«Վկայականի» միջոցառումով չբաւարարուող իշխանութիւնը որոշած է դիմել նաեւ «ձերբակալութեան» գործողութեան։ Այս զարգացումը բնականաբար շատ շրջանակներու կողմէ կոչուեցաւ «քաղաքական հարուած »։ Կան որոշ զարգացումներ, որոնք իրականութեան մէջ մեկնաբանութեան կարիք չունին։ Ակնյայտ է, որ Իմամօղլուի դէմ ուղղուած այս յաջորդական քայլերը Էրտողանի ամենակարեւոր ախոյեանին ճանապարհը փակելու միտուած գործողութիւններ են, որոնք նոյնիսկ հակաժողովրդավարական կոչելը թեթեւ կը մնայ։ Ասիկա արդէն փողոցի երեխան ալ կ՚ըսէ։
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի համալսարանական վկայականը չեղեալ յայտարարուեցաւ Մարտ 18-ին։ Յստակ էր, որ այս քայլը միտուած էր խոչընդոտել CHP-ի հաւանական նախագահի թեկնածու եւ Էրտողանի հզօր մրցակից Էքրէմ Իմամօղլուին։
Մինչ Պոլսոյ համալսարանի այս որոշման մասին, մասնաւորապէս ակադեմական տեսանկիւնէն, խիստ վիճելի (բացայայտօրէն՝ իրաւականօրէն անվաւեր) մեկնաբանութիւնները կը յաջորդէին իրարու եւ իշխանական դաշինքէն դուրս քաղաքական կուսակցութիւններն ալ կը գնահատէին այս քայլը ճիշդ այս կերպով, Մարտ 19-ի առաւօտեան արթնցանք ձերբակալութիւններու ալիքի լուրերով։
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն ձերբակալուեցաւ առաւօտեան ժամը 6:00-ի շուրջ։ Խուզարկութեան ընթացքին նշուեցաւ, որ 106 անձի վերաբերեալ իրականացուող գործողութիւնը կապուած է Մետիա Ա.Շ.-ի, մրցոյթներու, քաղաքային համաձայնութեան եւ ահաբեկչութեան քննութեան հետ։
Գործողութեան ընթացքին ձերբակալուեցան 87 անձինք, այդ թիւին՝ Իմամօղլուն, Պոլսոյ քաղաքապետի խորհրդական Մուրաթ Օնկուն, Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետ Մուրաթ Չալըք եւ Շիշլիի քաղաքապետ Ռէսուլ Էմրահ Շահան։
Համառօտակի, «վկայականի» միջոցառումով չբաւարարուող իշխանութիւնը որոշած է դիմել նաեւ «ձերբակալութեան» գործողութեան։ Այս զարգացումը բնականաբար շատ շրջանակներու կողմէ կոչուեցաւ «քաղաքական հարուած»։
Օրինակ, պատուիրակուած կառավարիչներու կիրառումէն շատ տուժած եւ տակաւին շատ քաղաքական գործիչներ բանտի մէջ ունեցող քրտամէտ DEM կուսակցութիւնը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ինչպէս նախապէս բազմիցս յայտարարած ենք, այս բոլոր գործողութիւնները հեղաշրջման գործողութիւններ են։ Թուրքիան կ՚ապրի հետզհետէ աւելի յստակ դարձող եւ ամբողջ քաղաքական ու հասարակական ընդդիմութիւնը թիրախաւորող բացայայտ -դատական եւ իշխանական համատեղ արտադրութիւն- քաղաքացիական հարուածի գործընթաց»։
Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ զեկուցող Նաչօ Սանչէզ Ամորն ալ յայտարարութիւն հրապարակեց։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ. «Մեծ անհանգստութեամբ կը հետեւիմ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ 100 անձի ձերբակալման եւ չորս օրուայ ցոյցերու արգելքին։ Ինչպէս վերջին ամիսներու բոլոր քայլերուն, կրկին Պոլսոյ Հանրապետական դատախազութիւնը կը մասնակցի գործին։ Լիակատար ինքնիշխան պետութեան ուղղութեամբ ամբողջ արագութեամբ կը յառաջանանք»։
Ձերբակալութիւններուն յաջորդեցին ընկերային ցանցերու սահմանափակումն ու Պոլսոյ մէջ չորս օր տեւող ցոյցերու արգելքը։ Հակառակ ասոր, հիմնականօրէն CHP-ականներ ու որոշումին հակազդող շատ մարդիկ հաւաքուած էին Սարաճհանէի մէջ, Մարտ 19-ի երեկոյեան ժամերուն, այս յօդուածը գրուած պահուն։
Կան որոշ զարգացումներ, որոնք իրականութեան մէջ մեկնաբանութեան կարիք չունին։ Ակնյայտ է, որ Իմամօղլուի դէմ ուղղուած այս յաջորդական քայլերը Էրտողանի ամենակարեւոր ախոյեանին ճանապարհը փակելու միտուած գործողութիւններ են, որոնք նոյնիսկ հակաժողովրդավարական կոչելը թեթեւ կը մնայ։ Ասիկա արդէն փողոցի երեխան ալ կ՚ըսէ։
Այս բոլորը ինչի՞ համար են։ Ինչո՞ւ կ՚ապրինք այս ճնշման տակ։ Ատոր պատասխանն ալ յայտնի է։ AKP-MHP դաշինքը բնաւ չի ուզեր իշխանութիւնը լքել։ Թէ՛ Էրտողանի եւ AKP-ի, թէ՛ MHP-ի համար «իշխանութեան մնալը» կենսական կարեւորութիւն ունի։
Այս պատկերին մէջ Իմրալիի (Ապտուլլահ Էօճալան) հետ շփումներն ալ իրականութեան մէջ առկայ կասկածները աւելի կը մեծցնեն։ Եթէ ըսենք՝ «AKP եւ MHP կ՚ուզեն ճամբան շարունակել DEM կուսակցութեան ընտրողներուն հետ», հաւանաբար սխալած չենք ըլլար։ Ընտրողը ի՞նչ կ՚ըսէ, այդ առանձին հարց է։
Այո, խաղաղութեան հնարաւորութիւնը նոյնիսկ բոլորս կը հուզէ, ո՞վ կրնայ առարկել այնքան մարդոց կեանքին արժեցած ժամանակաշրջանի աւարտին՝ բոլորին մէջ տեղաւորուելիք ձեւով։
Սակայն ա՞յս կերպով։ Իմրալիի հետ շփումները կը շարունակուին, իսկ CHP-ն, DEM կուսակցութեան հետ «քաղաքային համաձայնութիւն» կնքա՞ծ է։
Մարտ 19-ին տեղի ունեցած զարգացումներէն եւ հակազդեցութիւններէն ետք, արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունչ ըսաւ. «Դատարանները անկախ են։ Ոչ մէկ մարմին, պաշտօն, դիրք չի կրնար հրամայել դատական իշխանութեան իրականացման։ Քննութեան փուլը գաղտնի է։ Ճիշդ չէ գնահատումներ կատարել սկսուած քննութիւններու վերաբերեալ՝ առանց դատական գործի բովանդակութեան քաջատեղեակ ըլլալու։ Անոնք հարուած անուանելը խիստ սխալ է։ Անընդունելի է փողոց կանչել եւ ապատեղեկատուութիւն ընել»։
Նախ, իշխանամէտ լրատուամիջոցներու հրապարակումներէն կը հասկնանք, որ քննութիւնները այնքան ալ գաղտնի չեն։ Արդէն Էրտողանն ալ շաբաթներ առաջ ըսած էր «Մեծ ճակատագիրը դեռ առջեւը կը սպասէ»։ Այսինքն՝ իշխանութիւնը շատ լաւ տեղեակ է հարցէն։
Այս պարագային հետեւեալ հարցը շատ իրաւաչափ է. եթէ պետք չէ ըսել հարուած, ինչպե՞ս պէտք է կոչենք։