26 Մարտ Չորեքշաբթի երեկոյ Փրօֆ. Տոք. Մանուկ Մանուկեան հիւրասիրուեցաւ Սկիւտարի Սէմէրճեան Ճեմարան և Ներսէսեան Երմոնեան Սանուց Միութեան Վարչութեան կողմէ։
Վիրաբոյժ Մանուկեան, քաղցկեղի հիւանդութեան մասին տեղեկութիւններ տալու համար սիրով ընդունած էր Սանուց Միութեան առաջարկը։
Միութեան սրահին մէջ կը գտնուէին թաղեցիներ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետևեցան Մանուկեանի տուած լուսաբանութիւն ներուն։
Գործունէութիւնը վարեց Նատին Կէօրէնլի ։
Փրօֆ. Մանուկեան իր հակիրճ կենսագրութենէն ետք քաղցկեղէ պահպանուելու կանխամիջոցներու մասին տեղեկութիւններ փմխանցեց։
Առողջութեան վնասակար եղող սննդանիւթերը համրեց և խնդրեց որ հեռու մնան այդ ուտելիքներէ։
Մանուկեան ապա ներկաներուն հարցումներուն մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ։
Մօտ երկու ժամ տեւող այս ջերմ և մտերմիկ հաւաքոյթի աւարտին միութեան վարչութիւնը բժիշկին շնորհակալութիւն յայտնեց յուշանուէր մը և ծաղկեփունջ մը նուիրեց։