Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի Պատգամը 24 Ապրիլի Յիշատակութեան Առթիւ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ.

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ,

Թուրքիոյ Հայ Համայնքի թանկագին անդամներ, յարգելի հայրենակիցներ,

Ձեզ կ’ողջունեմ սրտագին զգացումներով։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ իրենց կեանքերը կորսնցուցած Օսմանեան Կայսրութեան հպատակ հայերը այս տարի եւս յարգանքով յիշելով, իրենց թոռներուն դարձեալ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ։

Օսմանեան Կայսրութեան վերջին շրջաններուն զուգադիպած պատերազմական տարիներուն ապրուած ապստամբութիւններու, հրոսախումբերու արձանագրած յաճախակի ասպատակութիւններու, զինեալ խմբակներու աւերիչ շարժումներու եւ համաճարակ հիւանդութիւններու պատճառով իրենց կեանքերը կորսնցուցածներու ցաւը տակաւին կը զգանք մեր սրտերուն մէջ ։

Միւս կողմէ, կը հաւատանք, թէ անցեալի ցաւալի յիշատակները, ներկան եւ ապագան պէտք չէ գերեվարեն: Այս համոզումով, կը գիտակցինք, թէ անհրաժեշտ է որ 86 միլիոն բնակչութեամբ, մեր ապագան միասնաբար կառուցենք։

Պատմութենէն թշնամութիւն յառաջացնելով, մեր միջեւ գտնուած զօրաւոր եւ արմատացած կապերը քայքայելու ձգտողներ, մինչեւ այսօր իրենց նպատակներուն չեն կրցած հասնիլ։

Այս հայրենիքի հողերուն վրայ դարեր շարունակ միասնաբար ապրածներս, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակենք բաժնել մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։

Ինչպէս որ ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, չենք արտօնած որ նոյնիսկ անհատ մը խտրականութեան ենթարկուի, մեկուսացուի կամ լուսանցգայնացուի, յետ այսու եւս պիտի չարտօնենք։

Մեր երկրի մշակոյթին, արուեստին, քաղաքականութեան, տնտեսութեան, կրթութեան եւ ընկերային կեանքին թանկագին նպաստներ բերած հայ հայրենակիցներու բարօրութիւնը, ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը, պիտի շարունակեն վայելել մեր առաջնահերթութիւնը ինչպէս որ է պարագան բոլոր հայրենակիցներու համար։

Ինչպէս որ, Թուրքիան միասին հասցուցինք ներկայ ժամանակներուն, այնպէս ալ կողք կողքի միասնաբար պիտի կերտենք Թուրքիոյ Դարը։

Աստղ ու մահիկով կարմիր դրօշի բարօրութիւն եւ ապահովութիւն պարգեւող հովանիին ներքեւ յաւիտենապէս ազատօրէն պիտի ապրինք որպէս պատուաւոր քաղաքացիները Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

Այս խոհերով, Հայ Համայնքին անցեալին ապրած ցաւերը անկեղծօրէն կիսած ըլլալս կրկնելու առընթեր, յարգանքով կը յիշեմ իրենց կեանքերը կորսնցուցած Օսմանեան հայրենակիցները։

ՌԵՃԵՓ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ