Մինչ 19 յունուարը կը մօտենայ, «Գոյներով շնչել» ծրագիրի մասնակցած երեխաները Սեպաթ շէնքին մէջ իրենց անցուցած աշխատանոցով պիտի յիշեն Սարգիսին ստեղծագործութիւնները, որոնք հանդիսատեսին խոր իմաստ կը փոխանցեն, նոյնիսկ տարիներ անց։ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ը իր դռները բացած էր 2019 թուականին, Ակօսի նախկին խմբագրատան տեղ, Սեպաթ շէնքին մէջ։ Յիշողութիւնն ու կառոյցին խորհրդանշական յատկանիշը ի միտի ունենալով դասաւորուած ներսը այցելուներուն իւրայատուկ յուզական եւ փորձառական ճանապարհորդութեամբ մը կը պարուրէ՝ իր նիւթերուն իրապաշտական հիւսուածքով։
ԼՈՒՍԻ ԹԷՔ
Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին, «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ին մէջ մասնակցեցայ մանուկներու «Գոյներով շնչել» վերնագրով աշխատանոցին արուեստագէտ Նեսլիհան Գոյունճու Պալիի ղեկավարութեամբ։ Այս աշխատանոցը, որուն մասնակցութիւնս բերի գաղափարներ շահելու՝ որպէս երեխաներու հետ աշխատելու պատրաստուող մանկավարժ, առաջին անգամ կազմակերպուած էր Ապրիլ 20-ին, նոյն վայրին մէջ, «Յիշողութեան եւ այլընտրանքային ապագայի մը կերտման համար՝ միացէ՛ք մեզի 23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրին մէջ» խորագրով ձեռնարկներու շարքին ծիրին մէջ։
Վայրի ծանօթացումէ ետք, աշխատանոցը ընթացք առաւ անուանի արուեստագէտ՝ Սարգիսի գործերուն քննարկումով։ Ապա, մասնակիցները առիթ ունեցան իրենց մատնահետքերը դրոշմելու հոն կանգնած Սարգիսի երկրորդ մնայուն արուեստի գործին վրայ՝ «Ծիրանի գօտիի գոյներով անձրեւի կանչը երեխաներուն» խորագրով։
Նման ձեռնարկներ մանուկներուն տարբեր հնարաւորութիւններ կը պարգեւեն, ինչպէս՝ արուեստի հետ հանդիպելու, անցեալին հետ կապ հաստատելու, ընկերային արթնութիւն զարգացնելու, զգացումներու արտայայտման հմտութիւններ մշակելու եւ ընկերային կարողութիւնները ամրապնդելու։ Աւելին, անոնք կը նպաստեն անձին ստեղծագործական, կարեկցական եւ գիտակցական ոգիի կերտման։ Մինչ 19 յունուարը կը մօտենայ, «Գոյներով շնչել» ծրագիրի մասնակցած երեխաները Սեպաթ շէնքին մէջ իրենց անցուցած աշխատանոցով պիտի յիշեն Սարգիսին ստեղծագործութիւնները, որոնք հանդիսատեսին խոր իմաստ կը փոխանցեն, նոյնիսկ տարիներ անց։
«23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ը իր դռները բացած էր 2019 թուականին, Ակօսի նախկին խմբագրատան տեղ, Սեպաթ շէնքին մէջ։ Յիշողութիւնն ու կառոյցին խորհրդանշական յատկանիշը ի միտի ունենալով դասաւորուած ներսը այցելուներուն իւրայատուկ յուզական եւ փորձառական ճանապարհորդութեամբ մը կը պարուրէ՝ իր նիւթերուն իրապաշտական հիւսուածքով։ Իւրաքանչիւր այցելութեանս զիս ամէնէն շատ յուզողը Հրանդ Տինքի գրասենեակն ու անոր ետեւի պատշգամն է, որ կը պարունակէ «Աղ եւ լոյս» գործը։
Այդ վայրին մէջ Սարգիսին առաջին մշտապէս ցուցադրուող ստեղծագործութիւնը՝ «Աղ եւ լոյս»-ը, մատրան մը մթնոլորտը ստեղծելու պատկերացումով գործուած է։ Մէկ կողմէն կարմիր, իսկ միւս կողմէն կապոյտ ապակիներով ծածկուած լայն պատուհաններով շրջապատուած պատշգամին մէջ կը գտնուի աղով լեցուած մոմաման մը եւ անոր վերեւ զետեղուած «T» ձեւով լուսաւորում մը, որ մերթ կ՚աղօտի եւ մերթ կը փայլի։ Սարգիս այս գործը մէջտեղ բերած է լոյսէն եւ «ցաւերէն ադամանդ ստեղծելու» փիլիսոփայութենէն ներշնչուելով։ Գործը նաեւ կը ներկայացնէ Քամփ Արմէնն ու անոր երեխաները։ Աշխատասենեակին կից գտնուող «Ատլանտիսի քաղաքակրթութեան սենեակ» անունով տարածքին մէջ կը գտնէք Քամփ Արմէնի պատմութիւնը։
Աշխատանոցին ընթացքին, փոքրիկները ծիածանի եօթը գոյները օգտագործելով իրենց մատներուն հետքերը ձգեցին կլոր եզերքով հայելիի մը վրայ, որ զետեղուած էր բազմանպատակ սրահին մը՝ շէնքին պատուհաններուն հետ ներդաշնակելով։ Այս վարժութիւնը հաճելի էր թէ՛ մանուկներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն։ Ծիածանը յատկապէս ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ խորհրդանիշ յուսադրիչ ապագայի եւ խաղաղութեան։
Երեխաները, հաւաքելով արուեստի գործի մը շուրջ, լոկ դիտողէ արուեստի գործին հետ յարաբերութեան մէջ եղող -- նոյնիսկ ստեղծագործող, -- անհատներ դարձնելը, աշխատանոցներուն իրենց տրամադրած փորձառութիւններէն մէկն էր։ Այս «շփումը» եւ «ստեղծագործութիւնը» կրնայ մատներով ներկելու պարզ վարժութիւն մը թուիլ։ Բայց եւ այնպէս, մատնահետքերը անկրկնելի են, -- հայելիին վրայ դրոշմուած տարբեր գոյներով իւրաքանչիւր հետք իր մէջ կը կրէ երեխաներուն յոյսի պատգամը ուղղուած ապագային՝ ծիածանը որպէս փոխաբերութիւն օգտագործելով։ Ինչպէս «Աղ եւ լոյս»-ը կը ներկայացնէ Քամփ Արմէնի փոքրերը, այնպէս ալ այսօրուան երեխաները եւս տարբեր գոյներով իրենց հետքերը ձգեցին ապագային վրայ։
Այս աշխատանոցը ներշնչուած էր արուեստագէտին «Ռեսբիրո» (շունչ) գործէն, որ 2015 թուականին ցուցադրուած էր Վենետիկի Պիենալէի մէջ Պիենալէէն ետք, «Ռեսբիրո»-ն «ԱՌԹԸՐ»-ին եւ «Տիրիմարթ»-ին մէջ ալ ցուցադրուեցաւ։ Սարգիս իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՚օգտագործէ լոյս, գոյն եւ ձայն տարրերը՝ կեդրոնանալու համար ժամանակի, տարածքի եւ յիշողութեան գաղափարներուն վրայ՝ ։ «Ռեսբիրո»-ի նեոն լոյսերն ու մատնահետքերը մեզի կը տանին ժամանակի սկիզբը, լոյսի բեկման առաջին պահը, քաջալերելով փոխակերպութիւնը, ստեղծագործութիւնը, շնչառութիւնն ու զգացողութիւնը։
Աշխատանոցին սկիզբը իւրաքանչիւր երեխայ գոյն մը ընտրեց եւ հայելիին վրայ դրոշմեց. շատեր աւելի ուշ փոխեցին գոյնի իրենց ընտրութիւնը։ Թէեւ նախապէս անոնք չէին հանդիպած իրարու, երեխաները միասին քաղցրաբար աշխատեցան, իրար օգնելով եւ իրարու սահմանները յարգելով։ Այս աշխատանոցը՝ տարբեր խաւերու պատկանող 11-13 տարեկան եօթը երեխաներուն հետ կայացած, ինծի դիտել տուաւ, որ մարդիկ իրարու հետ կրնան աշխատիլ եւ ստեղծագործել համերաշխութեամբ։
Աշխատանոցներու եւ ձեռնարկներու կողքին, «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ին մէջ տեղի կ՚ունենան Հրանդ Տինքի ահաբեկման տարելիցը յիշատակող եւ Տինքի ժամանակին պատմական համածիրը վերանայող «Ճշմարտութեան համար խօսակցութիւններ» վերնագրով լսարաններու շարք մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ յունուար 18։ Այս մասին կրնաք տեղեկանալ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ին ընկերային ցանցերու վրայէն։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան