Ափսոսանքով կը նկատենք թէ արդէն տասը տարի է, որ կ՚ապրինք «Ակօս»ի հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի բացակայութիւնը։
Տարօրինակ զգացում մըն է այս, քանի որ այդ տասը տարիներու ընթացքին օր չէ անցած որ չյիշենք զինք, չվերապրինք իր բարի յիշատակէն դրուագներ։
Հայերէն բաժնի պատին վրայ ան իւրաքանչիւր աշխատանքի օր խորհրդաւոր հայեացքով կարծես կը հսկէ մեր աշխատութիւնը։
Երբ կը հիւրընկալենք պատահական այցելուներ, ան դարձեալ մեզի հետ է եւ ձեւով մը կը մասնակցի մեր զրոյցին։ Կ՚անդրադառնանք թէ իր նախադասութիւններով, իր հարցումներով կը ծաւալենք հանդիպման առաջին պահերը, որոնք յայտնաբերման, ծանօթացման միջոց պիտի կատարեն։
Սերովբանի նման կը հարցնենք «Ուրտեղէ՞ն ես»։ Ապա վրայ կը բերենք յաջորդ հարցումը «Ի՞նչ է այդ վայրի հին անունը»։ Գիտենք որ տեղանուններու թրքերէնացման շրջանին բազմաթիւ տեղանուններ փոփոխութեան ենթարկուած են, բայց տեղացիներ կը շարունակեն աւանդական անունը պահել։
Այս հարցումներով ու անոնց հասած պատասխաններով զրոյցը կը խորանայ եւ մենք կարծես Սերովբանի ոտնահետքերով կը սկսինք Արեւմտեան Հայաստանի զանազան գաւառներու մէջ շրջագայութեան։
Այս ըսելու պահուն կը յիշենք Սարգիս Սերովբեանի առաջնորդութեամբ կատարուած ՀայՃարի շրջագայութիւնները։ Որքան բախտաւոր են այդ պտոյտներու մասնակիցները։ Անոնք շատ աւելի ուսուցողական էին, երբ կը կատարուէին ինքնաթիռի փոխարէն ցամաքային ճամբորդութեամբ։ Այս պահուն կը յիշենք Պոլիսէն դէպի Կիլիկիա ցամաքային ճամբորդութիւնը, երբ Կեսարիայէ ետք ան մի առ մի կը թուէր հայոց բերդաքաղաքները, որոնց շարքը աւարտին կը հասնէր Միջերկրական ծովու ափերուն։
Հայ աշխարհագրութեան եւ պատմութեան անսպառ պաշար մը կուտակած էր իր յիշողութեան մէջ եւ միշտ ուրախ կ՚ըլլար այդ պաշարէն ուրիշներուն ալ բաժին հանելով։ Այս առումով հարստացնող աղբիւր մըն էր Սարգիս Սերովբեան եւ մենք ամենայն համեստութեամբ կը խոստովանինք թէ իր բացակայութեան պատճառած բացթողումը կարելի չէ եղած վերացնել։
Այս հաստատումով անգամ մը եւս կը խոնարհինք իր թողած յիշատակին առջեւ։