Հաստատութեան փողերը իւրացնելու եւ իր պաշտօնը շահագործելու մեղադրանքով նախկին թաղականութեան յարուցած դատավարութեան աւարտին Էսաեան Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան անպարտ հռչակուած է։
Թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ Սիմոն Չեքեմ 2020 թուին պաշտօնանկութեան որոշում կայացուցած էր տնօրէնուհիի դէմ։ 30 Դեկտեմբեր 2022-ին, Չեքեմ այս անգամ կարգ մը մեղադրանքներ ներկայացնելով դատ բացաւ Սաթենիկ Նշանին։ Ան կը պնդէր թէ առանց թաղականութեան արտօնութեան ուսուցիչներ պաշտօնակոչած է, ուսանողներու ծնողներէն գանձուած գումարները չէ փոխանցած թաղականութեան, դպրոցի սրահը տրամադրած է Մարալ Երգի ու Պարի միութեան եւ փճացուցած է կարգ մը փաստաթուղթեր։
Դատարանը այս բոլորի մասին հարցուցած է ներկայ թաղականութեան կարծիքը։ Անոնք յայտնած են թէ հիմնարկը Սաթենիկ Նշանի գործունէութեան հետեւանքով ոեւէ վնաս չէ կրած։
Դատակազմը այս յայտն ալ նկատի ունենալով ուղղուած բոլոր մեղադրանքներէն անպարտ հռչակած է Սաթենիկ Նշանը։