Աշխարհասփիւռ Հայ Եկեղեցիներու հետ, Պոսֆորի ափի Գուրուչէշմէ թաղի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ եւս տօնուեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը։
Այսպէս, 13 Ապրիլ 2025, Կիրակի առաւօտ Եկեղեցւոյս մէջ կատարուեցաւ կանոնական ժամերգութիւններ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց թաղիս քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Նոյն օր Պոսֆորի ափին կազմակերպուած հեծանիւի մրցումը դժուարացուց հաւատացեալներու երթեւեկը։ Հակառակ այս պարագային, ժողովուրդի բազմութիւնը մասնակցեցաւ հանդիսութեան։ Այս տարի, նախապէս եղած կարգադրութեամբ, արարողութեան մասնակցեցան նաեւ շուրջ քառասուն երկսեռ մանուկներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյս երաժիշտ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեանի առաջնորդութեամբ։
Տօնական Ս. Պատարագը մատոյց Հայր Սուրբը, ուրու շուրջ Ս. Սեղանին կը սպասրկէին Բրշ. Սարօ Սրկ. Ագչէլեան եւ Բրկ. Գարեգին Կսրկ. Պարսամեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Հայր Սուրբը քարոզեց «Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն։ Օրհնութիւն ի բարձունս» (Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին) (Մատթ. 21.9) բնաբանով եւ մեկնեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը ու ներկաները հրաւիրեց այսօր եւս սիրով դիմաւորողները ըլլալ Աստուածորդիին եւ ընդունիլ զայն ըսելով. Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, կազմուած թափորը եկեղեցւոյ փակին մէջ դարձաւ անդաստանը, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։
Ապա թափորը յառաջացաւ Եկեղեցւոյ աւագ դուռը, ուր կատարուեցաւ բացօթեայ դռնբացէք։ «Բաց մեզ Տէր» ողբաձայն շարականով Հայր Սուրբը թակեց եկեղեցւոյ դուռը, ապա «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականով ներկաներ մուտք գործեցին եկեղեցի։
Աւետարանական ընթերցումէ եւ կանոնական աղօթքէ ետք աւարտին հասան Ծաղկազարդի եւ Դռնբացէքի արարողութիւնները։
Այստեղ արարողութեանց մասնակից մանուկներ հաւաքուեցան եւ Հայր Սուրբը իրենց հետ զրոյց ունեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի մասին։ Ան ըսաւ, որ մեր Երկնաւոր Հայրը կը սիրէ իւրաքանչիւրս եւ կը փափաքի մեզ հետ ըլլալ։ Մեզ կը վիճակի մեր սիրտերու դռները բանալ Աստուծոյ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հաճելի հարցում-պատասխան, որմէ ետք միասնաբար արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը։
Թաղային Խորհուրդը թէ Եկեղեւոյ բակին մէջ եւ թէ Կոմիտաս սրահին մէջ մանուկներու համար կազմակերպած էր խաղեր ու զանազան աշխատանքներ։ Իսկ ելքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
