Յարատեւ է հայ դպրոցի առաքելութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Հա­յոց կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու պատ­մութիւն՝ Օս­մա­նեան գա­ւառ­նե­րու մէջ»։ Այս ան­գամ մեր սե­ղանին դրո­ւած է երկհա­տորա­նի ծաւ­լուն ու­սումնա­սիրու­թիւն մը, որ ինչպէս կը բնու­թագրէ նաեւ գիր­քի անու­նը, ձօ­նուած է հայ դպրո­ցի պատ­մութեան։ Հե­ղինա­կը՝ ինչպէս նա­խաբա­նին մէջ կը վկա­յէ նաեւ Հրաչ Սե­փեթչնեան, մե­ղուա­ջան աշ­խա­տան­քով պատ­րաստած է այնպի­սի աշ­խա­տանք մը, որ եր­կար տա­րիներ հիմ­նա­կան աղ­բիւր պի­տի ծա­ռայէ ապա­գայի պատ­մա­բան­նե­րուն հա­մար եւս։

Միւս կող­մէ մեծ կո­րուստի մը վառ վկա­յու­թիւնն է այս աշ­խա­տասի­րու­թիւնը։ Իս­կա­պէս ալ հայ­րե­նի հա­րազատ հո­ղը ստի­պողա­բար լքե­լու, հե­ռանա­լու ու գաղ­թա­կան դառ­նա­լու հե­տեւանքնե­րէն մէկն ալ հա­զարէ աւե­լի վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ 120 հա­զարէ աւե­լի հայ աշա­կերտնե­րու դաս­տիարակ­ման ծա­ռայող հա­մակար­գի մը ան­կումը կը նշա­նակէ։ Այս ար­ժէ­քաւոր ու­սումնա­սիրու­թեան հե­ղինակ Գէորգ Պիւ­յիւքյա­կոբեան կո­րուստի ծա­ւալը նկա­րագ­րե­լու հա­մար կը նշէ թէ վեց ցա­մաքա­մասե­րու ցրո­ւած եւ շուրջ 7 մի­լիոն բնակ­չութիւն հա­շուող հայ­կա­կան սփիւռքը ու­նի հա­զիւ 240 դպրոց­ներ։ Այստեղ պարտինք յի­շել թէ Գէորգ Պիւ­յիւքյա­կոբեանի նա­խորդ աշ­խա­տասի­րու­թիւնը նիւթ ու­նե­ցած էր Պոլ­սոյ դպրոց­նե­րու պատ­մութիւ­նը եւ այստեղ կը խօ­սուէր 170 վար­ժա­րան­նե­րու մա­սին։ Ճիշդ տաս­նա­պատի­կը այ­սօ­րուայ դրու­թեան։

Պիւ­յիւքյա­կոբեան իր պա­տու­մին կը սկսի անդրա­դառ­նա­լով հայե­րու ու Հա­յաս­տա­նի ծագ­ման մա­սին պատ­մա­կան աղ­բիւրնե­րու։ Կը բա­ցայայ­տէ նա­խաք­րիստո­նէական շրջա­նի հայ դպրոց­նե­րու գո­յու­թեան փաս­տե­րը, նոյն շրջա­նի հա­յոց հին կրօն­նե­րու են­թա­հողին վրայ։ Դի­տել կու տայ ազ­գա­յին եկե­ղեցի մը հաս­տա­տելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը եւ կա­րեւո­րու­թիւնը, հայ գի­րերու գիւ­տը եւ ոս­կե­դարու դպրոց­նե­րը հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ։ Այդ նշումնե­րը կը ծա­ւալին Ե. Դա­րէն մին­չեւ ԺԱ. դար։

Ան­շուշտ ըն­թերցո­ղը այստեղ պի­տի գի­տակ­ցի դպրոց բա­ռի այդ ժա­մանակ­նե­րու ըն­կա­լու­մին, որը խիստ առնչո­ւած էր վա­նական ապ­րումնե­րով։ Ար­դա­րեւ քննար­կո­ւող նիւ­թե­րէն մէկն ալ վան­քե­րու եւ վա­նական­նե­րու նպաստն է հայ դպրո­ցի ու դաս­տիարա­կու­թեան։ Առա­ջին գլխու 9-րդ մա­սը կը նկա­րագ­րէ հա­յոց պե­տակա­նու­թեան կազ­մա­լու­ծումը եւ զու­գա­հեռա­բար ու­մասն ան­կումը։ Հայ պատ­մութեան մէջ եր­կա­րատեւ այդ շրջա­նը կը նշո­ւի խա­ւարով։ Այդ խա­ւարը աւե­լի ուշ վերստին պի­տի լու­սա­ւորո­ւէր ԺԷ դա­րու վեր­ջե­րուն, որ պի­տի նշո­ւէր նաեւ հայ դպրո­ցի վե­րակազ­մութեան շրջան։

Ինչսպէս առա­ջին գլու­խի բո­վան­դա­կու­թիւնն ալ կը վկա­յէ սոյն ու­սումնա­սիրու­թիւնը ըն­թերցո­ղին կը պար­գե­ւէ նաեւ հա­յոց պատ­մութեան մա­սին բա­ւական բո­վան­դա­կալից գի­տելիք­ներ։

Գիր­քը դպրոց­նե­րը կը դա­սաւո­րէ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան վար­չա­կան բա­ժան­մունքի հի­ման վրայ։

Այս խիստ կա­րեւոր ու­սումնա­սիրու­թեան հրա­տարա­կու­մը կա­րելի եղած է Օր­թա­գիւ­ղի Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի մե­կենա­սու­թեամբ։ «Փա­րոս» պար­բե­րակա­նի մա­տենա­շարէն լոյս տես­նող չորս հա­տորա­նի աշ­խա­տասի­րու­թեան առա­ջին եր­կու հա­տոր­ներն են որ կը հաս­նին ըն­թերցա­սէր հա­սարա­կու­թեան։ Կը մնայ շնոր­հա­ւորել հե­ղինա­կի վաս­տա­կը եւ հրա­տարա­կու­թիւնը իրա­կանաց­նող մե­կենաս­նե­րու նո­ւիրումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ