19Մարտ թուականը խորհրդանշական իմաստ ստացաւ Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի համալսարանի վկայականի չեղեալ համարուելուն յաջորդող զարգացումներով։ Նախ համալսարանի տեսչութիւնը մերժեց Իսթանպուլի դատախազի այս ուղղութեամբ կատարած բազում դիմումները։ Ան ոչ մէկ անօրինութիւն տեսած էր վկայականի վերաբերեալ։ Սակայն յարատեւ ճնշումներու հետեւանքով ինք ստիպուեցաւ պաշտօնէն հրաժարելու։ Ապա համալսարանի խորհուրդը, հակառակ որ իրաւասնութիւն չունէր, չեղեալ համարեց քաղաքապետի համալսարանական վկայականը։
Պարտինք յիշել որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահական աթոռի համար թեկնածու ըլլալու գլխաւոր պայմանն է համալսարանաւարտ ըլլալու հանգամանքը։
Այս անօրինութեան պատճառած ընդվզումը տակաւին չէր յանգած, երբ վրայ հասաւ հաւաքաբար բերման ենթարկելու գործողութիւնը։ Այսպէս գլխաւորութեամբ Իսթանպուլի քաղաքապետին, բերման ենթարկուեցան նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան եւ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետ Մեհմետ Մուրատ Չալըք ու քաղաքապետարանի բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
Աւելի քան 100 անուններու դէմ կը պնդուէր քաղաքապետարանի գործունէութիւններէն շահագործման եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան սատարման մասին խիստ վիճելի յանցանքներ։
Բերման ենթարկելու քառօրեայ ժամանակահատուածի աւարտին բերման ենթարկուածներէն շատեր ձերբակալուեցան եւ ուղարկուեցան զանազան արգելանոցներ։
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը իսկոյն բողոքի ձայն բարձրացուց եւ հանրահաւաքներ կազմակերպեց Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետարանի շէնքին գտնուած Սարաչհանէ թաղին մէջ։
Մինչ այդ կուսակցութիւնը գործադրեց նաեւ օրեր առաջ յայտարարած նախաընտրական արշաւը։ Նախապէս որոշուած էր կուսակցութեան նախագահի թեկնածուն ճշդել անդամներու ձայներով։ Այդ պահուն կուսակցութեան անդամներու թիւը 1 միլիոն 600 հազար էր։ Սակայն առկայ անօրինութիւններու յաջորդող քանի մը օրերու ընթացքին զանգուածային անդամակցութիւն տեղի ունեցաւ եւ այդ թիւը հասաւ 1 միլիոն 750 հազարի։ Այս զարգացումները նկատելով կուսակցութեան վերնախաւը որոշեց ընտրութեան տեղամասերուն երկրորդ սնտուկ մը եւս տեղադրել, ոչ անդամ քաղաքացիներուն համար։ Այս երկրորդը կոչուեցաւ զօրակցութեան սնտուկ եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ փութացին այդ սնտուկներուն թէ՛ քաղաքապետի թեկնածութեան համար իրենց զօրակցութիւնը եւ թէ կատարուած անարդարութեան դէմ բողոքը յայտնելու համար։ Իսկապէս ալ այս երկրորդ սնտուկի հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը գերազանցէր բոլոր կանխատեսումները։ Օրուայ աւարտին կուսակցութեան շրջանակները յայտնեցին թէ աւելի քան 13 միլիոն քաղաքացիներ մասնակցած են ընտրութեան։
Սարաչհանէյի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքները եւս արժանացան ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեան։ 25 Մարտ երեքշաբթի երեկոյ, եօթերորդ հանրահաւաքի աւարտին կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ յայտարարեց թէ կ՚ընդհատէ այս ցոյցերը մինչեւ 29 Մարտ շաբաթ օր, քանի որ այդ օրուայ համար որոշած են դարձեալ զանգուածային հանրահաւաք մը, այս անգամ քաղաքի Ասիական ափը, Մալթեփէյի հրապարակին վրայ։
Պարտինք նշել թէ բողոքի ցոյցերը սահմանուած չէին Սարաչհանէի հրապարակով։
Անգարայի մէջ յատկապէս Միջին Արեւելքի Թեքնիքական Համալսարանի ուսանողներու առաջնորդութեամբ եւս կատարուեցան զանգուածային ցոյցեր։
Նմանը պատահեցաւ երկրի աւելի քան 35 քաղաքներու մէջ, ուր մարդիկ կը մէկտեղուէին իշխող կառավարութեան բռնութիւններուն ու անարդարութիւններուն դէմ ձայն բարձրացնելու համար։
Բացի հրապարակներու վրայ մէկտեղուողներէն, շատեր ալ իրենց տուներէն, փողոցներէն մասնակցեցան բողոքի ցոյցերուն, աման-չամանի միջոցաւ աղմկելու ձեւով։
Էօզկիւր Էօզէլի յայտարարութիւններու մէջ ուշագրաւ էր որոշ ապրանքանիշերը պոյքոթելու ուղղեալ կոչերը։ Այս ալ իր կարգին արդար ընդվզում մըն էր, քանի որ իշխանամէտ հեռուստակայաններ յամառօրէն կ՚անտեսէին երկրի օրակարգի գլխաւոր խնդիրը եւ անոր հետ կապուած զարգացումները։
Ոստիկանութիւնը նոյնպէս չէր վարաներ ցուցարարներուն դէմ անհամեմատ բռնութիւնով վերաբերելէ։ Այս ծիրէն ներս բերման ենթարկուեցան 11 լրագրողներ, որոնցմէ ութը յաջորդ օր ձերբակալուեցան։ Այս ձերբակալութիւններով գոյացաւ նոր անել մը եւս։ Ձերբակալուողները տեղի չգոյութեան պատճառաւ ետ ուղարկուեցան իրենց համար ճշդուած բանտերէն։ Այս պահուն գերծանրաբեռնուած են նաեւ ոստիկանատուներու արգելանոցները։
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը յայտարարած է իր նախագահի թեկնածուն եւ հիմա բոլոր պայքարը կը խտանայ կանխահաս ընտրութեան մը պահանջի շուրջ։