ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Գնչու

Կախար­դա­­կան գի­­շերը

Գնչու­­հին այս գի­­շեր պի­­տի գու­­շա­­­կէ ճա­­կատա­­գիրս: Զինք գտեր եմ գռիհ­­նե­­­րու մէջ, ուր կայ երգ, երաժշտու­­թիւն, առատ գի­­նի եւ գի­­շերա­­յին կար­­ճա­­­տեւ սէր: Բաց էր դու­­ռը: Պա­­ռաւը հա­­գած է սեւ-կար­­միր շրջազ­­գեստ, գլու­­խը կա­­պած՝ դե­­ղին կո­­կոնա­­զարդ գլխա­­շորով: Զիս կը տա­­նի տան խոր­­քը կի­­սամութ սե­­նեակ մը: Կ’անցնիմ շեր­­տա­­­վարա­­գոյ­­րէ մը: Պարզ է ներ­­սը: Սե­­ղան մը, պա­­հապան ու­­լունքնե­­րով լի ափ­­սէ մը, պա­­տերու վրայ բժշկա­­կան ծէ­­սերու, անէծքնե­­րու եւ կա­­խար­­դութիւննե­­րու հա­­մար պի­­տանի իրեր, կիսա­­հալ մո­­մերով աշ­­տա­­­նակ մը եւ եր­­կու աթոռ: Նստե­­ցաւ: Նստե­­ցայ:

• Երազ տե­­սայ, ըսի: Եր­­կու ան­­գամ: Խորհրդա­­ւոր: Կը մեկ­­նա­­­բանէ՞ք:

• Կը մեկ­­նա­­­բանեմ,- հաս­­տա­­­տեց գլու­­խով:

• Ի՞նչ կ’ար­­ժէ:

• Ոչինչ: Կը մեկ­­նա­­­բանես, թէ ո՛վ եմ ես: Մենք ալ քու երա­­զիդ պէս խորհրդա­­ւոր ենք, ըսաւ ժպտա­­լով:

Բռնեց ձեռ­­քերս: Բա­­ռեր մրմնջեց: Գնչուական աղօ՞թք էր…: Այս գի­­շեր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մինչ գնչու­­հին ափիս մէջ երազս պար­­զող նշան­­ներ փնտրէ, ես ալ հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ որո­­նեմ «գնչու» բա­­ռի հմա­­յիչ կեան­­քը:

Ի՞նչ կը գնչես

Հա­­յաս­­տա­­­նը գնչու­­նե­­­րու առա­­ջին հաս­­տա­­­տուած եր­­կիրնե­­րէն մէկն է, ճշգրտօ­­րէն՝ երկրոր­­դը, 8րդ դա­­րուն: Ի՞նչ անուն տա­­յինք անոնց, երբ կը փոր­­ձէին հա­­յերէն խօ­­սիլ՝ բա­­ռերը աղա­­ւաղե­­լով: «Գնչել» բա­­յը յար­­մար եկաւ, որ կը նշա­­նակէ «խոճ­­կո­­­րի ձայն հա­­նել»: Բնա­­ձայ­­նա­­­կան անուն է: Ար­­մա­­­տը «նչ» մաս­­նիկն է: Մենք բազ­­մա­­­թիւ բա­­ռեր ու­­նինք այդ եր­­կու պարզ ձայ­­նով. շ-նչ-ել, փ-նչ-ել, խ-նչ-ել, բ-նչ-ել, կա-նչ-ել: Աւե­­լին՝ միջ­­նա­­­դարեան աղ­­բիւրնե­­րը կը վկա­­յեն, թէ կա­­կազող, թլո­­ւատ մարդկիկ կը կո­­չուէին «գնչոտ» կամ «գնչուտ»: Ուստի, այդ ան­­ցո­­­ղիկ ժո­­ղովուրդը անո­­ւանե­­ցինք «գնչու»: Յի­­շեց­­նեմ, թէ անոնց ինքնա­­նուա­­նու­­մը «ռոմ» կամ «լոմ» է, այ­­սինքն մարդ, տղա­­մարդ, անոնց լե­­զուն՝ լո­­մավ­­րէն: Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ այժմ ծած­­կա­­­լեզու է լո­­մավ­­րէ­­­նը: Իսկ հա­­յերէ­­նի մէջ «գնչու» բա­­ռի առա­­ջին յի­­շողու­­թիւնը գրի առ­­նուած է 1335 թո­­ւակա­­նին Վա­­յոց Ձոր գա­­ւառի Գլա­­ձորի յայտնի մե­­նաս­­տա­­­նի մէջ, «նե­­տողաց» ագ­­գէն Ապու-Սա­­յիտ խա­­նի աշ­­խարհա­­կալու­­թեան օրե­­րուն, գրիչ Գրի­­գորի կող­­մէ: Յի­­շատա­­կարա­­նի մէջ գրի­­չը կը բա­­ցատ­­րէ, թէ գնչու­­նե­­­րը ինչ ձե­­ւով աղա­­ւաղած էին «Գլա­­ձոր» տե­­ղանու­­նը. «Մե­­նաս­­տա­­­նիս Գլա­­ձոր, որ յանհմուտ եւ գնչու արանց Գայ­­լա­­­ձոր ասի»:

«Դար­­ձանք գնչու ազգ»

Հա­­յու մտա­­ծողու­­թեան մէջ սար­­սա­­­փելի գա­­ղափար է ան­­հայրե­­նիք դառ­­նալ, ըլ­­լալ թա­­փառա­­կան եւ տե­­ղահա­­նուած: Այդ վա­­խը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու հա­­մար ստեղ­­ծեր ենք «գնչու դառ­­նալ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը: Տա­­րի մը առաջ բռնի տե­­ղահա­­նուած ար­­ցախցի կի­­նը, բո­­ղոքի ցոյ­­ցի ժա­­մանակ, վրդո­­ված ձայ­­նով ըսեր էր. «Ղե­­կավա­­րու­­թիւնն է մե­­ղաւոր, դա­­ռանք գնչու ազգ»: Սա­­կայն, գրող, բա­­նաս­­տեղծ, մտա­­ւորա­­կան Կա­­րօ Փօ­­լատեանը գնչու­­նե­­­րու եւ հայ­­րե­­­նիքի մա­­սին ու­­նէր բո­­լորո­­վին տար­­բեր կար­­ծիք: 4 Նո­­յեմ­­բեր 1961 թո­­ւակա­­նին Պէյ­­րութի «Ազ­­դակ» թեր­­թի մէջ լոյս տե­­սած յօ­­դուա­­ծի մէջ ան զրու­­ցեց գնչո­­ւի մը հետ. «Միակ ազատ ազ­­գե­­­րը անոնք են որոնք հայ­­րե­­­նիք չու­­նին: Որոնց մէջ, բա­­րեբախ­­տա­­­բար նաեւ դուք՝ Գնչու­­ներդ»: Փօ­­լատեանը բա­­ցատ­­րեց, թէ հայ­­րե­­­նիք ու­­նե­­­նալը վտանգներ ու­­նի՝ զի­­նուո­­րական, քա­­ղաքա­­կան, տնտե­­սական, կու­­սակցա­­կան… Ազ­­գը մէկ է: Բայց, երբ ան տի­­րանայ պե­­տու­­թեան՝ կը դառ­­նայ ճեղ­­քուած. հայ­­րե­­­նիք եւ սփիւռք:

Իմաս­­տուն գնչու­­հին

Զգլխիչ գե­­ղեց­­կուհի էր Զուլման՝ Ար­­շակ Գիւմրեանի «Գնչու­­հին» վէ­­պի գրա­­կան հե­­րոսը: Ան սի­­րոյ զա­­ւակ մը ու­­նե­­­ցաւ Հրա­­չէն: Այդ գնչու­­հին նաեւ լաւ վեր­­լուծեց հա­­յոց մե­­ծագոյն թե­­րու­­թիւնը: «Գնչու­­հին» ընդվզե­­ցու­­ցիչ տո­­ղեր ու­­նի, ուր գնչու­­հի մը հա­­յուն քա­­ղաքա­­կան դաս կու տայ. «Մենք, գնչու­­ներս, անցնում ենք աշ­­խարհից աշ­­խարհ ու գի­­տենք ինչ ենք ու­­զում ու ինչ փնտրում, ես չհաս­­կա­­­ցայ, թէ դուք, հա­­յերդ, ձեր եդե­­մական եր­­կի­­­րը թո­­ղած ու՞ր, ու՞ր էք գնում, ի՞նչ էք ու­­զում գտնել երկրից թանկ, որ թող­­նում եք ձե­­րը, ձեր եր­­կի­­­րը օտա­­րին»: Այդ կի­­նը նաեւ ու­­նա­­­կու­­թիւնը ու­­նէր հա­­յուն քա­­րոզե­­լու. «Դուք ու­­նէք եր­­կիր, տուն, ծառ: Դուք էդ տու­­նը, ծա­­ռը, եր­­կի­­­րը կորցնում էք ու յե­­տոյ ըն­­կած աշ­­խարհով մէկ ման էք գա­­լիս, չհաս­­կա­­­նալով, որ փնտրում էք հենց էն, ին­­չից դուք ձեզ զրկե­­ցիք… եւ դրա­­նով էլ դուք նման էք բո­­լոր յի­­մար­­նե­­­րին ու խե­­լօք­­նե­­­րին: Ես դա եմ հաս­­կա­­­ցել իմ տե­­սած հա­­յերի հետ նստել-ել­­նե­­­լուց, խօսք ու զրոյ­­ցից»:

Բազ­­մա­­­նուն գնչուն

«Ռոմ» եւ «լոմ»: Ահա, թէ ինչպէ՛ս կ’անուանէ գնչուն ինքն իրեն: Հա­­յաստնի մէջ «բո­­շա» է ան: Վեր­­ջի­­­նը ար­­հա­­­մար­­հա­­­կան եւ վի­­րաւո­­րիչ է՝ կը նշա­­նակէ «հո­­տած»: Իսկ ես հար­­ցուցի իմ բախ­­տա­­­գու­­շա­­­կիս, թէ ինչ է ի՛ր անու­­նը: Ժպտաց. «Անո՜ւնս կ’ու­­զես գիտ­­նալ… Գնչու­­ներս,- ըսաւ առանց ին­­ծի նա­­յելու,- երեք անուն կ’ու­­նե­­­նանք: Առա­­ջինը մօր տո­­ւածն է ծննդեան պա­­հուն: Զայն գի­­տէ միայն մայ­­րը»: Գու­­շա­­­կեց զար­­մանքս: «Մենք,- շա­­րու­­նա­­­կեց ձեռքս դի­­տելով,- կը հա­­ւատանք, թէ այդ ձե­­ւով գաղտնի կը մնանք չար ոգի­­ներէն, աչ­­քե­­­րէն եւ անէծքնե­­րէն: Երկրոր­­դը՝ հո­­սող ջու­­րի մէջ կա­­տարո­­ւած մկրտու­­թեան անունն է, աւա­­զանի անու­­նը: Զայն կը գոր­­ծա­­­ծենք հա­­մայնքի մէջ: Իսկ եր­­րորդը ձե­­զի՝ ոչ-գնչու­­նե­­­րու հետ շփման հա­­մար է: Ես զայն ստա­­ցայ այն օրը երբ մկրտո­­ւեցայ քրիս­­տո­­­նէական ծէ­­սով»: Ապա, շնոր­­հեց իր եր­­րորդ անու­­նը. Զի­­նա, կամ Զմրուխտ:

Քնա­­րական գնչուն

Հայ­­կա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ դժուար է հան­­դի­­­պիլ գնչո­­ւին, ինչպէս դժո­­ւար է Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ գտնել զայն. ըն­­դա­­­մէնը վաթ­­սուն-եօթա­­նասուն հո­­գի են: Բայց մեր լե­­զուն կը վա­­յելէ գնչո­­ւական կեն­­ցա­­­ղի գու­­նա­­­ւոր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ: Ահա զո­­ւարթ օրի­­նակ­­ներ. Գնչո­­ւական պար, ռո­­մանս, երգ, երաժշտու­­թիւն…: Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ գնչու­­նե­­­րու նո­­ւիրուած սա­­կաւա­­թիւ էջե­­րէն մէ­­կը կը պատ­­կա­­­նի Ար­­շակ Չօ­­պանեանին: Ըստ անոր՝ գնչու­­նե­­­րը «խորհրդա­­ւոր եւ ան­­կա­­­յուն» են: Հայ­­րե­­­նի բա­­նաս­­տեղծ Յու­­սիկ Արան գնչու կի­­նը նկա­­րագ­­րեց հե­­տեւեալ ձե­­ւով. «Սէգ գե­­ղեց­­կուհի», «Ան­­նո­­­ւաճե­­լի», «Խոլ նժոյ­­գի պէս վայ­­րի», «Կա­­տաղի», գե­­ղու­­հի մը որ կրնար «մո­­գի հա­­յեաց­­քով» սի­­րոյ վէր­­քեր բու­­ժել: Վեր­­ջա­­­պէս մէջ­­բե­­­րեմ ժա­­մանա­­կակից բա­­նաս­­տեղծ Իգ­­նատ Մա­­մեանի «Գնչու­­հի Լե­­լան» պոէմէն միտ­­քեր եւ տո­­ղիկ­­ներ: Այդ գիր­­քի մէջ դուք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը գտնէք բա­­նաս­­տեղծի «պա­­տանու­­թեան առա­­ջին առաս­­պել, չքնաղ, ան­­բախտ բախ­­տա­­­գու­­շակ» Լե­­լանին նո­­ւիրո­­ւած ըն­­տիր լա­­րեր: Մա­­մեանը նախ մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ գնչու­­նե­­­րը ին­­չո՞ւ կը թա­­փառին. «Գնչու­­նե­­­րը, / Գնչու­­նե­­­րը… / Բախտ են փնտրում ճամ­­բա­­­ներին»: Գնչուն նաեւ ու­­նի յա­­րաշարժ կեանք. «Եւ չգի­­տէ ոչ մի գնչու, / Թէ շի­­րիմը իր նա­­խոր­­դի, / … Կամ ո՞ր աստղի տակ է, ար­­դեօք, / Իր զա­­ւակը աշ­­խարհ գա­­լու»: Իսկ Լե­­լա՞ն… «Լե­­լան– մոր­­մոք, Լե­­լան– կրակ, / Լե­­լան–հե­­քիաթ գի­­շերա­­յին, / Շուրթեր ու­­նի քնքոյշ ու տաք / Եւ շշուկներ եթե­­րային»: Լե­­լանի տու­­նը կա­­րաւանն է: Բա­­նաս­­տեղծը երբ փա­­փաքե­­ցաւ Լե­­լանին տուն տա­­նիլ, ազա­­տատենչ գե­­ղեց­­կուհին աչ­­քե­­­րէն զար­­մանք կա­­թեց­­նե­­­լով պա­­տաս­­խա­­­նեց. «Տունն ին­­չի՞ն է պէտք գնչո­­ւի, / Բոյնն ին­­չի՞ն է պէտք թռչու­­նի, / Երբ աստղերն են նրան կան­­չում»: Գնչուն ի՞նչու ան­­տուն, ան­­կա­­­յուն եւ ան­­դա­­­դար կեանք ու­­նի: Այս հար­­ցումը պա­­տաս­­խա­­­նեց Վրթա­­նէս Փա­­փազեանը 1899 թո­­ւակա­­նին «Հայ բո­­շաներ» ազ­­գագրա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ…

«Կը հո­­տինք եթէ չշար­­ժինք»

Վ. Փա­­փազեանը հե­­ղինակն է գնչու­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս հա­­յացած բո­­շանե­­րը ու­­սումնա­­սիրող լայ­­նա­­­ծաւալ ու­­սումնա­­սիրու­­թեան: Ան հիացում ու­­նէր այդ ցե­­ղախումբի տո­­կու­­նութեան. «Ոչ մի ցեղ այնքան դի­­մաց­­կուն, չար­­քաշ չէ, որ­­քան գնչուն. նա հեշ­­տութեամբ տա­­նում է բո­­լորը, ցուրտը, որ­­պէս եւ տա­­քը. ոչ մի կլի­­մայ չի ընկճում նրան. բո­­կոտն, ցնցո­­տինե­­րով, գլխա­­բաց նա թա­­փառում է ամէն եղա­­նակի մէջ: չվա­­խենա­­լով ոչնչից»: «Գնչուն,- հա­­մոզուած էր Փա­­փազեանը -, միայն թէ ազատ լի­­նի եւ ան­­կաշկանդ… Նա առանց ազա­­տու­­թեան մի օր չէ կա­­րող ապ­­րիլ. եւ ոչ մի հարստու­­թիւն կամ փառք չի փո­­խել նրա հետ»: Փա­­փազեանը զրոյց ու­­նե­­­ցաւ բազ­­մա­­­թիւ գնչու­­նե­­­րու հետ եւ անոնց հար­­ցուց, թէ ին­­չո՛ւ յա­­րաշարժ կեանք ու­­նին: Ահա պա­­տաս­­խա­­­նը. «Տիեզե­­րական օրէն­­քը շար­­ժումն է: Չկայ կեանք, առանց շար­­ժումի… Մենք գնչու­­ներս կը շար­­ժինք եւ կը շար­­ժինք ազա­­տօրէն: Ան­­շարժու­­թիւնը, մա­­նաւանդ անա­­զատու­­թեամբ, ամէն ինչ կը նե­­խէ… Շրջիլ, շար­­ժիլ, տե­­ղափո­­խուիլ անհրա­­ժեշտ են. ապա թէ ոչ կը հո­­տինք»:

Լաւ նշան­­ներ ափի մէջ

Այժմ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը մօ­­տենամ գնչու պա­­ռաւին տո­­ւած այ­­ցե­­­լու­­թեանս աւար­­տին: Ան մեկ­­նա­­­բանեց երազս. «Տե­­սեր ես գանձ, հե­­ռաւոր երկրի մէջ: Լաւ լուր է: Դուն սե­­փական առաս­­պել ու­­նիս: Տիեզեր­­քի նշան­­նե­­­րը պէտք է որ հե­­տեւիս: Սա­­կայն, եթէ կաս­­կա­­­ծիս՝ պի­­տի չկա­­րենաս անոր հաս­­նիլ: Իսկ իմ առաս­­պելս… Եթէ ես ձեր լե­­զուն այսքան լաւ կը խօ­­սիմ, ու­­րեմն ստու­­գա­­­բանա­­կանօ­­րէն զիս կա­­րելի չէ կո­­չել գնչու: Այդպէս չէ՞: Նաեւ զգու­­շացնեմ. Ձեր յա­­ջորդ երա­­զի մէջ խու­­սա­­­փեցէք գնչու տես­­նե­­­լէ, քան­­զի սա նշանն է ձա­­խողու­­թեան եւ նիւ­­թա­­­կան կո­­րուստի»:

***

Դուրս ելայ գո­­հացած: Ար­­դեօ՞ք պա­­ռաւը, մտա­­ծեցի, գի­­տէ՛ր, թէ հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­րուեստն ալ ու­­նի գնչո­­ւական կո­­կիկ եր­­գա­­­ցանկ մը: Մտա­­բերե­­ցի Ռու­­բէն Հախ­­վերդեանի «Ծեր գնչու­­հին», Նա­­զելի Գրի­­գորեանի «Սի­­րոյ գնչու» եւ Ար­­տաշ Ասատ­­րեանի «Գնչու­­­հի» եր­­­գե­­­­­­­րը: Ապա ձեռ­­­քերս գրպա­­­նիս մէջ դրած, նեղ­­­լիկ, մութ փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րու մէջ սկսայ սու­­­լել Լի­­­լիթ Յով­­­հաննի­­­սեանի «Գնչու­­­հին» եր­­­գը.

Գնչու­­­հի քո մայ­­­րը մի ան­­­գամ

գու­­­շա­­­­­­­կեց ճա­­­կատա­­­գիրս.

Նա ասաց հե­­­ռու ման չգամ,

բախտս դու ես, իմ կող­­­քին ես:

Գնչու­­­հի քո մայ­­­րը մի օր

գու­­­շա­­­­­­­կեց ճա­­­կատա­­­գիրս.

Բայց ին­­­չո՞ւ չա­­­սաց նա ինձ,

որ դու ան­­­սիրտ ու ան­­հո­­­գի ես: