21 Մարտ Ուրբաթ օր, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ հիւրասիրուեցաւ Տոքթ. Վահրամ Էլակէօզ։ Ան պատրաստած էր հետաքրքրական եւ ուսանելի դասախօսութիւն մը, նուիրուած համեմներու եւ մանրախոտերու պատմութեան մասին։ Վահրամ Էլակէօզ անդրադարձաւ համեմներու եւ մանրախոտերու օգտագործման ձեւերուն եւ ազդեցութեան թէ՛ խոհագիտութեան եւ թէ՛ բժշկութեան մէջ։ Ան շեշտեց համեմներու առեւտրական ուղիներու պատմութեան մասին եւ յատկապէս անոնց ունեցած ազդեցութիւնը համաշխարհային առեւտուրի զարգացման վրայ։
Էլակէօզ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ ինչպէս համեմները դարեր շարունակ եղած են հզօր պետութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, դառնալով մեծ պայքարի եւ մրցակցութեան առարկայ։ Դպրեվանքի սաները իմացան, թէ անցեալի հզօր երկիրները ինչպիսի՜ ջանքեր գործադրած են հեռաւոր վայրերէ համեմներ բերելու համար։ Անոնք, երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութիւններու ձեռնարկելով, փորձած են շրջանցել արաբ վաճառականները եւ Վենետիկի մենաշնորհները, որոնք երկար ժամանակ վերայսկած էին համեմներու առեւտուրը։
Տոքթ. Էլակէօզը յատուկ անդրադարձ կատարեց այն հայ հետազօտողներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած են այս ոլորտին մէջ։ Ան ներկայացուց Կարապետ Կապիկեանը, Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանը, Արմէնակ Պետեւեանը եւ Մանուէլ Քաջունին, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւններով մեծ լոյս սփռած են համեմներու պատմութեան:
Բանախօսութիւնը աւարտեցաւ աշխոյժ հարցուպատասխանով։ Վարժարանի աշակերտները հետաքրքրուած հարցումներ ուղղեցին մեր առօրեային մէջ օգտագործուող համեմներու եւ մանրախոտերու վերաբերեալ։ Տոքթ. Էլակէօզ մանրամասնօրէն բացատրեց անոնց առանձնայատկութիւնները, օգտակարութիւնը առողջութեան համար եւ ճաշերու մէջ կիրառման տարբեր ձեւերը։