Ռոպեր Քոփթաշ, իր վիպագրութեան առաջին քայլերով՝ «Ունուֆաք»-ով, կը ջանայ շօշափել 20-րդ դարու հայութեան ցաւն ու վնասաբեր ընկերային իրադարձութիւնները՝ երեք սերունդներու ընթացքին հիւսուած պատմութեան մը միջոցով։
ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ
Գրականութիւնը երբեմն ամէնէն անկեղծ եւ ուժեղ գործիքն է անցեալը նոր հայեացքով վերստին այցելելու՝ ոչ թէ սոսկ ճշմարտութիւններ մատնանշելու միտումով, այլ պատմութեան տողերուն միջեւ մնացած բացերը վերստին վերլուծելու՝ անհատական եւ հաւաքական յիշողութեան լոյսին տակ։ Ռոպեր Քոփթաշ, իր վիպագրութեան առաջին քայլերով՝ «Ունուֆաք»-ով, կը ջանայ շօշափել 20-րդ դարու հայութեան ցաւն ու վնասաբեր ընկերային իրադարձութիւնները՝ երեք սերունդներու ընթացքին հիւսուած պատմութեան մը միջոցով։
Նիւթը, որ կը զարգանայ իր կերպարներու անցեալի եւ ներկայի միջեւ կտրուկ անցումներով եւ զանազան պատմողներով, որոնք կրնան ընթերցողը շփոթութեան մատնել, կը սկսի Արթուն Տեւրանի մանկութենէն։ Արթունը Տեւրան ընտանիքին, որ նախապէս Տեւրանեան եղած է, ամէնէն փոքր սերունդի ներկայացուցիչն է։ Ոճով մը, որ կը տատանի վիշտի եւ զայրոյթի միջեւ, բայց առանց իր անմեղութիւնը կորսնցնելու, Արթունը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր ծնողքը, իր մանկութեան ժամանակաշրջանին ընտանիքին աղքատութիւնը, հիւանդ հայրը եւ դպրոցին մէջ իր ապաստանը գիրքերու մէջ գտնելու իրողութիւնը։ Այս հանգրուանին, կարդացողը տակաւին տեղեակ չէ, որ Տեւրան ընտանիքի տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ մուտք պիտի գործեն պատմութեան մէջ որպէս պատմողներ. ո՛չ ալ գիտեն, որ պատմութիւնը Արթունին դիտանկիւնէն պիտի վերածուի հօրը՝ Գէորգ Տեւրանի հարցերուն պատասխանի փնտռտուքին։ Արթունին պատմութեան սկիզբն ու աւարտը Պոլսոյ մէջ է, իսկ Գէորգինը կը սկսի «Թ» անուանուած գիւղէն ու կ՚ընդարձակուի հասնելով Պոլիս։ «Թ» գիւղին դիրքին մասին կը տրուի նուազագոյն տեղեկութիւն։
«Թ» գիւղը, ուր Արթունին հայրը հասակ նետած է, Գէորգին թէ՛ դրախտն է, թէ՛ դժոխքն է։ Ի դէպ, պատմութիւնը այնքան ետեւ կ՚երթայ, որ կը տեսնենք, թէ բախումը կը սկսի Գէորգին մեծ հօրմէ՝ Մորսո Տեւրանէն, եւ մեծ մօրմէ՝ Թագուհիէն, որ «ֆնտըք» ծածկանունը կը կրէ իր գեղեցկութեան եւ մանրակազմութեան համար։ Գէորգի պատումին ընդմէջէն կը տեսնենք անոր մանկութեան ընթացքին իրմէ թաքնուած գաղտնիքներուն գործած աւերը, փոխանակ ծնողքին՝ Արամին եւ Ազատին, ու իր քոյր-եղբայրներուն հետ գիւղէն հեռանալը «Թ» գիւղին մէջ Մորսոյին եւ Ֆնտըքին հետ լքուած ըլլալուն պատճառը եւ ծնողքին կրաւորական կեցուածքը, որ ստիպուած էին որդեգրել։ Այս շրջադարձային պահերը իր կեանքը հասցուցած են փակուղիներու։ Տարիներ անց, երբ Գէորգ հասուն տարիքի Պոլիս կը փոխադրուի՝ յոյս ունենալով իսկական ընտանեկան պատկերը ամբողջացնելու, դէմ յանդիման եկած իրականութիւնը այլ խնդիրներու դիմաց կը դնէ իր կեանքը։
Այս դէպքերուն մէջ, Գէորգ կը դառնայ միշտ կիսատ մնացած ու փնտռածը գտնելու անկարող կերպարի մը, կը վերածուի անցեալի ու ներկայի հետ իր անհաշտութինը իր անձին ու կնոջ՝ Աննային, ու վերջապէս իր զաւակներուն վրայ բեռցնողի մը։ Այս փոխակերպութիւնը, բազմաշերտ նիւթի մը մէջ բացայայտուող, կը սկսի Արթունին հետ եւ կը շարունակուի Գեւորգին հետ՝ այլազան պատմողներու մասնակցութեամբ։ Գէորգին նիւթին կողքին, վէպը կը քննէ նաեւ այլ կերպարներու զարգացումները եւ բազմաշերտ պատմութիւնը կը ներկայացնէ յետարդիական ոճով, ուր իւրաքանչիւր կերպար տուեալ նիւթը կը ծաւալէ իր դիտանկիւնէն։ Այնուամենայնիւ, այս պատումին բարդութեան կողքին, առանձնայատուկ է վէպին պատկերումը իգական սեռին եւ տեղաշարժի ուսումնասիրութեան։
Կին պատմողները հիմնական դերակատարութիւն ունին պատմութեան առանցքին մէջ եւ ի սկզբանէ քաջալերական է այս մօտեցումը տեսնել վէպի մը մէջ, որ 20-րդ դարու հայրիշխանական ընտանեկան կառոյցը լուսարձակի տակ կ՚առնէ։ Այնուամենայնիւ, թէեւ կին կերպարներու պատկերումը նպատակ ունի աւանդական կաղապարները կոտրել ժամանակակից պատումներու թեքնիքներով, սակայն կը դժուարանայ դուրս գալ ընկերութեան կողմէ պարտադրուած կարծրատիպերէն։ Մէկ կողմէ, ֆնտըքն ու Աննան կան, որոնք կը նուիրուին ընտանեկան կարգն ու կանոնը պահելուն։ Միւս կողմէ կայ Ազատը, որ, զզուելով իր իրավիճակէն, Գերմանիա կը մեկնի աշխատելու, եւ Մարոն, որ Ազատին ճամբորդութենէն ետք մինակ կը մնայ իր հօր եւ եղբօր հետ, հետագային ազատութիւն փնտռելով քաղաքի մը մէջ այն ճնշուածութենէն, որ ապրած է իր գիւղին մէջ, մանուկ հասակին։ Այնուամենայնիւ, Ազատի Գերմանիա մեկնումը կը պաշտպանէ այն գաղափարը, որ կ՚ըսէ, թէ ընտանիք մը առանց կանանց կը քանդուի, քան թէ՝ խորհրդանշէ անոր ազատութիւնը, ինչպէս կը յուշէ իր անունը: Նոյնպէս, երբ Մարոն գիւղէն քաղաք կը տեղափոխուի, եղբօր՝ Գեւորգի եւ նոյնիսկ շրջապատի կողմէն կը տեսնուի ոչ թէ որպէս ազատագրուած կին, այլ՝ որպէս կամապաշտ։ Այս հանգրուանին, թէեւ մենք ականատես կ՚ըլլանք կին կերպարներու հեռանկարներուն, պարզ է, որ անոնք չեն կրնար խուսափիլ հայրիշխանական համակարգի սահմանափակումներէն:
Միւս կողմէ, մինչ քաղաքին մասին բազմիցս անգամ կը շեշտուի «ուրիշ Պոլիս չկայ» արտայայտութիւնով, գիւղը կը յիշատակուի միայն մէկ տառով՝ «Թ», որ ցոյց կու տայ տեղահանութեան զգացումը քան՝ պարզապէս գաղթի։ Ոմանց համար «Թ»-ն կրնայ յիշեցնել ետին մնացած կեանք մը, իսկ այլոց համար ալ՝ լքուած վայր մը։ «Թ»-էն Պոլիս մեծ ակնկալիքներով գաղթած ընտանիքը դասակարգային բախումներու հետեւանքով կը շարունակէ ապրիլ տեղահանութեան զգացումը։ «Թ»-ին անանուն ըլլալը արդեօք օտարո՞ւմ թէ արմատախլում կը նշանակէ։ Ի վերջոյ գիւղը ներկայիս գոյութիւն ունի այնպէս ինչպէս կարծես բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած, կանգնած՝ որպէս անհասանելի վայր, նոյնիսկ զերծ սեփական անունէն։
Գրականութեան ճամբով ընկերութեան յիշողութեան մէջ խորապէս արմատացած թեմաներու ուսումնասիրութիւնը արժէքաւոր կը գտնեմ: Արեւմտեան ժամանակակից գրականութեան մէջ, յատկապէս յետարդիականութենէ ետք, յաճախ կը հանդիպինք գործերու, որոնք վերստին կ՚երեւակայեն պատմութիւնը նոր պատումներու ընդմէջէն։ «Ունուֆաք»-ը այս մեթոտը կ՚օգտագործէ ցոյց տալու համար հայութեան մասնատուած անցեալը՝ մասնատուած պատումներու միջոցով։ Ռոպեր Քոփթաշի օգտագործած գրելու թեքնիքը համարձակ եւ գնահատելի է։ Ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ արդեօք ան իր ապագայի գործերուն մէջ առաջնահերթութիւն պիտի տա՞յ պատմողականութեան կամ պատմողական թեքնիքին եւ եթէ այս իր առաջին վէպին ոճը պիտի մնայ որպէս փորձագրութիւն կամ աւելի պիտի զարգանայ իր գրողի ասպարէզի ընթացքին։
(Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի)