ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Սպասման սրահը նստած կը սպասեմ դրան բացուիլը։ Ոհ՜ Արարատն է այս։ 21 տարի վերջ կարօտս պիտի առնեմ։
Բացուէ՛ք դռներ։ Հերիք է կայուն սա ժամանակը, թող հոսի այլեւս։ Խենդ ու խելար հարցումներ մտքիս յուզումներ, քնատութիւն…
Երկար տեւող գիշեր մը կ՚ապրինք, արդէն օրուան ուշ ժամերն են, որոնց վրայ կը բարդուի ինքնաթիռին 50 վայրկեանի ուշացումը։ Կը դիտեմ շուրջ բոլորս։ Մարդիկ՝որոնք տուն պիտի հասնին, ոմանք արձակուրդի կ՚երթան, իսկ ուրիշներ ալ գործի համար ապա, ես ինչո՞ւ կ՚երթամ։ Թուրքիացի խումբ մը լրագրողներով հրաւիրուած ենք Հայաստան։ Ինչո՞ւ կանչեցին մեզ։ Համարեա բոլորս ալ օտար ենք իրարու։ Յաջորդող երեք-չորս օրերուն ընդմիշտ միասին պիտի ըլլանք մինչդեռ։
Վերջապէս դռները բացուեցան, արդեօք պիտի արժանանա՞մ Արարատը տեսնելու։ Այս ըսած պահուն կը յիշեմ մեր ընտանեկան որոշումը։ Չէ որ միասնաբար պիտի երթայինք։ Այլ կերպ ստացուեց, առանցին կը կատարեմ ուխտս՝ որ կ՚իրականանայ պաշտօնի բերմամբ։
Երկնքի բարձունքէն կը դիտեմ լոյսի ծով Պոլիսը։ Երկու ժամ անց է, երբ վայրէջք կը կատարէինք Զուարթնոց օդակայան ինքնաբերաբար բաղդատեցի երկու քաղաքները։ Զգալի էր որ Երեւան իր բնակչութիւնով ու տարածքով շատ աւելի փոքր էր։ Նոյն ժամուն կը մտաբերէի թռիչքներու ժամերու անյարմարութեան մասին։ Սահմանապահ պաշտօնեան ժպտադէմ հարցումներ կ՚ուղղէ, որոնց կը պատասխանեմ ուրախ տրամադրութեամբ։ Նոյն պահուն կը մտաբերեմ անցեալի ռուս սահմանապահները, որոնք բաւական սառ վերաբերում կ՚ունենային ուղեւորներու հանդէպ։ Կ՚ապրէի նաեւ օտար լեզուի պատճառած դժուարութիւններ։ Այս անգամ ուրիշ կերպ հարազատութիւն մը կար իմ եւ պետական համազգեստով պաշտօնեայի միջեւ։
Գիշերուայ մութին Երեւանեան քամին է որ կը շոյէ մազերս։ Վերջապէս հասած ենք իրարու, կը յիշեմ այս սահմանադուռէն առաջին մուտքս։ 24 տարեկան էի եւ հազիւ հինգ օր առաջ պսակուած։ Ամուսնոյս հետ միասին բոլորովին նոր փորձի դաշտ մը կը սպասէր մեզ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանը։ Լման հինգ տարիներ ապրեցանք Երեւանի մէջ իբրեւ ուսանող։ Զաւկիս առաջին հայրենիքն է Հայաստանը։ Երկուքով գացած, երեք դառնալով վերադարձած էինք։ Բոլոր այդ ապրումները տողանցեցին աչքերուս առջեւ եւ ուրիշի մը առանց սպասելու ես ինծի ըսի. «Բարի գալուստ»։
Մինչդեռ անմիջապէս ելքին մեզ այդ նոյն մաղթանքով դիմաւորելու փութացած էին «Օրբելի» Կեդրոնի երիտասարդ անդամները։ Իրենց դէմքի ժպիտը կրկին անգամ ջերմացուց զիս։ Կը տարուիմ Մարիյոթ Հիւռանոցի հրապոյրով։ Բայց մարդ որքա՞ն կրնայ դիմադրել, անքնութիւնը կը ճնշէ եւ ես խաղաղօրէն կը մտնեմ այդ քունի գիրկը։
Հազիւ 3,5-4 ժամ սահմանուած է այդ խաղաղ քունի համար, քանի որ առաւօտուայ ժամը 08.00-ին, պէտք է իջնեմ նախաճաշի եւ ապա պիտի սկսի հեւիհեւ աշխատանքային օրեր։
Ինչպէս վերեւ ալ նշեցի մեր խումբէն ոչ ոք ծանօթ էր ինծի։ Ճամբորդութեան ընթացքին նկատած էի ազնիւ դէմքով տիկնոջ մը։ Մտադրած էի առաջին առիթով մօտենալ իրեն։ Բայց յանկարծ ջերմ ձայն մը գրաւեց զիս։ «Բարի լոյս» ըսող այդ ձայնի տէրը ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ մեզ՝ «Ակօս»ի աշխատակազմին սիրելի անձնաւորութիւն մը՝ լրագրող Մեթէ Չուպուքչուն։ Ան յաճախ կ՚այցելէ «Ակօս»ի խմբագրատուն եւ կը զրուցէ պարոն Եդուարդ Տանձիկեանի կամ Բագրատ Էսդուգեանի հետ։ Յետոյ այդ ժպտադէմ կինն ալ մասնակցեցաւ մեզի։ Եափրաք էր անունը, այսինքն Տերեւ։ Իսկոյն կրկին մատնուեցայ խոր մտածումներու։ Ո՞ւր եմ, որո՞նք են։ Պարզ հանդիպում մը չէ սա։ Երկրի կարեւոր մետիայի ներկայացուցիչներ հրաւիրուած են։ Կը նայիմ անոնց գերարդիական սարքերուն, եռոտանիներուն, որոնց կողքին ես պիտի փորձեմ պահը անմահացնել բջջային հեռախօսի տեսախցիկով։ Ոհ՜ սիրելի Պերճ Արապեան, երանի հետս ըլլայիր։ Որքան ուժ կ՚առնէի քեզմէ։
Ժամը 9.30 եւ առաջին պաշտօնական հանդիպումը։ Գոռ Ծառուկեան, Միքայէլ Եալունուզեան եւ Աստղիկ Իգիթեան կը ծանօթացնեն նախատեսուած ծրագիրը։ Հոն պաշտօնապէս տեղեակ կ՚ըլլամ թէ մեզ պիտի ընդունի նաեւ Վարչապետ Փաշինեան։ Բոլոր այս մանրամասնութիւնները փոխանցուեցաւ անգլերէնով։
Ժամը 11.00-է ամօթխածութեամբ կը մօտենամ տիկին Աստղիկին ու կը յայտնեմ թէ պիտի դժուարանամ անգլերէն արտայայտուելու։ Անոր ջերմ ժպիտը իսկոյն կը փառատէ իմ բոլոր մտավախութիւնները «Անհոգ եղէք»։ Մեր անձնակազմը թարգմանութիւններու համար օգնական պիտի ըլլայ»։ Այդ պահուն հանգստացայ։ արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ փոխ նախարար Վահան Կոստանեանի գրասենեակն եմ։ Շնորհիւ թարգմանիչին կը հետեւիմ բոլոր զրոյցներուն։ Մի առ մի կը քննեմ Թուրքիայէն եկած լրագրողները։ Անոնք թէ իշխանամէտ, թէ ընդդիմադիր եւ թէ անկախ մետիաներու ներկայացուցիչներ են։ Իսկ ես կը ներկայացնեմ «Ակօս»ը, որ թէ անկախ եւ թէ փոքրամասնական մամուլ կը համարուի։ Բոլորը անգլերէնով հարցուցին իրենց հարցումները, իսկ ես հայերէնով։ Այդ պահուն անդրադարձայ, եթէ կարեւորուածը երկխօսութիւնն էր, ես անձամբ կը ներկայացնէի երկու կողմերն ալ։ Այս սեղանի շուրջ բոլորը կը հասկնային իմ ըսածը։ Ժողովէն ետք ընթրեցինք Թավերն Երեւան։ Անշուշտ որ շատ համեղ էր ինչ որ կերանք, բայց յուզումը կը գերազանցէր ամէն ինչ։ Յաջորդ հանդիպումը Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ, Խորհրդարանի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։ Այս մէկն ալ փակ ժողով մըն է։ Մեր խումբէն ոմանք նախապէս դիմեր են յատուկ հարցազրոյցի համար։ Երանի ես ալ դիմած ըլլայի։ Բարեբախտաբար Օրբելի կեդրոնէն Գէորգ Կալլոշեան կազմակերպեց խորհրդարանի անդամ Մարիա Կարապետեանի հետ հանդիպում մը։
Խորհրդարանի շէնքը տեսնելով վերյիշեցի ուսանողութեան տարիներուս ամենատխուր պատահարներէն մէկը։ Ես ու ամուսինս 27 Օգոստոս 1999-ին Մեսրոպ Պատրիարքի կարգադրութեամբ ոտք դրինք հայրենի հող։ Պատրիարք Սրբազանը Աբովեան Փողոցի վրայ բնակարան մը գտած էր մեզի համար։ Նոյն տարուայ 27 Հոկտեմբերին ահա այդ բնակարանն էինք ու երեկոյեան հարեւանը դուռը թակելով մեզ զգուշացուց որ տունը մնանք, փողոց չելլենք։ Շուտով պարզուեցաւ պատահածը։ Յարձակում կատարուած էր Խորհրդարանի վրայ եւ զոհուած էին ութը քաղաքական գործիչներ, գլխաւորութեամբ երկրի ամենասիրուած գործիչներէն Կարէն Տեմիրճեանի եւ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի։ Առաջին անգամ անոնց սուգը յարգելու համար գացած էի այդ շէնքը։
Հիմա այդ խառն զգացումներով Խորհրդարանի սենեակներէն մէկուն հարցազրոյցի նստած եմ պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանի հետ։ Յուզումը կրկին պատած էր զիս եւ կարծես ես իմ ձայնին օտարացած։
Այս հանդիպումէն վերջ կ՚այցելենք «Նոյ» Քոնիակի գործարանը։ Հոն մեզի կը մատուցեն 81 տարեկան ընտիր գինի։ Իսկ ես տարուած եմ տակառներու հսկայութեան։ Փոխանակ բացատրութիւնները լսելու կը փորձեմ մի առ մի լուսանկարել իրարմէ համարեա տարբերութիւն չունեցող տակառները։ Ախ՜ Լուսյէն ախ՜ ինչո՞ւ այսքան ոգեւորուած ես։ Ինչո՞ւ մատներդ կը թաթխես մատուցող ապակեայ թասին եւ կաւիճը կը բերես բերանդ։ Հիմա բերնիս մէջ այդ լեղի համին կ՚ափսոսաս թէ ոչ թրջուած կաւիճով չի կրնալ գրելուդ։
Ինչեւիցէ առաջին օրը աւարտեցինք։
Երեւանեան երկրորդ օրը
Կը չափչփեմ հիւրանոցի սենեակը։ Կրկին յուզումներ, խորհուրդներ պատած են ամբողջ ինքնութիւնս։ Փաշինեանի հետ պիտի հանդիպինք։ Մազերս ալ լաւ չեն տեսնուիր։ Ոտներս ալ ուռած են բարձր կրունկով կօշիկներուն մէջ։ Հարցումներս որքա՞ն իմաստալից պիտի ըլլան վստահ չեմ։ Տասը լրագրողներ մէկական հարցում պիտի ուղղենք։ Իմ հարցումս պէտք է յատուկ ըլլայ, այլ ոչ թէ ուրիշի մը հարցումի կրկնութիւնը։ Զանգահարեցի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանին։ Անոր թելադրանքով դիմեցի վարչապետին։ Կը կարծեմ թէ ուղղած հարցումս շատ կը պատշաճէր «Ակօս»ի ոգիին։ Արցախի մէջ պատանդ առնուած հայերու դատավարութիւնը ուրիշ ո՞վ պիտի հարցնէր եթէ ոչ «Ակօս»ի թղթակիցը։
Նպատակ չունիմ Վարչապետ Փաշինեանը գովաբանելու։ Նոյնպէս տասը լրագրողներու ուղղած հարցումները եւ վարչապետի պատասխանները թուելու։ Այդ բոլորը արդէն տեղական մամուլին մէջ բաւականին խօսուեցան։ Լրագրողները հարցումները թրքերէն հարցուցին, իսկ վարչապետը հայերէնով պատասխանեց։ այս հանդիպումը ինծի համար եզակի էր այդ իմաստով որ նախորդ բոլոր հանդիպումներուն թուրք լրագրողները իսկոյն կ՚ընկալէին անգլերէն բացատրութիւնները, իսկ ես կը կարօտէի յատուկ թարգմանութեան։ Այս անգամ պատկերը բոլորովին տարբեր էր ու ես Փաշինեանի բացատրութիւնները լսեցի արեւելահայերէնի հարազատութեամբ, ուղղակի խօսակցիս աչքերուն նայելով։ Այս առթիւ կ՚ուզեմ հիացումս յայտնել նաեւ Գէորգ Կալլոշեանի հրաշալի թարգմանութեան, որ մի առ մի հայերէնի թարգմանեց տասը թուրք լրագրողներու հարցումները եւ ապա թրքերէնի վերածեց վարչապետին այդ հարցումներուն տուած պատասխանները։
Նոյն օրուայ երեկոյեան Մարիյոթ Հիւրանոցի Տիգրան Մեծի անուան դահլիճին մէջ հանդիպում մը եւս կայացաւ՝ այս անգամ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Համեմատաբար աւելի նուազ պաշտօնականութեան մէջ բաւականին հանգիստ դրութեամբ կարծիքի փոխանակումներ եղան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ իրականացնելիք մարզական, առեւտրական, հաղորդակցական եւ նման ոլորտներու մասին։ Թէ առաջին եւ թէ այս երկորդ օրը աւարտին հասաւ իմ հայաստանաբնակ բարեկամներու ընտանեկան մտերմութեան մէջ։ Որքան կ՚ուզէի ազատ ժամեր ունենալ եւ կուշտ ու կուռ շրջիլ այս քաղաքի փողոցներուն վրայ։ Ափսոս չստացուեց։
Վերջին օր
Այդ օրուայ համար նախատեսուած էր Մարգարայի սահմանադուռը այցելել։ Հոս անգամ մը եւս կը լցուիմ տարբեր զգացումներով։ 30 տարիէ կը սպասեմ այդ սահմանադուռի բացումը։ Փակ դուռ մը, որ կապանք եղած է ոչ միայն ճամբորդներու, այլ ժողովուրդներու շփման։ Լրագրողները զանազան հարցումներ կ՚ուղղեն հանդիպածներուն։ Կը հարցնեն թէ ինչո՞ւ համար կարեւոր է սահմանադրան բացումը։ Այդ հարցումի պատասխանը ես վաղուց գիտեմ։ Սիրելի Թագուհի Թովմասեան այս տարի 19 Յունուարին Հրանդի սպաննուած կէտին վրայ յայտարարած էր թէ սահմանադրան բացման օրը հրուշակ պիտի խարկէ ու պիտի բաժնէ հոն գտնուողներուն։ Այս ընթացքով կարծես ես այդ հրուշակը համտեսելէ առաջ, ուրիշներ իմ հոգւոյս խարկուած հրուշակը պիտի ուտեն։
Վերադարձի ճամբուն ամբողջովին համոզուած եմ թէ առանց կարօտս յագենալու պիտի վերադառնամ Երեւանէն։
Ցերեկուայ ճաշէն ետք, երբ բոլորը բռնած են մատենադարանի ճամբան, ես թաքսի մը ճարելով կը փախչիմ խումբէն ու կ՚ուղղուիմ Աբովեան քաղաք, հարցազրոյց մը պիտի վերցնեմ, որուն կը սպասեմ 20 տարիներէ ի վեր։ Վերջապէս յաջողեցայ, շուտով կը հրատարակուի։
Հազիւ 40 վայրկեան կ՚անցնեմ ինծի սիրելի մարդկանց հետ եւ ետ կը վերադառնամ Երեւան։
Ուխտ մը եւս մնաց անկատար։ Ընկերուհիս Ալլա հիւրանոցի մուտքին ինքնաշարժին մէջ զիս կ՚սպասէ։ Կը տարակուսինք հասցնել, չհասցնելու առեղծուածի մէջ։ Այդպէս կը հասնինք Սուրբ Աթոռ։ Դժուարաւ կը համոզենք դռնապանը։ Այս սակարկութեան մէջ յանկարծ կը նկատենք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ.-ը։ Իր հետ է նաեւ Տէր Տրդատը։ Ապա աջը կ՚առնեմ Պատրիարքին։ Այդ միջոցին Ալլա Եպիսկոպոսի մը կը դիմէ, որպէսզի մենք մտնենք տաճար։ Արշակ Սրբազան իսկոյն սարկաւագ մը կը պաշտօնակոչէ որպէսզի մեզի ընկերակցի եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Սեղանին առջեւ ծնկաչոք աղօթեցի։ «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք, եւ պիտի բացուի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ՚առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մաթէոս 7։7-8)։
Մաղթեմ որ Սուրբ Տաճարի դրան նման սահմանի դուռն ալ կը բացուի բոլորին առջեւ։