ տեւած է 25 տարի: Օփերայի ստեղծման համար հիմք հանդիսացած է Ֆիրդուսիի «Շահնամէ» պոէմի 4-րդ գլուխը։ «Ռոստամ եւ Սոհրաբ»ը պատմութիւն է հին իրանական լեգենդար դիւցազն եւ քաջ զինուոր Ռոստամի, գեղեցկուհի Թեհմինայի նկատմամբ անոր բանաստեղծական սիրոյ, ինչպէս նաեւ իրենց որդու՝ Սոհրաբի ողբերգական մահուան մասին։ Ճգնաւորեանի երաժշտական հանճարը եկած է լրացնելու Ֆիրդուսիի պոէտական հանճարին։ Եւ 64 տարի անց՝ սոյն թուականի Մարտի 31-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէտի ազգային ակադեմիական թատրոնի տնօրէն մայէստրօ Կարէն Դուրգարեանի նախաձեռնութեամբ այն բեմադրուած եւ ներկայացուած է հանդիսատեսին։ Համաշխարհային այս բացառիկ իրադարձութեան ներկայ գտնուած են պաշտօնատար եւ դիւանագիտական անձինք, մտաւորականներ, գիտնականներ եւ այլ հիւրեր։ Եւ երեք օր շարունակ լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ չեն դադարած ծափողջոյնները։ Ներկայացման երաժշտական ղեկավարն է Լորիս Ճգնաւորեանը, բեմադրող ռեժիսորը, նկարիչը եւ պարուսոյցը՝ Յարթա Յարան, դիրիժոր՝ Կարէն Դուրգարեանը, իսկ երգչախումբի ղեկավարը՝ Նարինէ Ոսկանեանը։
«Ռոստամ եւ Սոհրաբ» օփերայի առաջնախաղին ներկայ գտնուած է նաեւ «Ակօս»-ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը։ Ան զրուցած է լեգենդար դիրիժոր եւ օփերայի հեղինակ Լորիս Ճգնաւորեանի հետ։
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մայէստրօ, ձեր քոյրն ընտրեց քիմային, դուք՝ երաժշտական արուեստը: Արդեօք ծի՞նն է ձեր ընտրութեան պատճառը։
Աշխարհի գաղտնիքը ոչ ոք չգիտէ։ Ամէն մէկը մի ձեւ կը մեկնաբանէ այդ։ Բայց այս ամէն ինչը երկնային որոշում է։ Այնպէս որ՝ իւրաքանչիւր մարդ այս աշխարհին նախապէս որոշուած է՝ ինչ պէտք է ընէ։ Եւ եթէ լուրջ կ՚ընդունի իր առաքելութիւնը՝ Աստուած իրեն կ՚օգնէ ու կ՚իրականացնէ ան։ Եթէ լուրջ չի ընդուներ եւ պաշտօնի կամ ֆինանսի համար է ամէն բան՝ ուրեմն՝ Աստուած իր հետ գործ չունի։ Աստուած մայրն է արուեստագէտի, կը մեծցնէ անոր ու կու տայ այն, ինչ պէտք է։ Մենք ոչինչ չունինք։ Պէտք է որակեալ ճարտարագործութիւն ունենալ, որովհետեւ երաժշտութիւնը թուաբանութիւն է ամբողջութեամբ։ Պէտք է որ շատ լաւ իմանալ այդ ամէն ինչը։ Եւ երբ ներշնչանքը կու գայ՝ դուն չես կրնար նստիլ ու մտածել՝ ինչպէս պիտի ընեմ։ Պէտք է այնքան մեծ բառապաշար ունենալ, որ ինչ կը լսես՝ կարողանաս թղթին յանձնել։ Այդպէս են մեծ բանաստեղծները, այդպէս են մեծ դերասանները։ Այնպէս որ՝ իմ ընտրութիւնը երկնային որոշում է, ոչ թէ՝ ընտանեկան։
Թեհրանի կոնսերուատորիա, Վիեննայի երաժշտական ակադեմիա, Ձալցբուրգի Մոցարտէ, Միչիկնի համալսարան… Ի՞նչ տուին ձեզ այս տարիները։
Իրականութեան մէջ ոչինչ։ Ոչինչ չի տար։ Մարդ ինքն իրեն կը զարգացնէ։ Եթէ կ՚ուզես նմանուիլ բոլորին, պէտք է երթաս ակադեմիա, համալսարան, ու կը նմանուիս բոլորին։ Բայց եթէ կ՚ուզես ուրոյն ըլլալ՝ պէտք է ստեղծես քու դպրոցը եւ երթաս այդ դպրոցի ետեւէն։ Արուեստագէտը հէնց այդ կերպ կը դառնայ իւրայատուկ։
Ծնած էք Իրան, ապրած էք աշխարհ… այսօր Հայաստան էք…. Ինչ զգացողութիւններով էք համակուած։
Ես ծնած եմ տարագիր ընտանիքի մէջ՝ ատելութեան ու սիրոյ մէջ։ Ատելութեամբ հանդէպ Եղեռնը, ատելութեամբ հանդէպ կոմունիստները… Իմ վրայ շատ ազդած է հայոց ցեղասպանութիւնը։ Եւ իմ առաջին սիմֆոնիան եղած է Եղեռնի սիմֆոնիան։ Իմ արուեստի ճակատագիրը եղած է իմ կեանքի պատմութիւնը, իմ ազգի կեանքի պատմութիւնը։ Եւ ես հայի տառապանքը գրած եմ։ Այսօր, իհարկէ, հրաշալի են զգացողութիւններս։ Ես վերադարձայ Հայաստան եւ փորձեցի իմ միտքերը իրականացնել։ Ուխտագնացութեան գնացին Կիւմրի, փոխեցի նախկին Լենինի անունը կրող փողոցի անուանումը։
Համերգներէն մէկուն ժամանակ յայտարարեցի, որ Լենինը այլեւս մեզ հետ կապ չունի՝ պէտք է փոխել անունը։ Ժողովուրդը միացաւ ինձ եւ այդպէս փոխուեցաւ պողոտայի անունը՝ դառնալով Մաշտոցի փողոց (այժմ պողոտա)։
Մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք եւ մեր հիմքը Մաշտոցն է։ Բացի այդ՝ իմ երազանքն էր, որ օր մը Հայաստան գամ ու յեղափոխութիւն ըլլայ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Թողեցի Ամերիկան ու եկայ, որ իրականացնեմ երազանքս։ Ուրախ եմ, որ կարողացայ այդ ընել։ Եւ այսօր երբ կը շրջիմ Մաշտոցի պողոտայով՝ երջանիկ եմ, որ կարողացած եմ անունը փոխել։ Ի վերջոյ՝ հայ ժողովուրդի սիրտն է Մաշտոցը։
Գրած էք հինգ օփերա, մի քանի տասնեակ ֆիլմերու երաժշտութիւններ, պալէտ գրած էք նաեւ… ձեր գլուխգործոցը ստեղծագործական ո՞րը կը համարէք։
Ոչ մէկը չեմ կրնար համարել։ Ոնց որ հօրմէ ու մօրմէ հարցնել՝ որ երախան է ամենալաւը։ Այդ ժողովուրդը կը որոշէ։ Ես չեմ կրնար ըսել։
Խօսինք «Ռոստամ եւ Սոհրաբ » օփերայի մասին։ Այն օփերայի, որու ստեղծման համար պահանջուեցաւ 25 տարի… ինչը կ՚օգնէր եւ ինչը կը խանգարէր օփերայի ստեղծման։
Ես նոր աւարտած էի եւ այդքան ալ փորձառութիւն չունէի։ Մեծ նախագիծ վերցուցի։ Պէտք է Գարլ Օրֆին շնորհակալութիւն յայտնել, որովհետեւ երբ գացի անոր մօտ եւ երբ լսեց օփերայէն որոշակի հատուածներ, յանձնարարեց շարունակել։ Ապա ապահովեց կեանքս Ստրասպուրկի մէջ, եւ ես սկսեցի գրել։ Բայց ան չէր, ինչ ես կ՚ուզէի։ Որովհետեւ ես կ՚ուզէի Ֆիրդուսիի հոգին ըլլար։ Ֆիրդուսիի հոգին չէի կարողանար գտնալ ու բերել երաժշտութեան մէջ։ Թեխնիքապէս գրած էի, բայց հոգին չկար։ Եւ ի վերջոյ՝ 25 տարի աշխատելէ, այդ ընթացքին ութը անգամ գրելէ ետք՝ կը կարծեմ՝ գտայ եւ այսօր կայ այն, ինչ կայ։ Իսկ խանգարելու եւ օգնելու հետ կապուած՝ գիտէ՞ք՝ կեանքի ալիքներն էին, որ կու գային ու կը հարուածէին։ Եւ կային ալիքներ, որ մէջքէն կը հարուածէին ու առաջ կը գցէին, իսկ կային ալիքներ, որ դիմացէն կը հարուածէին ու ետ կը գցէին։ Կեանքը այդպէս բան է։ Մենք օվկիանոսի մը մէջ կը լողանք, որտեղ ալիքները թէ՛ հետեւէն կու գայ, թէ՛ առջեւէն։ Եւ երջանիկ պէտք է ըլլանք այն պահին, երբ ալիքները մէջքէն կը հարուածեն ու առաջ կը գցեն։ Ի վերջոյ՝ հաւատն ու նուիրումը կը յաղթեն։ Եւ եթէ անոնք չըլլան՝ դուն չես կրնար ափ դուրս գալ։
Կայացաւ Ռոստամ եւ Սոհրաբ օփերայի առաջնախաղը։ Ձեր սպասելիքները արդարացուա՞ծ են։
Այո։ Երազանքս իրականացուեցաւ։ Ի շնորհիւ Կարէն Դուրգարեանի, որ հոյակապ ու առաջնակարգ կերպով բերեց եւ ղեկավարեց օփերան։ Եւ ես երախտապարտ եմ իրեն։ Վերջին մէկ ժամը քար լռութիւն էր դահլիճին մէջ։ Դուք տեսաք, Դուք եւս ներկայ էիք։ Մարդիկ այնքան ներշնչուած էին, որ կարծես չէին շնչեր։ Այդ յաջողութեան նշան է։ Երբ դիմացինը ուշադրութեամբ քեզ կը լսէ։ Յաջողակ է այն ստեղծագործութիւնը, որ ունկնդրելիս ուրիշ տեղ մտքով չես ուզեր երթալ։
Մայէստրոյի, յաջողութիւնը բարեբախտութի՞ւն է, թէ՞ աշխատանք սեփական անձի նկատմամբ։
Յաջողութիւնը արդիւնք է աշխատանքի։ Կ՚ըլլայ, երբ մարդիկ մէկ գիշերուայ մէջ յաջողութիւն կ՚ունենան, բայց այդ երկար չի տեւեր։ Որովհետեւ՝ այն, ինչ օդէն կու գայ՝ օդն ալ կը տանի։ Մարդ ինքը նախ պէտք է իմանայ, թէ ինչո՞ւ համար այս աշխարհ եկած է, ի՞նչ կ՚ուզէ։ Մէկը կ՚ուզէ բժիշկ ըլլալ, մէկը կ՚ուզէ ճարտարապետ, միւսը՝ վաճառական։ Յետոյ պէտք է նուիրուիլ։
Ի՞նչը երաժիշտը կը դարձնէ հանճարեղ։
«Հանճարեղ»ը դժուար բառ է։ Մարդիկ այն առհասարակ կ՚ըսեն երաժշտէն կամ բանաստեղծէն ետք։ Ամէն ինչ ժամանակ կ՚ուզէ։ Կարեւորը այն է՝ երբ կը բարձրանաս՝ հաւատքով բարձրանաս ու չքանդես քեզմէ ետք եղածը։
Ի՞նչ կը բարեմաղթէ «Ակօս»-ին մայէստրօ Լորիս Ճգնաւորեանը
Ես հպարտ եմ, որ պոլսահայ համայնքը գոյութիւն ունի, հպարտ եմ, որ կը կարդան ու կը խօսին հայերէն։ Ցաւալի պատմութիւն ունի «Ակօս» թերթը, բայց ուրախ եմ որ այդ ցաւալի դէպքը ապրեց յաղթանակով եւ յոյս ունիմ՝ յաղթանակով ալ կը շարունակէք։