Պոլսահայ կնոջմէ ակնկալուածը անուանակոչութեան տօներուն ճաշասեղան պատրաստել, ազգականներ հիւրընկալել, լաւ ուտելիք եփել, մեծ ընտանիքը համախմբել, տունը մաքուր ու կոկիկ պահել եւ միշտ խնամուած ու վայելուչ ըլլալն է։ Այլ խօսքով, պոլսահայ կինը պէտք է կատարելութենէ վեր անձ մը ըլլայ։
ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ
Նախորդ յօդուածիս մէջ խօսեցայ պոլսահայու պատմական մենաշնորհներուն մասին։ Այս անգամ պիտի անդրադառնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Պոլսոյ մէջ հայ կին ըլլալը։
Հայրս միշտ կը գանգատէր մօրս հիւրասէր չըլլալուն եւ, հակառակ իր հայրական տան, մեր տան հիւրերով, ազգականներով չվխտալուն եւ ճաշասեղանին շուրջ ահագին մարդ չնստելուն մասին։ Ան այս կը վերագրէր մօրս աշխատող կին ըլլալուն եւ բնաւ չէր զլանար իր այս դժգոհանքը ամէն առիթի արտայայտելէ։ Հիմա որ կը մտածեմ ասոր մասին, կը նկատեմ, որ մայրս, ի տարբերութիւն իմ ճանչցած բազմաթիւ հայ կիներու, չէր սիրեր մեծ սեղան սարքել ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ բարեկամներուն հրաւիրել յատուկ առիթներու, ինչպէս՝ անուանակոչութեան կամ այլ տօնական օրերու։ Դրացիներուն սուրճ խմելու չէր այցելեր (բացի այն մէկ-երկու անգամէն՝ նախքան հոգին աւանդելը) ու թղթախաղ չէր խաղար։ Ընկերներուն հետ այցելութիւնը կը սահմանափակէր տարին մէկ կամ երկու անգամի։ Այլ խօսքով, հօրս պոլսահայ ընտանիքի մը ակնկալութիւնները բնաւ չէր ամբողջացներ, իսկ այդ մէկը զինք չէր անհանգստացներ։
Սուրբծննդեան ու զատկուան տօներուն, ճաշացանկէն կը ստանձնէր իր գիտցածները եւ մնացածը իր տալերուն կը վստահէր։ Մայրս իր մօր նման էր։ Իր մայրը Կարինէն էր (էրզրում) եւ այն ժամանակահատուածին, որուն ականատես եղայ, մօրենական ազգականներս գոյութենական պայքար մը կը մղէին։ Հակառակ պոլսահայերուն, անոնք ապրած էին մէկէ աւելի աղէտներ՝ դիմագրաւելով հիւանդութիւններ, չքաւորութիւն, առանձնութիւն եւ անճարութիւն։ Մայրս ի վիճակի չէր այլոց հիւրասիրութեամբ զբաղելու։ Ան հազիւ թէ կարողացած է իր ընտանեկան մօտիկ պարագաներուն հոգատարութեամբ զբաղիլ՝ անոնց համար ընելով ինչ որ կու գար իր ձեռքէն։ Մանկութեանս ընկերներէս մին ըսած է, որ զինք տպաւորած էր մօրս համակարգուած աշխատելաոճը՝ կիրակի օրերուն ամբողջ շաբթուան ուտելիքը պատրաստելը։ Ընկերոջս մայրը օրական դրութեամբ ճաշ կը պատրաստէր, իսկ ընկերս կը զմայլէր մօրս ամէն բան նախապէս ծրագրած ըլլալուն կարողութեան վրայ։ Շատ լաւ կը յիշեմ, որ մանկութեանս անախորժ էր այս շաբաթական ճաշ պատրաստելու սովորութիւնը։ Բայց ընկերս իրաւունք ունէր, որպէս աշխատող կին՝ մայրս այլընտրանք չունէր։ Ատկէ բացի, մեզ կերակրելէ ետք, մայրս իր ժամանակը կ՚անցընէր ընթերցելով, հայկական բոլոր հրատարակութիւններուն հետեւելով եւ երբեմն թարգմանելով։ Այնուամենայնիւ, ասոնք իրմէ ակնկալուած կատարողութիւններ չէին։
Պոլսահայ կնոջմէ ակնկալուածը անուանակոչութեան տօներուն ճաշասեղան պատրաստել, ազգականներ հիւրընկալել, լաւ ուտելիք եփել, մեծ ընտանիքը համախմբել, տունը մաքուր ու կոկիկ պահել եւ միշտ խնամուած ու վայելուչ ըլլալն է։ Այլ խօսքով, պոլսահայ կինը պէտք է կատարելութենէ վեր անձ մը ըլլայ։ Հիմա որ կը մտածեմ ասոնց մասին, կը տեսնեմ, որ այս ակնկալութիւններէն քանի մը հատը ազդած է ինծի,--հօրքուրներս զիս յուսահատաբար սորվեցուցած են ճաշ եփել, մանաւա՛նդ այն ճաշերը, որոնք մայրս չէր գիտեր պատրաստել՝ նպատակ ունենալով զիս վերածելու պոլսահայ կնոջ մը, որ թէ՛ տանտիրուհի էր, թէ՛ աշխատող կին, բան մը, որ մայրս չէր կրցած կատարելագործել։ Վստահաբար դուք չէք մտածեր այս ակնկալութիւններուն վատ բան մը ըլլալուն մասին, բայց յստակ է, որ կատարելագործութեան չափանիշը միշտ բարձրացումի մէջ եղած է, այլ խօսքով, ցուցանիշը անընդհատ կը բարձրանայ։
Եթէ մետաղադրամ մէկ երեսը տան մէջ կատարողութիւնն է, միւս երեսը համայնքին մէջ աշխատունակ, կանանց խումբերու մէջ աշխատող եւ պարտականութիւններ վերցնող ըլլալն է։ Նման տարածքներու մէջ գոյութիւն ունենալու անգիր նախապայմանը վերոնշեալ ակնկալութիւնները ամբողջացնելն է։ Այլ խօսքով, տան առնչուած բոլոր նախապայմանները պէտք է ամբողջանայ, իսկ տունէն դուրսի բոլոր ակնկալութիւնները պէտք է իրականայ։ Եթէ տան մը կատարողութեան պայմանները չես ամբողջացներ, մի մտածեր անգամ վերոնշեալ խումբերուն մաս կազմել։ Ուստի, կարելի է ըսել, որ «պոլսահայ կին»-ը իւրայատուկ կատարողական կուռքի ստեղծման ծրագիր մըն է։ ՊԷտք չունի մտածելու ինքնիր կամ իր ապրած պայմաններուն մասին, պէտք չունի թերթ, գիրք, հայերէն, թրքերէն կամ այլ լեզուով կարդալու, իրմէ չ՚ակնկալուիր որեւէ մտաւորական աշխատանք։ Այնուամենայնիւ, անոնք կ՚ամբողջացնեն անվերապահ ենթադրութիւններու նախապայմանները, որոնք կը հաստատեն, թէ զանազան մտաւոր եւ հասարակական գործունէութիւններ կ՚անցնին ստամոքսէն, իսկ այս զանազան գործունէութիւններուն մէջ ուժեղ, հմուտ եւ գործունեայ է կինը…
Ի՞նչ վատ բան կայ այս բոլորին մէջ։ Ոչինչ՝ բացի այն, որ այս բոլորը անհասանելի բաներ են։ Կիներուն դիմաց անընդհատ կը դրուին կատարելագործութեան անհասանելի չափանիշներ եւ այս պատճառով անոնք մշտապէս կ՚ենթարկուին անուղղակի բռնութեան. բայց քանի որ անոնք այս բոլորը ներընդունած են՝ չեն իսկ անդրադառնար եւ կը շարունակեն աշխատիլ մեքենայաբար, ժամացոյցի պէս, առանց նկատելու,-- ո՛չ մէկ վատ բան, իսկապէս։ Անոնք բաւականաչափ անհանգիստ կը զգան երբ առանձինն մնան եւ աւելի շատ ուրիշներու համար կ՚ապրին քան իրենք իրենց. նոյնիսկ ամէնէն պարզ հարցումը չեն կրնար պատասխանել, թէ՝ «ի՞նչ կը սիրես ընել, ի՞նչ կ՚ուզես ընել». ի՞նչ վատ բան կրնայ ըլլալ ասոր մէջ։ Ո՛չ մէկ, Մանաւանդ այն կիներու համար, որոնք կու գան 1915-ի աղէտը վերապրած ընտանիքներէ եւ որոնք իրենց ամբողջ ընտանիքներուն հոգեխոցը կը կրեն իրենց մէջ՝ փորձելով գոյատեւել Պոլսոյ մէջ՝ մինչ անընդհատ կը նսեմացուին, եւ որոնք բոլոր մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն առանց իսկ գիտակից ըլլաու ատոր,-- ի՞նչ վատ բան կրնայ ըլլայ որ…։
Թարգմանեց Արազ Գոճայեան