ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Հայհոյանք

Հայհո­յան­քը ճա­րահատ մար­դու բար­կութեան ար­տա­յայ­տութիւնն է։ Ան­շուշտ որ անըն­դունե­լի անկրթու­թեան մը ապա­ցոյցն է հայ­հո­յան­քը։

Գի­տակից մար­դը կա­րող է հայ­հո­յան­քէն դուրս զա­նազան եղա­նակ­նե­րով ար­տա­յայ­տե­լու իր ընդվզու­մը, բո­ղոքը կամ բար­կութիւ­նը։ Ան առանց պո­ռում գո­չու­մի, իր տրա­մաբա­նական առաջ­նադրումնե­րով կրնայ հա­մոզել հա­կադ­րո­ւած ան­ձը։ Բայց այստեղ անհրա­ժեշ­տութիւն կը դառ­նայ խօ­սակ­ցին ալ լսե­լու եւ դա­տելու ու­նա­կու­թիւնը։ Երբ ասուն մար­դու յա­տուկ այս կա­րողու­թիւննե­րը կը բա­ցակա­յին, երբ ըսողն ու լսո­ղը իրար չեն կրնար հասկնալ, հայ­հո­յան­քը ինքնա­բերա­բար կը գտնէ իր գոր­ծա­ծու­թեան լայն դաշ­տը։

Հայ­հո­յան­քը նախ եւ առաջ նա­խատինք, ստո­րացում մըն է ուղղուած են­թա­կայի հաս­ցէին։ Ան աւե­լի շեշ­տադրո­ւած կ՚ըլ­լայ երբ են­թա­կան գե­րազան­ցե­լով կ՚ուղղո­ւի ան­հա­տի հա­մար սրբա­զան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող էակ­նե­րու։

Մայ­րը, քոյ­րը այդ տե­սակի ամե­նահա­րազատ օրի­նակ­ներն են։ Ար­դա­րեւ սե­ռային բնոյ­թով հայ­հո­յանքներն ալ ընդհան­րա­պէս անոնց ուղղեալ կ՚ար­տա­սանո­ւի։

Նպա­տակը վի­րաւո­րելն է եւ այս տե­սակի հայ­հո­յանքներն ալ կ՚ապա­հովեն այդ նպա­տակի իրա­կանա­ցու­մը։ Մար­դիկ շատ ան­գամ կրնան հան­դուրժել իրենց ան­ձին ուղղեալ նո­ւաս­տա­ցումնե­րու, բայց նոյն հան­դուրժո­ղու­թիւնը չեն ու­նե­նար, երբ սե­ռային բնոյ­թով սպառ­նա­լիքը կը հաս­նի իրենց մօր, քրոջ եւ յա­ճախ ալ ամ­բողջ գեր­դաստա­նի մը։

Ինչպէս նշե­ցինք վե­րեւ ալ, հայ­հո­յան­քը ան ասուն, ան­ճա­րակ եւ ան­կիրթ մար­դու յա­տուկ երե­ւոյթ է։ Նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ է ուղղո­ւած ան­ձէն աւե­լի ար­տա­յայ­տո­ղի հա­շուին։

Քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լո­ւի են­թարկուած անի­րաւու­թեան դէմ բո­ղոքի հան­րա­հաւաք­նե­րուն մէկ­տե­ղուող­նե­րը միատարր զան­գո­ւած մը չէին կազ­մեր։ Այնտեղ կա­յին կու­սակցու­թեան հա­մակիր­ներ եւ նաեւ այդ կու­սակցու­թեան հան­դէպ եր­բեք հա­մակ­րանք չու­նե­ցած մար­դիկ։

Անոնք մէկ­տե­ղողը իշ­խող քա­ղաքա­կան ու­ժի դէմ սնու­ցած ոխն է միայն։

Ատե­լու­թիւնով լցո­ւած այդ ամ­բո­խի մէջ բնաւ քիչ չէ ֆա­շիստնե­րու ներ­կա­յու­թիւնը։ Ընդհան­րա­պէս գա­ղափա­րազուրկ, լոկ կար­գա­խօսե­րով ար­տա­յայ­տո­ւող այդ զան­գո­ւածի հա­մար շատ բնա­կան երե­ւոյթ է հայ­հո­յան­քի առ­կա­յու­թիւնը։ Անոնք նոյ­նիսկ իրենց մտե­րիմ ըն­կե­րական մի­ջավայ­րի մէջ ալ յա­ճախ խօս­քը կ՚երան­գա­ւորեն պէս­պի­սուն հայ­հո­յանքնե­րով։

Իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը մեծ աղ­մուկ կը բարձրաց­նէ Սա­րաչ­հա­նէի հան­րա­հաւաք­նե­րու ըն­թացքին երկրի նա­խագա­հի հան­գուցեալ մօր հաս­ցէին հնչող սե­ռային բնոյ­թով հայ­հո­յանքնե­րու հա­մար։ Ան­շուշտ որ իրա­ւացի ընդվզում մըն է այս։ Իրա­ւացի, բայց նոյնքան ալ անըն­դունե­լի, քա­նի որ այդ նոյն շրջա­նակ­նե­րը իրենք եւս յա­ճախ կը դի­մեն հայ­հո­յան­քի։ Ըստ իրենց անըն­դունե­լի է նա­խագա­հի մօր ուղղո­ւած հայ­հո­յանա­քը։ Մենք պի­տի ըսենք անըն­դունե­լի է բո­լոր մայ­րե­րուն ուղղո­ւածը։ Մա­նաւանդ ալ սե­ռային բնոյ­թով հայ­հո­յանքնե­րը վի­րաւո­րական են հա­մայն կա­նանց հաս­ցէին։

Ահա­ւասիկ տար­բե­րու­թիւն մը եւս այ­սօ­րուայ եւ «Կե­զի»ի ցոյ­ցե­րու մի­ջեւ։ Հոն նոյն օրն իսկ միասե­ռական գոր­ծիչնե­րը յա­ջողած էին ար­գինլել այդ տե­սակի հայ­հո­յանքնե­րը եւ վեր­տա­րու­թիւննե­րը։