ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Կրթութիւն կամ անկրթութիւն

Ի՞նչ է ան­կիրթը կար­գի բե­րելու եղա­նակը։ Ին­չո՞վ կա­րելի է ան­կիրթին պար­տադրել հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան ար­ժէքնե­րու հա­մակար­գը։

Լրագ­րո­ղու­հի Պար­չըն Եինան­չի Երե­ւանեան այ­ցե­լու­թե­նէն վե­րադար­ձին գրի առած յօ­դուա­ծը մե­զի կը թե­լադրէ խորհրդակ­ցիլ վե­րեւի հար­ցումնե­րու շուրջ։

Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը պա­տերազ­մա­կան յաղ­թա­նակի մո­լուցքով անընդհատ նոր պա­հանջներ կը պար­տադրեն Հա­յաս­տա­նին։ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը իբ­րեւ պար­տութիւ­նը ճա­շակած կողմ, կը խու­սա­փին հա­կառա­կոր­դի սպառ­նա­լիք­նե­րուն ար­ժա­նի պա­տախա­նը տա­լէ։ Բայց մին­չեւ ե՞րբ։

Այս սիւ­նա­կին վրայ նա­խապէս ալ գրած ենք «Իրա­ւունքը զօ­րաւո­րին է» անըն­դունե­լի հաս­տա­տու­մի մա­սին։

Ճիշդ ալ այս պի­տի ըլ­լար հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան նո­ւաճումնե­րու ձեռքբե­րու­մը։ Այս անար­դա­րու­թեան դէմ պաշտպա­նու­թեան վա­հան մը պի­տի դառ­նար ՄԱԿ։

Դառն փոր­ձով տե­սանք թէ այս տե­սակի հա­մաշ­խարհա­յին կա­ռոյցնե­րը ան­գամ խայ­տա­ռակո­ւած են բռնու­թե­նէ սնա­նող անկրթու­թեան դէմ։

Թրամբ վե­րոն­շեալ անկրթու­թեան ջա­հակի­րը կը հա­մարո­ւի բո­վան­դակ աշ­խարհի վրայ։ Բայց բո­լորս գի­տենք թէ ան առան­ձին չէ մարդկա­յին սկզբունքնե­րը ոտ­նա­կոխե­լու չար արար­քին մէջ։

Իր բո­լոր թե­րու­թիւննե­րով, սխալ­նե­րով հան­դերձ Խորհրդա­յին Միու­թեան գո­յու­թիւնը ինքնին երաշ­խիք մըն էր նման չա­րիքը կան­խե­լու հա­մար։

Ոմանք ուշ, ոմանք շատ աւե­լի ուշ կը գի­տակ­ցին կոր­սո­ւած ար­ժա­նիքին։ Իսկ շատ աւե­լի մեծ զան­գո­ւած մը բո­լորո­վին ան­տե­ղեակ է աշ­խարհի հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րու խախ­տումէն։

Եթէ դի­տենք Թուրքիոյ օրի­նակով, բա­ցայայտ իմաստ մը ու­նէր օրէնսդիր, գոր­ծա­դիր եւ ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գե­րու ինքնիշ­խա­նու­թեան սկզբունքը։ Այ­սօր եթէ երկրի ղե­կավա­րու­մը ապա­հովող այդ երեք ու­ժե­րը հա­ւաքո­ւած են մէկ ան­ձի կամ­քին տակ, կ՚ապ­րինք այն ինչ, որ պա­շարած է երկրի 86 մի­լիոն բնակ­չութիւ­նը։

Դար­ձեալ շատ սուղ պի­տի հա­տու­ցենք լաիք պե­տու­թիւնը կրօ­նական սկզբունքնե­րու զո­հելու փո­խար­ժէ­քը։

Գոր­ծող տնտե­սական հա­մակար­գը ձե­ւաւո­րուած է մի­ջազ­գա­յին տնտե­սագի­տական կա­նոն­նե­րու հի­ման վրայ։ Երբ նա­խագահ մը, լոկ իր կրօ­նական հա­մոզումնե­րու հե­տեւան­քով փոր­ձէ նո­ւազեց­նել տո­կոս­նե­րու հա­մեմա­տու­թիւնը, հե­տեւան­քը կ՚ըլ­լայ ահ­ռե­լի սղաճ։ Այդ սղա­ճի հե­տեւան­քով նոյ­նիսկ իր հա­ւատա­րիմ կողմնա­կից­նե­րը երես կը դարձնեն, վասն զի Խրի­մեան Հայ­րիկ ըսած էր. «Մեծ է հա­ցին խնդի­րը, զի մար­դիկ հա­ցով կ՚ապ­րին»։ Այս իրո­ղու­թիւնը ան­տե­սելով մարդկանց հա­ւատ­քով ապ­րի­լը թե­լադ­րե­լը իս­կա­կան խաբ­կանք մըն է։ Ար­դա­րեւ այդ խաբ­կանքի հե­ղինակ­նե­րը ամ­բողջո­վին մատ­նո­ւած են մսխու­մի ախ­տին եւ մարդկանց կը փոր­ձեն հա­մոզել թէ աղ­քատնե­րը հա­րուստնե­րու բաղ­դա­տմամբ 500 տա­րի աւե­լի կա­նուխ պի­տի մտնեն դրախտ։

Խնդիր չկայ։ Ու­զո­ղը ու­զա­ծին թող հա­ւատայ կամ հա­կառա­կը։ Խնդի­րը կը ծա­գի այն պա­հուն, երբ մարդ արա­րած կը հրա­ժարի Աս­տո­ւածա­տուր շնորհքէն, որ սո­վորա­բար կը կո­չենք խելք։ Վեր­ջա­պէս մեզ անա­սու­նէն զա­տորո­շողը, ասուն դարձնո­ղը ճիշդ ալ այդ խելքն է։ Եթէ մեր­ժենք խել­քի գոր­ծա­ծու­թիւնը, ան­դին կը մնայ շան հա­ւատար­մութիւ­նը, իշու տքնա­ջան աշ­խա­տասի­րու­թիւնը կամ փի­ղի համ­բե­րու­թիւնը։

Եթէ շրջա­պատո­ւած ենք բազ­մաբնոյթ չա­րիքով, ել­քի մի­ջոցը բա­րիքի յաղ­թա­նակն է։

Փոր­ձի դաշ­տը կազ­մո­ւած է մարդ ըլ­լա­լու կամ չըլ­լա­լու քննու­թիւնը իրա­կանաց­նե­լու համար։