Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան վատառողջ արմատները

ԱՂԱՒՆԻ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

Պատ­մա­­­բան փրոֆ. Պիւ­­լենթ Պիլ­­մեզ ըն­­թերցող հա­­սարա­­կու­­թեան կը ներ­­կա­­­յանայ ու­­շագրաւ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնով մը։ Ան մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ կը բե­­րէ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան եւ Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թեան ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան դի­­մաց մատ­­նո­­­ւած զա­­նազան հան­­գա­­­մանքնե­­րուն։

Կը փոր­­ձէ յայտնա­­բերել այդ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան շրջա­­նէն ծա­­ւալող դիւ­­րի­­­մացու­­թիւննե­­րը, սխալ ըն­­կա­­­լումնե­­րը եւ այդ բո­­լորին առիթ պատ­­ճա­­­ռող բար­­դոյթնե­­րը։ Կը վեր­­լուծէ էկա­­լոֆո­­պիան եւ մե­­ծամաս­­նութեան բար­­դոյթը։

Գիր­­քը ու­­շագրաւ է թրքա­­կան ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան ըն­­թացքին շատ կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցած ոչ թուրք տար­­րե­­­րու ծա­­նօթա­­ցու­­մով։ Այսպէս ան ար­­ժա­­­նի կեր­­պով կը վեր­­լուծէ Վե­­լես­­տինցի Ռի­­կասի դե­­րակա­­տարու­­թիւնը, նա­­հատա­­կու­­թիւնը եւ թո­­ղած ժա­­ռան­­գը։

Ապա հան­­գա­­­մանօ­­րէն կը քննար­­կէ Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան մէջ դա­­սակարգնե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւնը եւ հա­­սարա­­կական խա­­ւերու շփու­­մը։

1839-էն մին­­չեւ 1876 բա­­րեփոխ­­ման բնոյ­­թով քա­­ղաքա­­կան զար­­գա­­­ցումնե­­րը եւ անոնց հան­­դի­­­պած հա­­կադար­­ձութիւննե­­րը ու­­շագրաւ պատ­­կե­­­րացում մը կը գո­­յաց­­նէ ըն­­թերցո­­ղին դի­­մաց։

Վեր­­ջա­­­պէս օրէնսդիր, գոր­­ծա­­­դիր եւ դա­­տական հա­­մակար­­գե­­­րու իրար­­մէ ան­­կախ գոր­­ծե­­­լու սկզբունքը եւ մեր օրե­­րուն ալ այդ սկզբունքի վե­­րացու­­մը յա­­տուկ այժմէակա­­նու­­թիւն մը կը շնոր­­հէ այս պա­­տու­­մին։

Կա­­րելի է ըսել որ փրոֆ. Պիլ­­մեզ իր պատ­­մա­­­բանի կո­­չու­­մը կա­­տարե­­լապէս կ՚ար­­դա­­­րաց­­նէ այս նոր հրա­­տարա­­կու­թիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ