ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի՝ սուրիահայութեան վկայութիւն

Հայերու Սուրիոյ մէջ ներկայութեան մասին մեզի հասած առաջին գրաւոր վկայութիւնը 14-րդ դարու կը պատկանի, իսկ 1500 թուականին արդէն իսկ Ս. Քառասնից Մանկանց շրջափակին մէջ կը կառուցուի «Դարպաս թագաւորականը»՝ առաջնորդարանը։ 1616 թուականին Սիմէոն Լեհացի, Հալէպ իր այցելութեան ընթացքին, կը պատմէ այս առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ՝ հայ գաղութին մասին, առաւելաբար յիշատակելով հայ վաճարականները։

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Սուրիոյ իրադարձութիւնները հայերուս ուշադրութեան առարկայ են մանաւանդ Հալէպի հողին հետ միախառնուած հայկական անցեալով ու ներկայով։ Սուրիահայ իրականութեան անցեալն ու ներկան իրար ագուցող շօշափելի ազդակներէն մէկը կը մնայ Հալէպի պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին, որ արդի պատմութեան մէջ վերջին 14 տարին եւ վերջին քանի մը շաբաթներուն շարունակեց զօրավիգ կանգնիլ իր համայնքին։ 

Ի դէպ, դարերու վերիվայրումներու միջով մեզի հասած այս եկեղեցին Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով ենթարկուած էր աւերներու եւ միայն 2019 թուականի 31 մարտին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, օր մը առաջ վերասրբագործուած եւ վերաօծուած, անդրանիկ սուրբ պատարագով կը վերադառնայ իր առաքելութեան։ Այս անգամուայ թոհուբոհին մէջ եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինումով եւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշըգեանի գլխաւորութեամբ, մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրուեցան գաղութին եւ թեժ գիծեր հաստատուեցան համայնքին կարիքներուն համար։ Կաթողիկոսը սիրոյ եւ զօրակցութեան պատգամ յղեց հալէպահայութեան՝ ընդգծելով, որ տագնապի մէջ գտնուող Հալէպի հայութիւնը առանձին չէ եւ դիտել տալով, որ պէտք չէ մոռնալ Սուրիոյ հայ գաղութին յատկանշական դերակատարութիւնը հայկական սփիւռքի մէջ։

FOTO: Sarah Abdallah (@sahouraxo)

Արդարեւ, հայերու Սուրիոյ մէջ ներկայութեան մասին մեզի հասած առաջին գրաւոր վկայութիւնը 14-րդ դարու կը պատկանի, իսկ 1500 թուականին արդէն իսկ Ս. Քառասնից Մանկանց շրջափակին մէջ կը կառուցուի «Դարպաս թագաւորականը»՝ առաջնորդարանը։ 1616 թուականին Սիմէոն Լեհացի, Հալէպ իր այցելութեան ընթացքին, կը պատմէ այս առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ՝ հայ գաղութին մասին, առաւելաբար յիշատակելով հայ վաճարականները ։ Ինչպէս ծանօթ էք հայոց պատմութենէն, հայեր վանքերու եւ եկեղեցիներու կողքին միշտ ալ կանգնեցուցած են կրթական կեդրոններ։ Առ այդ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեւոյ կողքին կը կառուցուի դասատուն մը, որ արուեստի եւ գիտութեան կարեւոր կեդրոն կը դառնայ, իսկ 16-րդ դարու աւարտին, Սիսի կաթողիկոսութիւնը ժամանակաւորապէս Հալէպ հաստատուելով, հոն կը ծաւալէ հոգեւոր ու մշակութային գործունէութիւն, վարչականին ու տնտեսականին կողքին։ 

Վերադառնալով ներկային, մինչ մէկ կողմէ Սուրիան կը տօնէ բռնութեան զգեստը իր վրայէն թօթափած ըլլալու յաղթանակը, միւս կողմէ երկրին մէջ անորոշութիւն կը տիրէ իշխանութեան տապալումէն ետք եկող հանգրուանին նկատմամբ։ Բերիոյ (Հալէպի) հայոց թեմի մէջ ծառայող Կիլիկիոյ միաբանութենէն Արմէն Աբղ. Գալաճեանի հետ մեր զրոյցին ընթացքին, ան կը փոխանցէ, որ տապալումէն մինչ օրս նորութիւններ չկան, իսկ ընդդիմադիր ղեկավարները՝ տեսակցութիւն ունենալով համայնքի ղեկավարներուն հետ, վստահեցուցած են, որ գաղութը պիտի չդադրի իր կրօնական եւ համայնքային կեանքը ապրելէ։ Այս գծով ան ըսաւ, որ պատարագի մատուցում կ՚ըլլայ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Աստուածածնի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ։ Կենցաղային պայմանները սակայն կը գտնուին իրենց դժուար վիճակներուն մէջ։ Տակաւին գոյութիւն ունին տնտեսական սուր տագնապ՝ սղաճ, դրամի արժեզրկում եւ անգործութիւն, ինչ որ դուռ կը բանայ սփիւռքի հայութեան, որ իրենց ուժերը ի գործ դնեն յանուն սուրիահայութեան օժանդակութեան։ 

Իրականութիւն է, որ բռնակալները պիտի տապալին եւ բանտերը պիտի փլին (վերջապէս փլաւ Դամասկոսի մօտ գտնուող վատահամբաւ Սայիտնայա բանտը, որ ծանօթ է նաեւ մարդկային սպանդանոց անունով եւ որ թատերաբեմ եղած է աւելի քան 30 հազար բանտարկեալներու առանց դատավարութեան գնդակահարման եւ անսելի չարչարանքներու։) Մնայուն է միայն պայքարող ժողովուրդը։ Կարեւոր է, որ հողին հետ միախառնուած պատմութիւնը մնայ ուժեղ ու այդ պատմութիւնը ապրեցնող գաղութը յոյսը ունենայ շրջանցելու նաե՛ւ այս դժուարին հանգրուանը։ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, որ յատկանշականօրէն 1915 թուականի աղէտէն վերապրածներու տուն դարձած էր ու աքսորուած ժողովուրդ մը ապաստանած էր իր երդիքին տակ, կը շարունակէ մնալ սուրիահայութեան վկայութիւն։