ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Մենք քեզ շատ սիրեցինք աղբարիկ

Մեր երկրի մէջ հետզհե­տէ սո­վորա­կան դար­ձած է իւ­րա­քան­չիւր լու­սա­բացին նոր ու անսպա­սելի լու­րով մը ցնցո­ւելու երե­ւոյ­թը։

Լու­րե­րու օրո­ւայ առա­ջին հա­ղոր­դումով կը տե­ղեկա­նանք յան­կարծա­կի հար­ցաքննու­թեան մը։ Ընտրո­ւած պե­տական պաշ­տօ­նեաներ լու­սա­ծագէն ալ կա­նուխ բեր­ման կ՚են­թարկո­ւին իրենց տու­նե­րէն։

Այս երե­ւոյ­թը այնքան յա­ճախա­կի դար­ձաւ որ, հետզհե­տէ նման զար­գա­ցու­մէն զուրկ առա­ւօտը սկսած է զար­մանք պատ­ճա­ռել։

Անակնկա­լը ինքնին ցնցիչ է։ Մենք որ պի­տի սպա­սէինք օրը անակնկալ զար­գա­ցու­մով մը սկսե­լու, այս ան­գամ հա­կառա­կը պա­տահե­ցաւ եւ ցաւ պատ­ճա­ռող լու­րը հա­ղոր­դո­ւեցաւ երեք­շաբթի կէս­գի­շերո­ւան մօտ։

ՏԵՄ կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Սըր­րը Սիւ­րէյյա Էօն­տէր շտա­պօգ­նութեան մի­ջոց­նե­րով փո­խադ­րո­ւած էր Ֆլո­րանս Նայ­թինկել հի­ւան­դա­նոցը։

Լրա­հոսը եղե­լու­թիւնը կը բա­ցատ­րէր իբ­րեւ սրտի տագ­նապ։ Ապա վրայ հա­սան լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ, ըստ որու սրտի մե­ծագոյն երա­կը՝ աօր­թը պատ­րո­ւած եւ Էօն­տէր են­թարկուած էր վի­րահա­տու­թեան։ Եր­կա­րատեւ գոր­ծո­ղու­թեան աւար­տին, բժիշկնե­րը յա­ջողած են վնա­սուած երա­կը ամ­րացնել, բայց Էօն­տէ­րի առող­ջա­կան վի­ճակը կը շա­րու­նա­կէ վտան­գա­ւոր փու­լի մէջ մնալ։

Յա­ճախ կը մտա­ծեմ թէ Թուրքիոյ մէջ քա­ղաքա­կան ան­ցուդարձնե­րու առաջ­նա­կարգ գծին վրայ գտնո­ւող մար­դիկ ինչպէ՞ս կը յա­ջողին իրենց առող­ջութիւ­նը պա­հելու։ Ար­դա­րեւ վեր­ջերս Էօն­տէր իր եր­կու պաշ­տօ­նակից­նե­րուն հետ ստանձնած էր խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցի մէջ միջ­նորդի դե­րակա­տարու­թիւնը։

Ան այս պար­տա­կանու­թիւնով բազ­միցս այ­ցե­լած էր Իմ­րա­լը կղցիի մէջ բան­տարկեալ Ապ­տուլլահ Էօճա­լանին։ Վե­րադար­ձին անոր պատ­գամնե­րը փո­խան­ցած իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն եւ դի­մագ­րա­ւած բազ­մա­թիւ քննա­դատու­թիւններ։ Մա­նաւանդ այդ քննա­դատու­թիւննե­րու որոշ մէկ մասն ալ կու գար նոյ­նիսկ իր հա­մախոհ­նե­րէն։ Կա­րելի է ըսել թէ դժո­ւար տա­նելի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն մը բեռ­ցո­ւած է իր ու­սե­րուն եւ այդ կու­տա­կուած դժո­ւարու­թիւնն ալ վեր­ջա­պէս ի յայտ եկաւ այս ան­տա­նելի հե­տեւան­քով։

Մեզ՝ թուրքիաբ­նակ հա­յերուս հա­մար կա­րեւոր կեր­պար մըն է Սըր­րը Սիւ­րէյյա Էօն­տէր։

Ան իր երես­փո­խանու­թեան շրջա­նին ամե­նաշատ շփում ու­նե­ցողը եղաւ հայ հա­մայնքի հետ։ Ապա­հովեց բա­րեկա­մական ահա­գին յա­րաբե­րու­թիւն, ողջ հա­յու­թեան հետ։ Անոր հա­մար ալ Էօն­տէ­րի այս անակնկալ հի­ւան­դութիւ­նը ինչպէս շա­տերուն, խո­րապէս ազ­դեց նաեւ տեղ­ւոյն հա­յու­թիւնը։ Ան իբ­րեւ սրա­միտ եւ զո­ւար­ճա­խօս անձնա­ւորու­թիւն մեծ հա­մակ­րանք կը վա­յելէր նաեւ իր քա­ղաքա­կան հա­կառա­կորդնե­րու մի­ջավայ­րին մէջ ալ։

Այս պա­հուն կար­ծես բո­վան­դակ եր­կի­րը շունչը բռնած կը սպա­սէ հի­ւան­դա­նոցէն հա­ղոր­դո­ւելիք բա­րի լու­րե­րուն։ Այդ բա­րի լու­րե­րու պա­հան­ջը ամե­նալաւ բնու­թագրող ար­տա­յայ­տութիւ­նը եկաւ Էտիր­նէի բան­տէն, երբ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ կ՚ըսէր հե­տեւեալը. «Մենք քեզ շատ սի­րած ենք աղ­բա­րիկ»։ Տե­միր­թաշ այս պար­զունակ տո­ղերով թարգման կը հան­դի­սանար մի­լիոնա­ւոր մարդկանց զգա­ցումնե­րուն։

Իրաւ ալ, մենք զինք շատ սի­րած ենք եւ աւե­լին բնաւ նպա­տակ չու­նինք իր վաս­տա­կը այսքան շուտ կորսնցնե­լու։

*Թերթս տա­կաւին տպա­րան չէր հա­սած երբ կը շա­րադ­րենք այս տո­ղերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ