ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Անդրադարձ Բ. «Ուասաֆիրի» եռամսեայ պարբերագիրքին «Armenia(n)s: Elevation» թիւին,- կենդանի գրականութիւն ունենալու գիտակցութեամբ

Անշուշտ, անկարելի է անտեսել գրողներուն եւ բանաստեղծներուն ապրած հոգեխոցն ու տեղաշարժներու ազդեցութիւնները եւ հետքերը իրենց ստեղծագործութիւններուն վրայ՝ մանաւանդ արդի հայ գրականութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, այն իրողութիւնը, որ դասական եւ արդի արեւմտահայ ստեղծագործութիւններ, մանաւանդ Պոլսոյ, տակաւին կը քննուին հիմնականօրէն գրողներու կենսագրութիւններու ճամբով, արգելք կը հանդիսանայ, որ գրականութիւնը ինքնին ստանայ իր արժանի ճանաչումը։

ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ

Անցեալ շաբաթ, Արազ Գոճայեան անդրադարձաւ Տաթեւիկ Այվազեանի եւ Նանէ Վ. Յովհաննիսեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Ուասաֆիրի» եռամսեայ պարբերագիրքին «Armenia(n)s: Elevation» (Հայ(եր)աստան՝ Բարձրացում) թիւին՝ լեզուի եւ մշակոյթի ոսպնեակէն դիտուած։ Այս շաբաթ հատորը կը շարունակենք կարդալ՝ գրական ակնոցով։ Այս անդրադարձը գրելս, մանաւանդ խմբագրութեան նախաբանն ու քիչ ետք նշելիք յօդուածներս կարդալէն, անգամ մը եւս յիշեցում եղաւ ինծի, որ արեւմտահայերէն գրականութեան ներկայ հայեցակէտը տակաւին կը բանաձեւուի գիրիշխող պատումի շրջածիրին մէջ։

Ինչպէս Այվազեանն ու Յովհաննիսեանը կը նշեն իրենց նախաբանին մէջ, անհետանալու տագնապը յաճախ ներկայ է նոյնիսկ հայերու առօրեային մէջ եւ անխուսափելիօրէն կ՚արտացոլայ անոնց մշակութային եւ գրական գործերուն մէջ։ Իրողութիւնը այն է, որ թէեւ 20-րդ դարասկիզբին արեւմտահայերէնը լուրջ ընդհատում մը ապրեցաւ, բայց թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն գրականութիւնը յատկանշական գործեր արտադրեց, բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուեցաւ ու կառչած մնաց վաղուց ամրօրէն արմատացած գրական աւանդութեան, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ ներկային մէջ։ Այսուհանդերձ, արեւմտահայերէն գրականութիւնը ներկայիս կը դիտուի սահմանափակող հայեցակէտէ, որ կը կեդրոնանայ պոլսահայ գրողներու վրայ, ինչպէս՝ Զապէլ Եսայեանին եւ Գրիգոր Զոհրապին, գրական գործը դարձնելով երկրորդական։

Այս սահմանափակ մօտեցումը ո՛չ տեղ կու տայ նորանոր վերլուծումներու, որոնք կարելիութիւն կու տան տուեալ գործերու գրական նրբութիւնները վերաիմաստաւորելու, ո՛չ ալ՝ Պոլիսէն դուրս ապրած գաւառի գրողներուն, ինչպէս Թլկատինցիին կամ Համաստեղին։ Կեդրոնանալով հայ գրականութեան հանրածանօթ գրողներուն կեանքերուն վրայ եւ ամրապնդելով պոլսակեդրոն դիտանկիւնը, պատումի այս կրկնուող կիրառութիւնը ինքնին կը դառնայ ձեւով մը գերիշխող գրական պատմագրութիւն։

Ուշադրութիւնս կը գրաւէ Քրիս Պոհջալեանի «Երբ ամերիկահայ գրող դարձայ» (When I Became an Armenian-American Writer) գրութիւնը, որ կ՚արծարծէ արեւմտահայերէնի լոկ հոգեխոցի եւ անցեալի լեզու մը ըլլալուն եւ պատկանելիութեան զգացումին հետ կապուած ըլլալուն հաստատումները։ Հեղինակը, շուէտացի մօր եւ ամերիկահայ հօր մը զաւակը, գրականութիւնը կը տեսնէ անցեալը ներկային բերելու միջոց։ Այնուամենայնիւ, ան այս կը կատարէ բաւական հայրենատենչական կերպով, որ վիճահարոյց է։

Պոհջալեան կ՚ընդգծէ, որ հայ գրողի մը յատկանշանակութիւնը կ՚իյնայ ընտանիքին մէջ լուռ եւ աննշմար դարձած պատմութիւններուն ձայն եւ կեանք տալու իր յատկութեան մէջ։ Ան ստեղծաբանութեան ժանրը կը սահմանէ իբրեւ չխօսուած եւ խուսափելի թեմաներ ընթերցողին հետ մէկտեղելու միջավայր մը, իսկ ինքզինք կը նկատէ ոչ միայն ամերիկացի, այլ նաեւ ամերիկահայ գրող՝ Անատոլիայի եւ իր պապենական անցեալը յայտնաբերելու իր անձնական ճանապարհորդութեան մէջ խրուած արմատներով եւ այս ճանապարհորդութեան իր վրան ունեցած ազդեցութեամբ։

Նախապէս, Արազ Գոճայեան անդրադարձաւ Թամար Մարի Պոյաճեանի զրոյցին, ուր ան կը նշէ, որ արեւմտահայերէնի հետ կապը կը տեսնուի սոսկ յիշողութեան եւ հոգեխոցի ծիրին մէջ։ Երբ կը մտածենք ընդհանուր լեզուներու մասին, մեր միտքին մէջ կը յառաջանայ հետեւեալ հարցը՝ արդեօք հայերէնն ու հայ գրականութիւնը դատապարտուա՞ծ է մնալու հայրենաբաղձութեան եւ անցեալին կապուած շրջանակներուն մէջ։ Չի՞ կրնար արդի գրականութեան արեւմտահայերէնի ներկայացումը անցնիլ լռութենէն եւ հոգեխոցէն անդին։ Կամ՝ արեւմտահայերէնն ու անոր արմատները միայն արեւմուտքէն եկող բացայայտումներո՞վ կ՚արժեւորուին, եւ այս ի դէպ օրիէնդալիստ տրամաբանութիւն չէ՞։

Մեկնելով այս հարցումէն, կ՚ուզեմ անդրադառնալ Մարալ Աքթոքմաքեանի «Արեւմտահայերէն՝ գոյատեւող լեզուի եւ անոր գրականութեան հետաքրքրական պատմութիւնը» (Western Armenian: The Curious Story of a Surviving Language and its Literature) յօդուածին, որ ընդհանուր առումով կը նկարագրէ արեւմտահայ գրականութեան աւանդութիւնը եւ պատմական զարգացումը։ Անկասկած, Աքթոքմաքեանի բծախնդրօրէն գրուած յօդուածը Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայկական գրականութեան եւ սփիւռքի վրայ ունեցած անոր ազդեցութիւններուն մասին արժէքաւոր աղբիւր է։ Այնուամենայնիւ, գրականութեան զարգացման առումով մտահոգեցուցիչ է տեսնել, որ լայնատարած արեւմտահայ գրականագիտութիւնը տակաւին չէ կարողացած ձերբազատիլ Պոլսոյ Օսմանեան եւ յետ-Օսմանեան շրջանի հայ գրողներու առանցքէն եւ որ անոնք տակաւին յաճախ աւելի կը նախապատուուին քան իրենց գործերը։

Անշուշտ, անկարելի է անտեսել գրողներուն եւ բանաստեղծներուն ապրած հոգեխոցն ու տեղաշարժներու ազդեցութիւնները եւ հետքերը իրենց ստեղծագործութիւններուն վրայ՝ մանաւանդ արդի հայ գրականութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, այն իրողութիւնը, որ դասական եւ արդի արեւմտահայ ստեղծագործութիւններ, մանաւանդ Պոլսոյ, տակաւին կը քննուին հիմնականօրէն գրողներու կենսագրութիւններու ճամբով, արգելք կը հանդիսանայ, որ գրականութիւնը ինքնին ստանայ իր արժանի ճանաչումը։ Այսպիսով, խորապէս արմատացած ու հարուստ գրական աւանդութիւնը կը ստուարանայ լոկ Արեւմտուքի աչքին տեսանելիութեան պայքարի մը։ Աւելին, մտահոգեցուցիչ է, որ այս հայեցակէտը միայն Արեւմուտքի մէջ տեղի չունենար, այլ նաեւ հետզհետէ կ՚աւելնայ այսօրուան պոլսահայ գաղութին մէջ։ Այս հաստատուած նայուածքը մեզ անգամ մը եւս կը տանի նոյն հարցումներուն՝ բնաւ չարտօնելով, որ մենք անդրանցնինք անհետանալու վախը։

Բնականաբար ազգի մը գրականութիւնը ուսումնասիրելը կարեւոր է եւ արժէքաւոր է հասկնալ աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն գրական պատմութիւնը իրենց ստեղծագործութիւնները իրենց բնածիրին մէջ դնելու առումով։ Սակայն, վհատեցուցիչը այն է, որ երբ հարցը կը վերաբերի յատկապէս արեւմտահայերէնին, նոյնիսկ գրական պատմագիտութիւնը կը գրուի միայն Պոլսոյ տեսանկիւնէն։ Այս գերիշխող գրական պատմագրութեան մէջ ոչ միայն գրական ստեղծագործութիւնները քուլիս կը նետուին, այլ նաեւ այսօրուան ընթերցողները եւ ապագայ գրողները նոյնիսկ կը զրկեն այլ ժանրեր բացայայտելու առիթէն, ինչպէս օրինակ՝ գաւառի գրականութիւնը բացայայտելու առիթէն։ Երբ գրութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերենք նոյնքան ուշադրութիւն որքան կը ցուցաբերենք հայ գրականութեան պատմութեան եւ դուրս գանք ընթերցանութեան ծանօթ եղանակներէն, վերջապէս կը հասկնանք, թէ մեր ունեցածը, խորքին մէջ, կենդանի գրականութիւն է։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան