Օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան, 29 Մարտ 2025, Շաբաթ առաւօտ, Ս. Քառասնից Մանկանց տօնի օր, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս – Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Տէր Հայրը բոլորած էր քառասնօրեայ կանոնական պատրաստութեան ու պահեցողութեան շրջանը Պատրիարքարանի մէջ։
Անդրանիկ Ս. Պատարագին նախագահեց, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Աթոռոյս միաբան հայրերն ու քահանայից դասը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի անդամները։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներ ու դպիրներ։ Իսկ, Պատարագիչ Տէր Հօր կողքին որպէս առընթերակայ կանգնած էր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ Սեբաստիոյ Ս. Քառասուն Մանկանց ու գովեց անոնց անկոտրում հաւատքը:
Պատրիարք Հայրը, քարոզի աւարտին, Տ. Արսէն Քահանայի մասին ալ խօսեցաւ եւ գնահատեց մինչեւ այսօր իր Իզմիրի մէջ տարած աշխատանքը եւ յոյս յայտնեց, որ յետ այսու եւս պիտի շարունակէ ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն մեր ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց բոլոր այն անձերը, որոնք Հայր Սուրբի հոգեւոր ու բարոյական զարգացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած էին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն, ի հանգիստ հոգւոցն Տէր Հօր պատրաստութեան ծառայող ու ներդրում ունեցող բոլորի հանգուցեալներուն։
Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Ապա Տէր Արսէն Հօր շուրջառը տարածուեցաւ հաւատացեալներու վրայ եւ Տէր Հայրը բժշկութեան աղօթք արտասանեց։ Իսկ մկրտարանին մէջ «Պահպանիչ» աղօթքը արտասանեց Երէցկնոջ վրայ:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Շնորհք Պատրիարք Սրահին մէջ սիրոյ սեղան տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Պատրիարք Հօր։
Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ անգամ մը եւս գնահատեց Տէր Հայրը եւ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ բարի երթ մաղթեց իրեն հոգեւոր կեանքին ընթացքին։