«Յանկարծ» անկախ թատերախումբի երեք շրջաններու վրայ տարածուած եւ Պոլսոյ տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուած Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» մրցանակակիր փիեսը, Թ. Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի բեմադրութեամբ, խորապէս ներթափանցեց հանդիսատեսներուն սրտերը։ Թատերախումբին Հայաստան շրջագայումէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտքը մէջտեղ եկաւ, անդրադառնալով ներկայացման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, ինչպէս՝ պատկանելիութիւն, արմատ, տան բաղձանք եւ ապահովութեան զգացում։
ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Առաջին անգամ տան ո՛ւր ըլլալուն վերաբերեալ Ուիլիըմ Սարոյեանի մտածումները լսեցինք Լուսին Տինքի «Սարոյեանին քաղաքը» ֆիլմի աւարտին, Սարոյեանին իսկ ձայնով։ Սարոյեան իր տունը կը փնտռէր բնութեան, կլիմային, քաղաքի փողոցներուն, հեքիաթներու եւ թէյի շուրջ կատարուած զրոյցի մը մէջ։ Այս փնտռտուքը երբեմն կը հասնէր մինչեւ հողի տակ թաղուածներուն, խօսուած լեզուի հնչեղութեան եւ նոյնիսկ վիշտին եւ ժպիտին։ Թարա Տեմիրճիօղլուի «Ո՞ւր է մեր տունը» վաւերագրական ֆիլմի 8 նոյեմբերին կայացած անդրանիկ ցուցադրութեան ընթացքին մենք դարձեալ լսեցինք այս հարցումը, այս անգամ Տեմիրճիօղլուին ձայնով։ «Յանկարծ» անկախ թատերախումբի երեք շրջաններու վրայ տարածուած եւ Պոլսոյ տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուած Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» մրցանակակիր փիեսը, Թ. Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի բեմադրութեամբ, խորապէս ներթափանցեց հանդիսատեսներուն սրտերը։ Թատերախումբին Հայաստան շրջագայումէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտքը մէջտեղ եկաւ, անդրադառնալով ներկայացման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, ինչպէս՝ պատկանելիութիւն, արմատ, տան բաղձանք եւ ապահովութեան զգացում։
Վաւերագրական ֆիլմը կը սկսի Հայաստանի լեռներով, մարգագետիններով եւ մշակութային կոթողներով՝ դիտողը յուշիկ-յուշիկ հրաւիրելով տուն հասկացութեան մտաբերման ճանապարհորդութեան մը։ «Յանկարծ» թատերախումբի Հայաստանի մէջ հայերէնով ներկայացուցած «Սիրտս լեռներում է» փիեսը, Հայաստանաբնակ հանդիսատեսին հետ կապ մը ստեղծելէն անդին անցնելով, բարեկամութիւն մը մշակեց՝ քուլիսներուն ետեւ թէ՛ բեմին վրայ։ Ան նաեւ առիթ ստեղծեց, որ թատերախումբի անդամները անդրադարձ մը կատարեն իրենց ինքնութեան եւ պատկանելիութեան՝ տարածքի ոսպնեակին ընդմէջէն։ Ֆիլմը կը խորանայ տուն հասկացութեան մէջ, նիւթ մը, որ կեդրոնական տեղ ունեցաւ թատերախումբին Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ Իւրաքանչիւր անդամի մէկ առ մէկ հարցուեցաւ «Ո՞ւր է տունը քեզի համար»։ Ինչպէս կարելի է կռահել, իւրաքանչիւր պատասխան իւրայատուկ, խոր եւ իմաստալից է։ Ամէնէն նշանակալիցը կը մնայ այն, որ անդամները կ՚որոշեն տարբեր արուեստի ոլորտներով արտայայտել իրենց ստեղծագործական գործունէութիւնը։ Իւրաքանչիւր գեղարուեստական ստեղծագործութիւն իր մէջ կը ներառէ մարտահրաւէրներու մէջ շարունակել ձգտիլ գեղեցկութեան՝ զայն այլոց հետ բաժնեկցելով եւ ազդեցութեան տարողութիւնը ընդարձակելով։ Այս ընթացքը տան մը քայլ առ քայլ կառուցման եւ հոգածութեան մէկ տարբերակն է. կենսունակութեան միտումով արարք մը։
«Սիրտս լեռներում է» խաղարկութեամբ, «Յանկարծ» մեզի կը ներկայացնէ Սարոյեանէն 1914 թուականի պատմութիւն մը, ուր բանաստեղծը տունէն հեռու իր տունը կը փնտռէ։ Թատրերգութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս բանաստեղծը, կորսնցուցած ըլլալով իր տունը, լեզուն եւ կինը, կը գերադասէ իր զաւակին հոգին հարստացնելը՝ քան քսակը։ Մտածեցինք՝ «կարելի՞ է արդեօք հայութիւն ու հայկական ինքնութիւն կրող մեծ մօր մը լուռ գոյութիւնը դպչի թոռան երեւակայութեան ու յոյսերուն»։ Տեսանք, որ լեռները պատկերուած էին թէ՛ բառացի եւ թէ փոխաբերական իմաստով՝ ներկայացնելով պատմողին հայրենիքը եւ ծառայելով որպէս մշակութային յիշողութեան աղբիւր։ Սարոյեանի գործին ընդմէջէն, մենք հնարաւորութիւն ունեցանք քննելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընկալել արտաքսումի ու արմատներէդ հեռու ըլլալու ցաւը։ Այս թատերական ներկայացումէն ծնած վաւերագրական ֆիլմը կը շարունակէ անկեղծօրէն ուսումնասիրել արմատներու, տան եւ պատկանելիութեան մտքերը։
Վաւերագրական ֆիլմը դիտելէս քանի մը օր ետք Երեւան այցելեցի։ Հոն անգամ մը եւս դէմ յանդիման գտնուեցայ Երուանդ Քոչարի «Մելամաղձութիւն» հիանալի քանդակին հետ, որ կը ցուցադրուի «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն»-ի (ՆՓԱԿ-ի) մուտքին։ Թանգարանին ցուցասրահին մէջ զետեղուած է կոթողին տարբեր հանգրուանները բացատրող կարճ ֆիլմ մը ու արխիւային փաստաթուղթեր։ Արուեստագէտին կողմէն 1957 թուականին ստեղծագործուած եւ աւելի ուշ՝ 2003 թուականին, աւելի մեծ չափով պրոնզագործուած այս արձանը յաճախ կը մեկնաբանուի իբրեւ մարդկային տառապանքի եւ գոյացական յուսահատութեան խոր յայտնաբերում։ Քանդակը կը ներկայացնէ մասնատուած կերպար մը այր ու կնոջ, որոնք իրարու փաթթուած են ոլորտաձեւ՝ թոյն ու ճնշուածութիւն խորհրդանշելով, սրտին բաժինը դատարկ ըլլալով։ Այս դատարկութեան կեդրոնը լեցուած է բարձրայարկ բնակարային շէնքերով։ Այս հզօր պատկերը, որ կ՚արտացոլայ ինքնութիւն, կորուստ եւ ժամանակակից կեանքէ խզում, մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Քոչարի յառաջատար տեսլականին վրայ։ Այս քանդակին մէջ ներքինին եւ արտաքինին միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները աղօտ են։ Խոշոր մատներով ձեռքը դէպի դուրս կը բացուի՝ այսուհանդերձ սեղմ շարժումներով՝ մկանի ու ոսկորի չգոյութեան պատճառով, ինչ որ սահմանափակումի եւ դիւրաբեկութեան զգացում կը յառաջացնէ։
Ըստ Ուալթըր Բենիամինի, մելամաղձութիւնը յաճախ առնչուած է կիսատութեան կամ աւերակներու հետ,- սա պատմական կորուստի փորձութենէն լիովին ապաքինուելու անկարելիութիւնը արտայայտող ծանր վիճակ մըն է։ Քոչարի քանդակը նաեւ ցոյց կու տայ մարդու անաւարտ կերպը՝ մասնատուած կերպարին վիզերուն շուրջի պարոյրէն ստանալով արգելումի զգացութիւն մը։ Դատարկութիւնը, ուր սիրտը պէտք է ըլլայ եւ որ լեցուած է շէնքերով, մեզ կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս անձնական եւ հասարակական հոգեխոցները, որոնք կը ծնին կորուստներու մէջէն, ա՛լ աւելի կ՚օտարացնեն մեզի մեր մարմինէն՝ մինչ մենք կը փորձենք լեցնել դատարկութիւնը։ Մինչ «Յանկարծ» թատերախումբը Սարոյեանի գործին միջոցով տան փնտռտուքը վաւերագրական ֆիլմ կը վերածուի, Քոչարի քանդակին դատարկութիւնն ու անձեւութիւնը կը համընկնին «Յանկարծ»-ի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմին մէջ տեսնուած տան մասնատուած եւ անկայուն ներկայացման հետ։ Այս ցոյց կու տայ, որ տունը չի կրնար մէկ սահմանումով կամ ամբողջական կերպով եզերիլ։ Մինչ Քոչարի ստեղծագործութիւններուն նման գործերու գեղարուեստական ուժը մեր ձգտած տան պատկերէն մեզ օտարացնող անձեւութեան հետ յարաբերութեան մը մէջ կը դնէ, ան նաեւ մեզ կը հրաւիրէ մտորելու: Լսելով «Յանկարծ»-ի տան խորին փնտռտուքը, որ Սարոյեանի բառերով եւ պատկերներով ձեւաւորուած է երկու տարուան ընթացքին, մեզի կը յիշեցնէ, որ մինակ չենք այս փնտռտուքին մէջ։
Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի