ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մարտի 14-18-ը Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ անցկացուած է Մանուշեանական շաբաթը՝ նուիրուած Միսաք Մանուշեանին եւ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման անոր զինակիցներուն։ «Մանուշեանական շաբաթ» նախագծի միջոցառումներու շարքը կ՚ընդգրկէ թատերական ներկայացումներ, գրքերու շնորհանդէսներ, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, վաւերագրական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ եւ քննարկումներ։ Մեկնարկը ազդարարուած է մամուլի ասուլիսով, որուն մասնակցած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Օլիվիէ Տըկոտինյին, «Մանուշեանական շաբաթ» նախագծի հեղինակ եւ կազմակերպիչ Սաթէ Խաչատրեանը, ինչպէս նաեւ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացման կոմիտէի նախագահ Ժան-Փիեռ Սակունը, վաւերագրող, Մելինէ Մանուշեանի զարմուհի Քաթիա Կիրակոսեանը, Միսաք Մանուշեանի զարմուհիներ Լուիզա եւ Յասմիկ Մանուշեանները։ ԳԱԹ-ը «Մանուշեանական շաբաթ» նախագծի շրջանակին կը ներկայացնէ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն՝ «Միսաք Մանուշեան. ականատեսի աչքերով» խորագրով։ Կը ցուցադրուին նիւթեր Մելինէ Մանուշեանի զարմուհիի՝ Քաթիա Կիրակոսեանի անձնական արխիւէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն բերուած բացառիկ վաւերագրեր։ Միջոցառման ընթացքին նաեւ տեղի ունեցած են Մելինէ Մանուշեանի «Միսաք Մանուշեան. ականատեսի աչքերով» գրքի հայերէն թարգմանութեան եւ «Մանուշեան» պիէսի շնորհանդէսները։ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին բացուած է ժամանակաւոր ցուցադրութիւն՝ «Միսաք Մանուշեան. ականատեսի աչքերով» խորագրով։ Ցուցադրուած են նիւթեր Մելինէ Մանուշեանի զարմուհիի՝ Քաթիա Կիրակոսեանի անձնական արխիւէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն բերուած բացառիկ վաւերագրեր։
Երեւանի Կինոյի տանը ցուցադրուած են Հիւկ Նանսիի եւ Տէնի Պեշանսկիի «Մանուշեան եւ Կարմիր աֆիշի հերոսները», Էլիզապէթ Վան Զէյլ Լանկհաութի «Կարմիր աֆիշի պարտիզակները» վաւերագրական ֆիլմերը, իսկ Հայաստանի ֆրանսական համալսարանի մէջ՝ Քաթիա Կիրակոսեանի «Միսաք եւ Մելինէ» վաւերագրական ֆիլմը։
Գիտաժողովներ անցկացուած են Երեւանի Պետական Համալսարանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան ինստիտուտին մէջ, որտեղ զեկոյցներով ներկայ գտնուած են թէ՛ հայ եւ թէ՛ ֆրանսացի գիտնականներ ու զեկուցողներ. «Մանուշեանական շաբաթ»-ի վերջին օրը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական ինստիտուտի մէջ տեղի ունեցած է ամփոփիչ գիտաժողով, որու շրջանակներուն պաշտօնական եւ գիտական ելոյթներով հանդէս եկած են Ֆրանսայի Ազգային Գիտահետազօտական Կեդրոնի պատուաւոր տնօրէն Տէնի Պեշանսկին, Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացման կոմիտէի նախագահ Ժան-Փիէռ Սակունը, Վալանս քաղաքի «Հայ ժառանգութեան Կեդրոն»ի տնօրէն Քրիստել Ռովեդան, Ֆրանսայի Մոն Վալերիան յուշահամալիրի տնօրէն Ժան-Բատիստ Ռոման եւ այլք։
«Ակօս»-ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը «Մանուշեանական շաբաթ» նախագծի մեկնարկման սկզբին զրուցած է Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացման կոմիթէի նախագահ տիար Ժան-Փիէռ Սակունի հետ: Թարգմանիչ՝ Ռազմիկ Ղազարեան։
Տիար Սակուն, բարի գալուստ Հայաստան։ Առաջին անգա՞մ կ՚այցելէք մեր երկիր։
Այո, սա իմ առաջին այցն է Հայաստան։ Իրականին, երբեք չէի մտածել այստեղ գալու մասին, մինչեւ չսկսեցի աշխատիլ Միսաք Մանուշեանին Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխելու նախագծի վրայ։ Բայց ես հին բարեկամութիւն ունիմ՝ մտաւոր եւ հոգեբանական բարեկամութիւն հայերու եւ Հայաստանի հետ։ Այնպէս որ՝ ես շատ ուրախ եմ այստեղ ըլլալէ եւ վերջապէս տեսնելէ այն երկիրը, որ այդքան կապուած է հերոսի մը հետ, որուն ես առաջ մղեցի դէպի պատուանդան։
14-18 Մարտին Երեւան եւ Արտաշատի մէջ կ՚անցկացուի Մանուշեանական շաբաթ՝ նուիրուած Միսաք Մանուշեանին եւ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման անոր զինակիցներուն, որու շրջանակներուն կը սպասուի նաեւ ձեր ելոյթները։ Ինչի՞ մասին կը խօսիք մասնաւորապէս։
Ես կը խօսիմ այն մասին, որ մարդկանց ազատութիւնը հիմնուած է յիշողութեան ու պատմութեան վրա։ Այսինքն՝ դուք չէք կարող ազատ ըլլալ, եթէ չէք կրեր ձեր պատմութիւնը ու յիշողութիւնը։ Որովհետեւ երբ չգիտէք, թէ ինչ է անցեալը՝ ներկան եւ ապագան կոյր են։ Եւ այդպէսով չէք կարող լուսաւորել անոնք անցեալի դասերով։ Իսկ այն մարդիկ, ովքեր անցած են ցեղասպանութիւններու միջով, ինչպէս հայերը, հրեաները, վերջերս նաեւ աֆրիկացիները, իրենց պայքարին պէտք է ունենան ազատութեան հիմքը։ Եւ երբ ես կը տեսնեմ մի երկիր, ինչպիսին է Հայաստանը կամ Իսրայէլը, ես գիտեմ, որ այս երկրներու ժողովուրդը շատ լաւ կը գիտակցի ազատութեան արժէքը, որովհետեւ կը յիշէ, հրաշալի գիտէ՝ ինչ է անցեալը։ Սակայն վերը նշուածը չի նշանակեր, որ պէտք է մնալ կեդրոնացած անցեալի վրայ։ Անոր հետ մէկտեղ, միշտ անհրաժեշտ է պատուել հերոսներուն, պատուել զոհերուն ու անոնց արժէքները, ինչպէս նաեւ իտէալները տանիլ ապագայ։
Ցեղասպանութեան յուշարձանները, ինչպիսիք կան Երեւան, Երուսաղէմ կամ մի շարք երկրներուն ու քաղաքներուն մէջ, ինչպէս օրինակ Պեռլինի, Փարիզի եւ այլուր, կարեւոր են բոլորի համար՝ յիշելու, թէ ի՞նչ կրնան ընել մարդիկ մարդկութեան հետ։ Ոչ պակաս էական է հասկնալ՝ ինչի վրայ մենք պէտք է աշխատինք, որպէսզի խուսափինք անկէ, խուսափինք անոր կրկնութենէն։ Եւ երբ կը տեսնենք աշխարհը այնպիսին, ինչպիսին այն այսօր է՝ կը հասկանանք, որ մենք շատ ընելիք ունինք։
Խօսինք Միսաք Մանուշեանի կերպարի մասին։ Ի՞նչ կը կարծէք՝ անոր կերպարը, նկատի ունիմ բնոյթը, արդիակա՞ն է այսօր թէ՛ ֆրանսացիներու եւ թէ՛ հայերու համար։
Այս մարդը խաղաղասէր մարդ էր, ան բանաստեղծ էր, ան բանուոր էր, ֆիզիկական աշխատող։ Կը հաւատար գիտելիքին, կը հաւատար աշխարհի գեղեցկութեան։ Այս մասին ան գրեց կնոջը՝ Մելինէյին ուղղուած իր վերջին նամակում։ Եւ միեւնոյն ժամանակ՝ երբ ան տեսաւ անարդարութիւնը, տեսաւ ազգայնականներու, տեսաւ Ֆրանսական յեղափոխութեան բոլոր իտէալները ու սկզբունքները, որոնց մասին մենք քիչ առաջ խօսեցինք, որոշեց՝ պէտք է պայքարի եւ նոյնիսկ կորցնէ իր կեանքը։ Որովհետեւ ան կը մտածէր, որ չի կրնար դուրս մնալ ազատութեան պաշտապնութեան համար մղուող համաշխարհային պայքարէն։ Հէնց այս նոյնը տարբեր ձեւերով ըրին այնպիսի երկիրներ՝ ինչպիսիք են Հայաստանը ու Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը։ Վերջինս 18-րդ դարէն ի վեր կը կրէ այն սկզբունքները, որոնց մասին մենք կը խօսինք։ Իսկ Հայաստանը, որ վերակառուցուած է 20-րդ դարի սկզբին՝ կը փորձէ խաղաղ եւ ժողովրդավարական սկզբունքներով գոյատեւել մի միջավայրի մէջ, որ ոչ խաղաղ է, ոչ ալ՝ ժողովրդավարական։ Եւ ինչպէս բոլոր երկիրներու, բոլոր այն մարդիկ, ովքեր կը փորձեն բարձրացնել վերեւը ըսուած սկզբունքները՝ դնելով անոնք գործողութեան մէջ՝ ունին բացարձակ կապ, որ իրականին բնութագրուած եւ խորհրդանշուած է այնպիսի մարդու կողմէ, ինչպիսին է Միսաք Մանուշեանը։
Այսօր կը ղեկավարէք «Unité Lalique» կազմակերպութիւնը։ Ի՞նչ կազմակերպութիւն է։ Խօսինք այդ մասին։
Ես կը ղեկավարեմ ոչ կառավարական մի կազմակերպութիւն, որը կը կոչուի «Unité Lalique» եւ հիմնուած է «Laïcité» հասկացութեան պաշտպանութեան ու առաջմղման վրայ։ Սա իհարկէ բնորոշ է ֆրանսացիներուն եւ ունի հետեւեալ իմաստը՝ այն, ինչ մարդկանց կը նմանեցնէ, շատ աւելի կարեւոր է, քան այն, ինչ անոնց տարբերակում է։ Իսկ այդ արտացոլուած է ֆրանսական սահմանադրութեան ու օրէնքներու մէջ եւ կը նշանակէ, որ մենք կը համարենք մարդկային բնոյթը համընդհանրական՝ անկախ հրեայ, կաթոլիկ, մուսլուման կամ այլ կրօնքի հետեւորդ ըլլալը։ Եւ մենք պէտք է առաջնահերթութիւն տանք այս ընդհանուր մարդկայնութեանը՝ հիմնականին կրօնքի կամ էթնիկ պատկանելութեան եւ այլնի վրայ հիմնուած տարբերութիւններուն առաւելութիւն տալու փոխարէն։ Ահա, թէ ինչու մենք Մանուշեանին համարեցինք կատարեալ հերոս։ Ան Ֆրանսիայի մէջ ապրող Օսմանեան կայսրութեան հայ էր, ով կը կռուէր Եւրոպայի տարբեր երկրներէն եկած մարդկանց՝ հրեաներու, իսպանացիներու, իտալացիներու, հունգարացիներու, գերմանացիներու եւ այլոց հետ միասին։ Իսկ անոնք բոլորը կը կռուէին միեւնոյն սկզբունքներու ու իտէալներու, ֆրանսիական յեղափոխութեան, ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն եւ ազգայնականութեան դէմ պայքարի համար։
Եւ վերջին հարցը. ի՞նչ կը մաղթէք «Ակօս»-ի ընթերցողին
Ես կ՚ըսէի անոնց, որ պէտք է մշտապէս իրենց ձեռքերուն պահեն պարանի երկու ծայրերը։ Մէկ ծայրը այն է, թէ որտեղէն են իրենք կու գան եւ ինչ կարող են իրենց ժողովուրդի անցեալի քաղաքակրթութեամբ տալ աշխարհին, իսկ միւս ծայրը՝ յիշեն, որ առաջին հերթին, նախքան հայ ըլլալը, նախքան ֆրանսացի կամ ինչ-որ ազգութեան ըլլալը, մարդ են եւ որպէս մարդկային էակներ՝ պէտք է աշխատին, պէտք է ընեն հնարաւորը, որպէսզի կարողանան ապրիլ միասին՝ բարեկամութեան եւ խաղաղութեան մէջ, միմեանց դէմ պայքարելու փոխարէն։
Մենք ամէնուր նոյն մարդիկ ենք եւ պէտք է ստեղծենք քաղաքական կազմակերպութիւններ՝ հիմնուած այնպիսի գաղափարներու վրայ, ըստ որոնց իւրաքանչիւր ոք կարող է ներառուել անոնց մէջ, քանի դեռ ան կը ցանկանայ կիսել միեւնոյն սկզբունքները։ Իմ երկրի սկզբունքներն են ազատութիւնը, հաւասարութիւնը, եղբայրութիւնը։ Քանի դեռ դուք կը յարգէք եւ կը ցանկանաք կրել այս սկզբունքները՝ դուք կրնաք դառնալ ֆրանսացի։ Ես կը կարծեմ, որ դուք կրնաք դառնալ նաեւ աշխարհի քաղաքացի, քանի դեռ կը ցանկանաք ընել վերը նշուածը՝ ձեր սեփական տարբերութիւնները օգտագործելու փոխարէն։
Յիշենք, որ 2024թ. Փետրուարի 21-ին՝ Մանուշեանի եւ անոր զինակից ընկերներու մահապատժի 80-ամեայ տարելիցի առթիւ Ֆարանսայի Պանթէոնի մէջ տեղի ունեցաւ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացման արարողութիւնը, կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի ուղեկցութեամբ։ Միսաք Մանուշեանը ամփոփուեց ֆրանսացի այնպիսի մեծութիւններու կողքին, ինչպիսիք են՝ Վիքթոր Հիւկոն, Ժան-Ժակ Ռուսոն, Մարի եւ Փիէռ Կիւրիները, Էմիլ Զոլան, Ալեքսնատր Տիւման եւ այլք։ Միսաք Մանուշեանը այսպէսով դարձաւ առաջին օտարազգի գործիչը, ով մուտք գործեց ֆրանսացի մեծութիւններու աճիւնները ամփոփող տաճար՝ դառնալով հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միաւորող հազարամեայ բարեկամութեան կարեւոր խորհրդանիշ։
Կենսագրական ակնարկ
Հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, հակաֆաշիստ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Գէորգի Մանուշեանը ծնուած է 1906 թ. Օսմանեան կայսրութեան Ատըեաման քաղաքի մէջ։ Ապա եղբօր հետ միասին տեղափոխուած է Ֆրանսա։ Ըլլալով համոզուած կոմունիստ՝ կը ներգրաւէ Ֆրանսայի կոմունիստական կուսակցութեան շարքերուն՝ զուգահեռաբար տպագրելով նաեւ հայկական «Զանգու» թերթը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մեկնարկէն ետք բանտարկուած է, ապա ազատ արձակուած, որմէ ետք միացած է դիմադրութեան շարժման՝ գլխաւորելով երիտասարդ հայերէն կազմուած մի ջոկատ։
Մանուշեան ու անոր ընկերներէն շատեր ձերբակալուած են 1943 թ. Նոյեմբերին եւ 1944 թ. Փետրուարի 21-ին մահապատժի ենթարկուած նացիստներու կողմէ։
Մահապատժի օրը Մանուշեան իր կնոջ ուղղած նամակի մէջ գրած է. «Ինչ կարող եմ քեզ գրել, երբ ամէն ինչ անորոշ է եւ միաժամանակ շատ պայծառ։ Ես մտել էի ազատութեան բանակ`որպէս կամաւոր զինուոր, եւ ես կը մեռնիմ երկու մատ հեռու յաղթանակէն ու նպատակէն։ Երջանկութիւն անոնց, ովքեր պիտի ապրին մեզմէ յետոյ եւ կը վայելեն վաղուայ խաղաղութեան ու ազատութեան քաղցրութիւնը»։